Մարմնային Լեզու
Մարմնային Լեզու, (Body Language), Ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած հաղորդակցութեան միջոցներու կողքին, մարդոց դէմքի արտայայտութիւնը, շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնին թոնը հաղորդակցութեան ազդու միջոցներ են, առանց որոնց բան մը պակաս կ'ըլլայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ:
Ոչ խօսքային նշանները կամ մարմնային լեզուն, որ ֆիզիքական վարքի, արտայայտութիւններու եւ ընդհանրապէս վարքագիծի գործածութիւնն է, անբառացի (nonverbal) հաղորդակցութեան համար յաճախ կը կատարուի ոչ թէ գիտակցաբար, այլ՝ բնազդաբար:
Բոլոր ոչ խօսքային վարքագիծերը` մարդոց կատարած շարժուձեւերը, կեցուածքը, ձայնի թոնը եւ տեսողական հաղորդակցութեան չափը ուժեղ պատգամներ կ'ուղարկեն:
Անբառացի Հաղորդակցութեան Տեսակները
ԽմբագրելԴէմքի արտայայտութիւններ
Մարդուն դէմքը չափազանց արտայայտիչ է, կրնայ դրսեւորել անթիւ յոյզեր` առանց որեւէ բառ ըսելու: Եւ, ի տարբերութիւն ոչ անբառացի հաղորդակցութեան որոշ ձեւերու, դէմքի արտայայտութիւնները ընդհանուր են: Երջանկութեան, տխրութեան, զայրոյթի, զարմանքի, վախի եւ զզուանքի դէմքի արտայայտութիւնները տարբեր մշակոյթներուն մէջ նոյնն են:
Մարմնի շարժում եւ կեցուածք
Անբառացի հաղորդակցութեան այս տեսակը կը ներառէ մարդոց կեցուածքը, ընթացքը եւ կատարած նուրբ շարժումները, որոնք կ'ազդեն խօսակիցին վրայ եւ մեծ տեղեկութիւն կը հաղորդեն աշխարհին[1]:
Շարժուձեւեր
Շարժուձեւերը հիւսուած են մարդոց առօրեայ կեանքին հիւսուածքին մէջ: Մարդիկ կրնան թափահարել, ցոյց տալ, նշան տալ կամ գործածել իրենց ձեռքերը վիճելու կամ բացատրելու ատեն` յաճախ արտայայտուելով շարժուձեւերով` առանց մտածելու: Այդուհանդերձ, որոշ շարժուձեւերու նշանակութիւնը կրնայ շատ տարբեր ըլլալ զանազան մշակոյթներու մէջ: Թէեւ, օրինակ, ձեռքով կատարուած «օքէյ» նշանը սովորաբար դրական ուղերձ կը հաղորդէ անգլիախօս երկիրներու մէջ, անիկա կը նկատուի վիրաւորական՝ Գերմանիոյ, Ռուսիոյ եւ Պրազիլի մէջ:
Աչքի հաղորդակցութիւն
Քանի որ տեսողական զգայարանը գերիշխող է մարդոց մեծամասնութեան համար, աչքի հաղորդակցութիւնը անբառացի կապի յատկապէս կարեւոր տեսակ է: Ոեւէ մէկուն ուղղուած նայուածքը կրնայ շատ բաներ յայտնել, ներառեալ` հետաքրքրութիւնը, քնքշութիւնը, թշնամանքը կամ գրաւչութիւնը: Աչքի հաղորդակցութիւնը նոյնպէս կարեւոր է զրոյցի հոսքը պահպանելու եւ խօսակիցին հետաքրքրութիւնն ու արձագանգը չափելու համար:
Հպում
Մարդիկ շատ յաճախ կը հաղորդակցին հպումի միջոցով: Տարբեր պատգամներ կրնայ փոխանցել թեթեւ ձեռնուիլը, ջերմ գրկախառնուիլը, թեւը սեղմելը եւ գլուխը շոյելը:
Տարածութիւն
Զրոյցի ընթացքին իւրաքանչիւր անհատ ունի ֆիզիքական տարածքի կարիք, թէեւ այդ կարիքը կը տարբերի` կախեալ մշակոյթէն, իրավիճակէն եւ յարաբերութիւններու մտերմութենէն: Մարդիկ կրնան գործածել ֆիզիքական տարածութիւնը բազմաթիւ տարբեր անբառացի պատգամներ հաղորդելու համար, ներառեալ մտերմութեան եւ սիրոյ, կռուազանութեան կամ գերակայութեան ազդանշանները:
Ձայն
Ասիկա միայն այն չէ, թէ մարդիկ ի՛նչ կ'ըսեն, այլ այն, թէ ինչպէ՛ս կ'ըսեն: Մարդիկ երբ խօսին, իրենց խօսքերը լսելէ բացի այլ մարդիկ «կը կարդան» իրենց ձայները:
Ձայնին թոնը կրնայ ցոյց տալ հեգնանք, զայրոյթ, ջերմութիւն կամ վստահութիւն[2]: