«Մարգարէն» (անգլերէն՝ The Prophet) գիրքը՝ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի (անգլերէն՝ Kahlil Gibran) հեղինակութեամբ՝ կը համարուի համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցներէն մէկը, ուր հեղինակը՝ հանճարեղ եւ ինքնատիպ մօտեցումով, բանաստեղծական դարձուածքներով եւ գեղեցիկ մեկնաբանութիւններով կը քննարկէ ընկերային եւ բարոյական կեանքի, ինչպէս նաեւ հաւատքի ու հոգեւոր արժէքներու բազմազան ու բազմաբնոյթ երեսակները:

Գիրքի Նիւթը

Խմբագրել

Գիրքի հերոսը՝ Մարգարէն է, «ընտրեալ» Ալ Մուսթաֆան, որ պիտի լքէ Օրֆալիս քաղաքը, եւ այս առիթով, զինք հրաժեշտ տալու եկած բազմութեան կը խօսի սիրոյ  եւ ամուսնութեան, զաւակներու, աշխատանքի, ցաւի, ուրախութեան եւ տրտմութեան, առեւտուրի, օրէնքի եւ ազատութեան, բանականութեան եւ ցանկութեան, , ինքնաճանաչման, բարիի եւ չարի, աղօթքի եւ հաճոյքի, գեղեցկութեան, կրօնի, մահուան եւ հրաժեշտի մասին, եւ իւրաքանչիւրի պարագային՝ կը ներկայացնէ ընկերութեան մէջ տարածում գտած երեւոյթները, ապա, պատկերաւոր լեզուով՝ կը խօսի նոր մօտեցումներու եւ կաղապարուած մտածելակերպերէ դուրս դրոյթներու մասին: Գիրքը յեղափոխական ու մարգարէական է այս իմաստով, ու կու գայ կարծրատիպերը կոտրելու, եւ հոգեկան ու բարոյական նո՛ր արժէքներով յատկանշուած ընկերութեան մը ստեղծելու գաղափարներով, հեռո՛ւ ցուցադրական կամ անձնասիրական մօտեցումներէ, ուր մարդ իր ինքնուրոյն անհատականութիւնը պահելով հանդերձ՝ իր անձը, սէրն ու հաւատքը՝ իր ընտանիքին, զաւակներուն, աշակերտներուն եւ հանրութեան հետ կը կիսէ, առանց սակայն անոնց մէջ ամբողջովին ձուլուելու եւ անէանալու:

 

Այս իմաստով, Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի գիրքը իմաստութեան անհրաժեշտ ընթերցում է՝ յոյսի ու յուսալքութեան[1], իմաստի եւ ունայնութեան, սիրոյ եւ ատելութեան, եսասիրութեան եւ անձնազոհութեան, պատրանքի եւ իրականութեան միջեւ տուայտող, կեանքի ու ժամանակի իմաստը որոնող, եւ մարդկային յարաբերութիւններու անձնապաշտ ու եսակեդրոն իրականութիւնը դիմակայող անհատին համար: Հետեւաբար, իր անմիջական ու բնազդային կարիքներէն անդին անցնելու գոյապաշտական եւ համամարդկային մղձաւանջը ապրող ընթերցողին համար՝ ոգեշնչող ու գօտեպնդիչ գիրք մըն է իրապէս, զգայնութիւններու, ոգեղէնութեան եւ միսթիք շղարշի մը ընդմէջէն Մարդու հոգիին, յոյզերուն եւ միտքին հետ հաղորդակցող ու հաղորդուող:

 

Եւ միասնաբար կանգնեցէք, սակայն ո՛չ շատ մօտ իրարու,
Քանզի տաճարի սիւները՝ իրարմէ հեռու կը կանգնին,
Եւ կաղնիի ծառն ու նոճին՝ իրարու շուքին տակ չեն աճիր:

 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Kahlil Gibran - The Prophet»։ Tom Butler-Bowdon (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-17 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • 1973. The Prophet by Kahlil Gibran; Published by Alfred A Knopf, Inc.; A Borzoi (hardcover) Book, ASIN: B004S0ZKJO

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել