Մելինէ Ենիեորկան

Մելինէ Ենիեորկան Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէ ներս ուսուցչագործած էր՝ ձեռք բերելով նուիրեալ կրթական մշակի համբաւ։ Եղած էր նաեւ նոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհին[1]։

Մելինէ Ենիեորկան
Ծննդավայր Ենիգիւղ
Մահուան վայր Թուրքիա
Մասնագիտութիւն կրթական ասպարէզ
Գործունէութիւն Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի տնօրէնուհի
Ամուսին տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկան
Երեխաներ Լենա Ենիեորկան, Արամ-Լենա Ենիեորկան ամոլ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մելինէ Ենիեորկան ծնած էր Ենիգիւղի մէջ։ Նախակրթարանի տարիներուն յաճախած էր Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը։ Աւելի վերջ աւարտած էր Էսաեան վարժարանը, որու որպէս հպարտ սանը մնացած էր կեանքի մինչեւ վերջը։ Ուսումը աւարտելէ վերջ նուիրուած էր կրթական ասպարէզի։ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանէ ներս ուսուցչագործած էր՝ ձեռք բերելով նուիրեալ կրթական մշակի համբաւ[1]։ Եղած էր նաեւ նոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհին։ Իր կուտակած փորձառութեամբ մաս կազմած էր նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան, ուր եւս անսակարկ ձեւով բերած էր իր նպաստը։

Ան ամուսնացած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի նախկին բժշկապետներէն եւ նախկին հոգաբարձուներէն տքթ. Մարտիրոս Ենիեորկանին հետ[1]:

Գործունէութիւնը Պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքէն ներս Խմբագրել

Կրթական կեանքէ ներս իր ունեցած յանձնառութիւններուն առընթեր՝ Մելինէ Ենիեորկեան տասնամեակներ շարունակ վառ ներկայութիւն ունեցած էր պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքէն ներս։ Գեղարուեստական ձեռնարկներու նկատմամբ միշտ ցուցաբերած էր վառ հետաքրքրութիւն։ Դեր ստանձնած էր երբեմնի «Շան» թատերասրահէն ներս բեմադրուած «Լէպլէպիճի»ի ներկայացման մէջ։

Երկար տարիներ մաս կազմած էր նաեւ Պատրիարքական Աթոռի տիկնանց կազմին:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

ՈՉ ԵՒՍ Է ՄԵԼԻՆԷ ԵՆԻԵՈՐԿԱՆ