Մարք Չէնեան
Մարք Չէնեան Ամերիկահայ գործարար, Դասախօս, Ներդրումներու Խորհրդատու:
Մարք Չէնեան | |
---|---|
Ծնած է | 1942 |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկա |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | Տնտեսագէտ, ելեւմտագէտ |
Աշխատավայր | Ամերիկահայ գործարար, դասախօս, Ներդրումներու Խորհրդատու |
Երեխաներ | Anthony Chenian • Marcus Chenian • Juliette Chenian • Janine Chenian |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԱմերիկահայ գործարար Մարք (Նշան) Չէնեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդ է: Չէչէնեաններու (այսպէս էր մականուն-ազգանունը սկիզբը) ընտանիքին մէջ լոյս աշխարհ կու գայ որդի, որուն Նշան կը կոչեն, որ անգլերէն կը նշանակէ «mark»: Ան ԱՄՆ տեղափոխուելէն յետոյ կը վերափոխէ անունը ու կը կրճատէ մականուն-ազգանունը՝ դառնալով Մարք Չէնեան[1]:
Անոր մայրը եւ հայրը ծնած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ (յաջորդաբար՝ Խարբերդ եւ Կեսարիա)[2] եւ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն փրկուած են գերմանացի եւ ամերիկացի աւետարանիչներու շնորհիւ: Ճակատագիրի բերումով, անոնք հասած են Եգիպտոս, ուր աւելի ուշ անոնք որոշած են ընտանիք կազմել, աչքի առջեւ ունենալով գոյատեւման գաղափարը: Մարք Չէնեանի մայրը հարսանեական հագուստներու ձեւաւորող եղած է, իսկ հայրը՝ ելեկտրականութեան ճարտարագէտ:
Մարք Չէնեան աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բնագիտութեան բաժինը, որմէ ետք ելեւմուտքի եւ տնտեսագիտութեան բաժինները:
Գործունէութիւն
ԽմբագրելՏասնամեակներէ ի վեր, Քալիֆորնիա բնակող Չէնեան ներդրումներու խորհրդատուութիւն կը կատարէ Պեվըրլի Հիլզ գտնուող իր գրասենեակէն։ Ան նաեւ դասախօսութիւններ կու տայ եւ խորհրդաժողովներու կը մասնակցի։
Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայերու ունեցուածքին վերադարձը ապահովելու ջանք կը տանի
Խմբագրել«Եթէ Թուրքիոյ հսկայ ընկերութեանց արխիւները քննենք, յաճախ կարելի է անոնց ծագումը գտնել 20րդ դարուն սկիզբը: Անոնք զերոյէն չեն սկսած: Պայքար կը տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, բայց ես այլ հետաքրքրութիւն ունիմ։ Ես կը փափաքիմ պահանջ ներկայացնել Թուրքիոյ այսօրուան տնտեսական համակարգին. ես հոն շահեր ունիմ, անոնք իւրացուցած են իմ նախնիներուն ագարակները, գործարանները եւ այլն», կը յայտնէ Չէնեան:[3] - Մարք Չէնեան
|
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մարք Չէնեան Կը Խօսի Ցեղասպանութեան Զոհերուն Ունեցուածքին Վերադարձը Ապահովելուն Մասին Archived 2020-02-18 at the Wayback Machine.
- Mark Chenian
- Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգը խօսեր է Թուրքիային պահանջ ներկայացնելու իր մտադրութեան մասին
- Armenians and Armenia in the 21st Century: A Strategy for Long-Term Economic Development