Մեղուները թեւերով միջատներ են. բացի բեղմնափոշի փոխադրելէն` անոնք նաեւ ծանօթ են իրենց մեղրի արտադրութեամբ: Մեղուները ունին եօթը տարբեր ընտանիքներու դասակարգեր, որոնց մէջ կան մօտ 16.000-էն աւելի տեսակներ ամբողջ աշխարհին մէջ:

Նեկտարը եւ բեղմնափոշին մեղուներու համար ներուժի հիմնական աղբիւրներն են: Բեղմնափոշին յատկապէս մեղուներուն համար սպիտակուցի եւ այլ սննդանիւթերու հիմնական աղբիւրն է:

Անոնց թրթուրներուն համար բեղմնափոշիի մեծ մասը սնուցման աղբիւր կ'ապահովէ:

Միջատներու գիշատիչները, ինչպիսիք են գայլամեղուները (beewolf) եւ վիշապաճանճերը (dragonfly), ինչպէս նաեւ` կարգ մը թռչուններ,  կ'որսան մեղուները:

Մեղուներու կարճաժամկէտ յիշողութիւնը բաւական տկար է` հակառակ անոնց զարմանալի ունակութիւններուն[1]:

Մեղրը բնական ուտելիք մըն է, զոր կ'արտադրեն մեղուները ծաղիկներուն վրայէն հաւաքած նեկտարով[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել