Մարզիչ (անգլերէն՝ trainer, train բառէն - մարզել, սորվեցնել, պատրաստել), մարդ, որ մասնագիտօրէն կը զբաղի մառզիկներ մարզելով։ Մարզիչը կ'իրականացնէ ուսումնա-մարզական աշխատանք, որ ուղղուած է մարզելու, սորվեցնելու եւ մասնագիտական վարպետութիւն բարելաւելու, իր մարզիկներու պատրաստուածութեան բարելաւմանը։

Ոտնագնդակ Խմբագրել

Ոտնագնդակի (ֆութպոլի) մարզիչը կը մարզէ ակումբը կամ ազգային հաւաքականը։ Ակումբներուն մէջ մարզիչները կ'ենթարկուին անձամբ ակումբի նախագահին։ Մասնագէտ ոտնագնդակի մարզիչի բաժնին մեջ կը մտնեն, բայց չեն սահմանափակուիր հետեւեալը.

  • Մեկնարկային կազմի հաստատում, ֆութպոլիստներու ընտրութիւն։
  • Մարտաւարութեան ծրագրում։
  • Երիտասարդ ֆութպոլիստներու ձեռք բերում, մարզում։
  • ֆութպոլիստները կը գնեն եւ կը վաճառեն, ներառած վարձակալութիւնը։

Վերը թուարկուածներէն որոշ մասը կարող են իրականացնել ֆութպոլի տնօրէնը կամ մարզական տնօրէնը, կամ մարզիչի օգնականները։

ՈՒԵՖԱ-ն եւ այլ ֆութպոլային կազմակերպութիւններ կրնան սահմանել մարզիչներու որակաւորման տարբեր չափանիշներ։