Մարմնի Ջրանուազում

Մարմնի ջրանուազում, Մարմնի բնական պայմաններու մէջ ջուր կորսնցնելու ընթացք:

Մարդկային մարմինը ամէն օր կը կորսնցէ մօտաւորապէս 2,5 լիթր ջուր: Այս կորուստը տեղի կ'ունենայ երկու ձեւերով` նշմարելի եւ աննշմար: Նշմարելի կորուստը տեղի կ'ունենայ մէզի եւ կղկղանքի միջոցով, իսկ աննշմար կորուստը տեղի կ'ունենայ մորթի մակերեսէն քրտինքի արտադրութեամբ, թոքախորշիկներու (alveoli) մակերեսէն` ջուրի շոգիացումով, լորձունքի գեղձերէն` լորձունքի արտադրութեամբ, արցունքաբեր գեղձերէն` արցունքի արտադրութեամբ, դիեցնող-ստնտու (breast feeder) կիներու կրծքագեղձերէն` (mammary glands) կաթի արտադրութեամբ:

Քրտինքը, ջուրի կողքին, կը պարունակէ նաեւ աղ: Հետեւաբար քրտնելով` կը կորսնցնենք երկուքը` աղ եւ ջուր, որոնց քանակը կախեալ է քրտինքի արտադրութեան պատճառներու տարողութենէն:

Ջուրին վերագրուած բոլոր դերակատարութիւնները կ'իրականանան միայն ու միայն հաւասարակշռուած պահելով մարմնի ջուրի քանակը: Այս մէկը կ'ըլլայ, երբ մարմինը նոյնութեամբ կը վերստանայ իր ջուրի կորուստը:

Ջուրին Կարեւորութիւնը

Խմբագրել

Մարդկային մարմինին 72-75%-ը կազմուած է ջուրէ, որ կը գրաւէ մարմինին ներբջիջային (intracellular) եւ արտաբջիջային (extracellular) տարածքները: Ներբջիջային ջուրին քանակը արտաբջիջայինին կրկինն է: Արտաբջիջային ջուրին մեծ մասը կը գտնուի անօթներու (vessels) մէջ, իսկ մնացեալը` անօթներէ դուրս եւ կը շրջապատէ բջիջները. իսկ մաս մըն ալ կը գտնուի լորձունքին, քրտինքին, ուղեղա-ողնածուծի հեղուկին (cerebrospinal fluid), մաղձին (bile), յօդահեղուկին (synovial fluid), աւիշին (lymph) եւ մէզին մէջ: Միջին ծանրութեամբ, 65 քիլոկրամ կշռող անձ մը իր մարմնին մէջ կ'ունենայ մօտաւորապէս 40 լիթր ջուր: Տղամարդոց մարմինը համեմատաբար աւելի ջուր կը պարունակէ, քան` կիներու մարմինը:

Օդէն ետք ջուրը կարեւորագոյն նիւթն է մարդու կեանքի գոյատեւման համար: Մարդ արարածը կրնայ ապրիլ ամիս մը առանց կերակուրի, սննդանիւթի, իսկ առանց ջուրի կրնայ դիմանալ միայն քանի մը օր, առաւելագոյնը` 7 օր[1]:

Մարմինը հիմնականօրէն ջուրի ինքնաղբիւր չունի: Անոր բուն աղբիւրն է մարդու խմած ջուրը եւ սննդեղէններու մէջ գտնուած ջուրն է:

Ուրեմն ջուրը մարմինի եւ մարդու գոյութեան զսպանակն է:

Ջուրը ունի շատ կարեւոր դերակատարութիւն մը` մարդու մարմինի առողջութեան համար:[2] Անիկա կը կանոնաւորէ մարմինին ջերմութիւնը, մարմինին զանազան օրկանները եւ հիւսուածքները կակուղ կը պահէ եւ կը պաշտպանէ զանոնք արտաքին հարուածներէ, արգելք կը հանդիսանայ փորի պնդութեան եւ կը նպաստէ բնական կղկղանցումի (defecation), կը կակուղցնէ, կը նրբացնէ եւ առողջ կը պահէ մորթը, կը նպաստէ մարմինի ընդհանուր նիւթափոխարկումին (metabolism), մարսողութեան եւ սննդանիւթերու ներծծումին (absorption) աղիքներու պատերէն, բջիջներու վերանորոգման եւ անոնց թթուածինով եւ սննդանիւթերով մատակարարման, կ'օգնէ շնչառութեան, կը խոնաւցնէ ներշնչուած օդը, կը կակուղցնէ շնչառական խողովակներու խլնային (mucosal) արտադրութիւնը եւ կ'օժանդակէ անոնց դիւրաւ արտահանման, կը ձերբազատէ երիկամները եւ լեարդը թունաւոր նիւթերէ եւ թափօններէ (waste products), կ'արագացնէ արեան շրջագայութիւնը անօթներուն մէջ, մաս կը կազմէ սաղմնապարկի հեղուկին (amniotic fluid) եւ կը պաշտպանէ սաղմը (fetus) ու կ'օժանդակէ անոր առողջ աճման[3]:

Ջուրին ընթացքը մարդկային մարմինին մէջ

Խմբագրել

Մարդուն խմած եւ սննդեղէններէ գոյացած ու պարունակած ջուրը անցնելով բերանէն կ՚ուղղուի դէպի որկոր, ստամոքս եւ հոնկէ մուտք կը գործէ բարակ աղիքներ, ուր ջուրին մեծ տոկոսը կը ներծծուի աղիքներու ներքին պատերէն եւ կ՚անցնի արեան շրջանառութեան մէջ: Բարակ աղիքներու մէջ չներծծուած ջուրը կը հասնի հաստ աղիք, ուր ջուրին որոշ մէկ տոկոսը կը ներծծուի հաստ աղիքի պատերէն եւ կը մտնէ դարձեալ արեան շրջանառութեան մէջ, իսկ մնացեալ պզտիկ մէկ տոկոսը մարմինէն կ'արտահանուի կղկղանքին հետ:

Ջուրի Կորուստ

Խմբագրել

Հիւանդագին ջուրի կորուստ տեղի կ'ունենայ հետեւեալ պատճառներով` փորհարութիւն, փսխունք, մորթային այրուածքներ, մանաւանդ` երկրորդ եւ երրորդ աստիճանի այրուածքներ, բարձր տենդ (fever), ծանր եւ երկարատեւ ֆիզիքական աշխատանք ու մարզանք, տաք եղանակի եւ միջավայրի ենթակայութիւն:

Հիւանդագին ջուրի կորուստը կը յառաջացնէ մարմնական ջրանուազում (dehydration), որուն տարողութիւնը կախեալ է ջուրի կորուստի քանակէն: Չափահասներու մօտ ան կրնայ պատահիլ երեք լիթր ջուրի կորուստով:

Ջրանուազումին կը նպաստեն նաեւ հետեւեալ ազդակները, օդանաւային ճամբոդութիւն, որովհետեւ օդանաւային ճամբորդութեան ընթացքին մարմինը կը կորսնցնէ բաւականաչափ ջուր, մեծ քանակութեամբ բնասպիտի (protein) եւ բնաթել (fibre) պարունակող սննդանիւթերու առատ սպառում, կարգ մը դեղերու գործածութիւնը, ինչպէս` միզամուղներ (diuretics), հակազարկերակային ճնշումի եւ հակագերզգայնութեան (anti-allergic) դեղեր, կենսանիւթեր (vitamins) եւ corticosteroid-ներ, ինչպէս նաեւ սուրճի, թէյի, ալքոլի եւ շաքար պարունակող զովացուցիչներու շատ գործածութիւն եւ չախտաճանաչուած շաքարախտ:

Ախտանշաններ

Խմբագրել

Ջրանուազումի ախտանշանները կը սկսին, երբ մարմինի ջուրին քանակը կը նուազի եւ յարաբերաբար ջուրի կորուստը աւելի կ'ըլլայ քան ջուրի ամբարումը մարմինին մէջ:

Ջրանուազումի ախտանշանները հետեւեալներն են` ծարաւ, բերնի, լեզուի, շրթունքներու, կոկորդի, քիթի եւ աչքերու չորութիւն, մարմնական ընդհանուր տկարութիւն եւ ցաւ, յոգնածութիւն, ուժասպառութիւն, գլխացաւ, գլխապտոյտ, մորթի չորութիւն եւ մորթի փափուկութեան ու առաձգականութեան կորուստ, յօդացաւ, մարմինի նիւթափոխանակութեան դանդաղում մարսողութեան դանդաղում, աղիքներու դանդաղ պրկումներ, փորի պնդութիւն, դժուար կղկղանցում (defication), մէզի նուազում եւ մութ գունաւորում, զարկերակային ճնշումի (blood pressure) նուազում, արեան նատրիումի (Na, sodium) եւ կալլիումի (K, potassium) նուազում, արագ սրտի զարկ-բաբախում եւ շնչառութիւն, սրտի մկաններու պրկում, արեան թանձրացում, ջղագրգռութիւն, մտային դանդաղանք, կեդրոնացումի դժուարութիւն, շփոթութիւն, խօսելու դժուարութիւն, մթագնութիւն, նուաղում եւ մահաքուն (coma): Այս ախտանշաններու տարողութիւնը կախեալ է ջրանուազումի քանակէն: Իսկ ծայրագոյն պարագային կը պատահի մահ:

Ջրանուազում կը պատահի որեւէ մեծ տարիքի, սակայն, աւելի մանուկներու եւ տարեցներու մօտ: Մանուկներ աւելի փորհարութիւն եւ փսխունք կ'ունենան, իսկ տարեցներու մարմինի ջուրի պահեստը նուազած կ'ըլլայ, ծարաւութեան զգացումի տկարացումով, բնականէն պակաս ջուր խմելով եւ շաքարախտ ունենալով: Տարեցներ եւ մանուկներ շուտով կ'ազդուին ջուրի կորուստէն: Մանուկներ ջրանուազումով մարմինի ջերմաստիճանի բարձրացում կ'ունենան շատ արագ, որ պատճառ կը դառնայ ուղեղային դանդաղումի:

Ախտաճանաչում

Խմբագրել

Ջրանուազումի ախտաճանաչումը կը կատարուի` տեսնելով հիւանդին ընդհանուր առողջական վիճակը եւ անոր ունեցած ախտանշանները: Կը կատարուին արեան եւ մէզի քննութիւններ գիտնալու համար մարմնի նատրիումի եւ կալլիումի քանակը եւ երիկամներու իրավիճակը:

Թեթեւ ջրանուազումը կը դարմանուի` առատ ջուր եւ պտղահեղուկ խմելով, աղի կերակուր ուտելով եւ հանգիստ ընելով: Յառաջացած ջրանուազումի պարագային, հիւանդը պէտք է փոխադրուի հիւանդանոց, ուր ներերակային աղի հեղուկներ կը ներարկուին:

Ջրանուազումը դարմանուելու է շատ արագ, ապա թէ ոչ բարդութիւնները կը սկսին շուտով: Բարդութիւններէն կարելի է յիշել` երիկամներու աշխատանքի դանդաղում, երիկամներու բորբոքում, միզապարկի (urinary bladder) եւ երիկամներու քարերու կազմութիւն, փլանք (shock), շնչահեղձութիւն եւ մահ:

Թելադրելի է ընդհանրապէս շատ ջուր խմել, նուազագոյնը` օրական 2 լիթր: Առատ ջուր խմելը ոչ միայն արգելք կը հանդիսանայ ջրանուազումին, այլ նաեւ կը նպաստէ` մեր մարմնի ընդհանուր առողջութեան, մտքի արթնութեան, մորթի առողջութեան, վայելչութեան եւ գեղեցկութեան, հաստ աղիքի եւ սրտի բնական պրկումներուն, սրտի բնական զարկերուն, երիկամներու գործելակերպին, ինչպէս նաեւ` գէր անձերու նիհարնալուն, որովհետեւ առատ խմելով կը նուազի ուտելու ախորժակը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել