Մարսի Խաբէութիւնը

Մարսի խաբէութիւն (անգլերէն՝ Mars hoax), Ելեկտրոնային նամակով տարածուած 2003 թուականի խաբէութիւն։ Նամակը կը պնդէր, որ 27 Օգոստոս 2003-ին Մարսը անզէն աչքով աւելի մեծ կ՛երեւի, քան Լուսինը։ Հետագային 2005 թուականէն մինչեւ 2016 թուականը, այս խաբէութիւնը բազմացած եւ տարածուած է տարբեր միջոցներով, հիմնականօրէն ընկերային ցանցերով։ Հիմքին մէջ ինկած է նախնական հաղորդագրութեան սխալ եւ չափազանցուած ընկալում, ուր կ՛ըսուէր, որ 2003 թուականին Մարսի եւ Լուսնի միջեւ հեռաւորութիւնը կազմելու է 55.758.006 քմ., որ Ք.Ա. 24 Սեպտեմբեր 55617-էն սկսեալ ամենափոքր հեռաւորութիւնն է։ Ք.Ա. 55617 թուականին երկու երկնային մարմիններու միջեւ տարածութիւնը եղած է 55.718.000 քմ։

Լուսինն ու Մարսը 27 Օգոստոս 2005-ին․։ Դիւրին կը նկատուի , որ Մարսը Լուսնի նման մեծ չէ։

Նախապատմութիւն Խմբագրել

Մարսի եւ Լուսնի ձուածրաձեւ ուղեծրերը Արեգակի շուրջը կը գտնուին գրեթէ նոյն հարթութեան վրայ։ Երկու մարմիններու միջեւ տարածութիւնը կը փոփոխուի անոնց դիրքին համաձայն։ Ամենամօտը կ՛ըլլան դիմակայութեան ժամանակ, ամենահեռուն, երբ կը գտնուին Արեգակի հակառակ կողմերը։ Տուեալ նուազագոյն եւ առաւելագոյն դիրքերը կապ ունին անոնց ուղեծրերուն գրաւած դիրքով եւ կը դիտուին ամէն 780 օրը մէկ։ 2003 թուականին Մարսը Երկրի հանդէպ ամենամօտիկ դիրքին եղած է սկսած Ք.Ա. 55617 թուականէն։ Մոլորակներու նման մօտենալ հնարաւոր կ՛ըլլայ դիտել միայն 2287 թուականին կամ աւելի ուշ։ Յաջորդ նման մօտեցումը եղած է 2005 թուականին, որու ժամանակ 2003 թուականի համեմատ հեռաւորութիւնը 25 % աւելին եղած է եւ բնականաբար Մարսն ալ աւելի փոքր երեւցած է։ Աստղային մեծութիւնը կազմած է −2.3, այսինքն մօտ, 60 %-ով աւելի քիչ, քան 2003 թուականին[1]։

Խաբէութեան յառաջացումը Խմբագրել

Մարսի խաբէութիւնը սկսած է 2003 թուականին «Mars Spectacular» վերնագրով Ելեկտրոնային նամակով, որուն կցուած էր Մարսի եւ լիալուսինի նկարը[2]։ Թէեւ նամակին մէջ գրուած էր, որ «75 անգամ մեծցնելէ ետք Մարսը աւելի մեծ կ՛երեւի քան լիալուսինը անզէն աչքով դիտելով» (անգլերէն՝ «At a modest 75-power magnification Mars will look as large as the full moon to the naked eye»)։ Նախադասութիւնը յաճախ քաղուած է կրճատ եւ ստիպած է որոշ ընթերցողներու հասկնալ, թէ «Մարսը կ՛երեւի աւելի մեծ քան լիալուսինը անզէն աչքով դիտելէն ետք», թէեւ ամբողջ նախադասութեան մէջ կը նշուէր 75 անգամ մեծցնելու մասին։

Գիտական տեսակէտէն պարզ է, որ բնական պայմաններուն մէջ երկինքին մէջ միայն կէտ մը երեւցող Մարսը չի կրնար յանկարծ աւելի մեծ երեւիլ, քան Լուսինը։ Եթէ Մարսը այնքան մօտենայ, որ երեւի նշուած չափին, ապա անոր ձգողական ուժը աղէտի կը յանգեցնէ։ Մարսը Լուսինէն մօտ երկու անգամ մեծ տրամաչափ ունի։ Կը նշանակէ նշուած չափով երեւնալու համար ան պէտք է յայտնուի Լուսինէն երկու անգամ հեռու։ Նման հեռաւորութեան վրայ, Լուսինէն ինը անգամ մեծ զանգուած ունեցող Մարսը Երկրի վրայ կ՛ազդէր Լուսինէն երկու անգամ ուժեղ։

Կրկնակի յայտնուիլը Խմբագրել

2003 թուականէն ետք խաբէութիւնը յայտնուած է բազմաթիւ անգամ[2] [3] եւ միշտ գուժած է Երկրի եւ Մարսի աղիտալի մօտեցումը։ Բոլոր դէպքերուն մէջ այս պնդումները սխալ են։ Յաջորդ մօտեցումները կը դիտուին 2018 եւ 2035 թուականներուն[4]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Cohen Howard L. (2005-08-26)։ «Mars Hoax» (անգլերեն)։ Alachua Astronomy Club։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-05-11-ին 
  2. 2,0 2,1 «Mars Close to Earth»։ Urband Legend Reference Pages։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-24-ին 
  3. Cohen Howard L. (2006-08-26)։ «The Mars Hoax Won't Go Away» (անգլերեն)։ Alachua Astronomy Club։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009-04-30-ին 
  4. Meeus Jean (March 2003)։ «When Was Mars Last This Close?» (PDF)։ Planetarian: 12–3 

Արտաքին յղումներ Խմբագրել