Մաքրուհի Պ. Յակոբեան

Մաքրուհի Պ. Յակոբեան Պոլսոյ մէջ պաշտօնավարած է Տատեան, Պէզճեան, Մէրամէթճեան միջնակարգերուն, Սահակեան, Էսաեան, Մխիթարեան լիսէներուն մէջ։ Միջնակարգի մէջ դասաւանդած է հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, իսկ լիսէներու մէջ փիլիսոփայութիւն, տրամաբանութիւն եւ հոգեբանութիւն։ «Մարմարա» օրաթերթի նախկին փոխխմբագրապետուհի եւ Ս. Փրկիչի պարբերաթերթի խմբագրապետուհի: Բազում շքանշաններու դափնեկիր, պոլսահայ մտաւորական, յայտնի լրագրող, գրագիտուհի:

Մաքրուհի Պ. Յակոբեան
Ծննդավայր Պոլիս
Կարողութիւն փոխխմբագրապետուհի, հայերէն լեզուի ուսուցչուհի
Մասնագիտութիւն մանկավարժ լրագրող, գրագիտուհի
Աշխատավայր մանկավարժ, ուսուցչուհի փոխխմբագրապետուհի

Մաքրուհի Պ. Յակոբեան Պիտի Մեծարուի Պոլսահայ Միութեան Կողմէ

Խմբագրել

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան Մշակութային Յանձնախումբին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Միութեան «Հրանդ Տինք» դասախօսական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ վաստակաւոր ուսուցչուհի՝ Օր. Մաքրուհի Պիւյիւք Յակոբեանի մեծարանքի երեկոն՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, Միութեան անդամներուն եւ հիւրերուն:

Օր. Մաքրուհի եղաւ Տատեան վարժարանի ընտանիքի անդամներէն մին՝ որպէս բազմավաստակ կրթական մշակ: Ան տարիներ շարունակ իր դրօշմը դրաւ մեր մայրենի լեզուին եւ մշակոյթի բնագաւառէն ներս: Նամակին մէջ իրենց ցանկութիւնը կը յայտնուէր որ սոյն օճախը մնայ անսասան որպէսզի իր երդիքին տակ անհամար սերունդներ գան ու հաղորդուին Մեսրոպեան այբուբենով:

  Մաքրուհին բեղմնաւոր նուիրումով անգնահատելի ներդրում ունի «Մարմարա»-ի պատմութեան էջերուն մէջ: Ան «Մարմարա»-ի նախկին խմբագիրներէն կը զատորոշուի իր այն մասնայատկութեամբ, որ ուղիղ քառասուն տարիէ ի վեր, անխափան իր կեանքը նուիրելով հայ տիպ ու տառին, իմ կողքին կանգնած է` որպէս իմ գլխաւոր աջակիցը, իմ յիսուն տարուան խմբագրապետութեան կեանքի գլխաւոր ուղեկիցը: Բայց ինծի համար ան ունի ուրիշ արժէքաւոր յատկութիւն մըն ալ: Իմ մամուլի ու ազգային ծառայութեան մէջ իմ ամէնէն անխարդախ ու վստահելի բարեկամներէն մէկն է ան, իմ իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպանը, իմ առաքելութեան քարոզիչը:
- Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան
 
  Տատեան վարժարանի բարերար ու հիմնադիր՝ Օսմանեան Կայսրութեան վարօդապետ Յովհաննէս Տատեանի, պատմական իր 175 տարիներու ընթացքին նիւթապէս կամ բարոյապէս ծառայող հարիւրաւոր անձերու խնկելի յիշատակին, բոլոր բարերարներուն, տնօրէններուն, ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներուն, աշակերտ-աշակերտուհիներուն եւ Տատեան վարժարանի ի նպաստ ծառայող յանձնախումբերու եւ Միութիւններու անհատներուն, նաեւ բոլոր անոնց որոնք տարիներու ընթացքին անդարձ բաժնուեցան:
- Լոս Անճելըսի Կեդրոնական Սանուց Յանձնախումբի բազմամեայ նախկին ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Ծերունեան
 


Օր. Մաքրուհիի աշակերտուհիներէն՝ Ժպիտ Չիլինկիր Զուռնաճիին նամակը

Խմբագրել
  նամակը, որուն մէջ կ՛անդրադառնար հայերէն լեզուի եզակի ուսուցչուհիին մասին որուն շնորհիւ ինք դարձած էր կրօնքի եւ լեզուի ուսուցչուհի: Ժպիտ Չիլինկիր կ՛որակէր իր ուսուցչուհին որպէս Հայ լեզուի ուղիղ ուսուցման վստահելի աղբիւր՝ որուն օրինակը ցանցառ է Պոլսոյ մէջ։
- Ժպիտ Չիլինկիր Զուռնաճի
 


  Տատեան վարժարանը ոչ միայն ուսում ու կրթութիւն ջամբած է, այլ՝ ընտանիքի սէր, անկեղծ հոգատարութիւն եւ այս բոլորին առընթեր մասնաւորաբար տոհմիկ կրթութիւն, որ մեր լինելութեան ու գոյատեւման նախապայմանն է: Տատեանի մէջ կայ սիրոյ կապ, ըսաւ ան, համերաշխութիւն եւ վստահութիւն, ուր ուսուցիչը կը գործէ զոհաբերութեամբ ու նուիրումով: Ան կրթական հաստատութիւն մըն է ուր իր իւրայատուկ հմայքն ու քաշողականութիւնը ունի: Իր վերջին խօսքով Օր. Պ.Յակոբեան յորդորեց բոլոր հին ու նոր Տատեանցիները որպէսզի ձեռք ձեռքի տան ու տէր կանգնին այս վարժարանին որպէսզի ան մեր քոյր վարժարաններուն հետ ըլլայ թեւանցուկ, շղթայ կազմած ու մեր պայքարին ու մարտնչումներուն ցայտուն խորհրդանիշը դառնայ:
- Մաքրուհի Պ. Յակոբեան
 


Մրցանակներ եւ Շքանշաններ

Խմբագրել

Մաքրուհի Պ. Յակոբեան արժանացած է հետեւեալ մրցանակներուն եւ շքանշաններուն.

  • 1. Պոլսոյ Պատրիարք՝ Շնորհք Գալուստեանի ձեռամբ՝ "Մայրենի Լեզուի մէջ քաջալաւ հայուհի" մրցանակ (1989):
  • 2. Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ "Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ շքանշան" (2010):
  • 3. Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար՝ Սէյրան Օհանեանի ձեռամբ՝ "20-ամեակի Յոբելենական պատուոյ շքանշան եւ վկայական (2012):
  • 4. Հայաստանի Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ՝ "Մովսէս Խորենացի" շքանշան (11 Հոկտ. 2013):
  • 5. Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան Նախագահ՝ Աստղիկ Գէորգեանի ձեռամբ՝ "Հաւատարիմ մասնագիտութեանը" շքանշան (30 Մայիս 2013):
  • 6. Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանոյշ Յակոբեանի ձեռամբ՝ "Ուիլիամ Սարոյեան" շքանշան (1 Սեպտ. 2017):
  • Ունի տակաւին, Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Գրողներու Միութեան կողմէ՝ "Պատուոյ Գիր"եր։

Անդամակցութիւն

Խմբագրել
  • 2001-էն ի վեր անդամ է Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան:
  • 30 Մայիս 2011-էն ի վեր լիիրաւ անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։


Աղբիւրներ

Խմբագրել

Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Վաստակաւոր Ուսուցչուհի՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի 11/02/2019

Մաքրուհի Պ. Յակոբեան Պիտի Մեծարուի Պոլսահայ Միութեան Կողմէ Archived 2019-11-05 at the Wayback Machine.

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ.ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Մաքրուհի Յակոբեանի «Պոլսահայ գաղութի ներկան՝ տագնապներ եւ դժուարութիւններ» նիւթով զեկուցումը