Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Պետրոսեան
Տ. ՄԵսրոպ Ա.Քհնյ.Պետրոսեան (1946|1946]]), Աւազանի անունով Վարուժամ, որդի Պետրոսի եւ Աղաւնիի, ծնած է Գամիշլի, 1946|1946]]-ին։
Մեսրոպ Ա. Քհնյ. Պետրոսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1946 |
Ծննդավայր | Գամիշլի |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախակրթուլթիւնը ստացած է Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ վարժարանէն, զոր աւարտելէ ետք 1958-ին, տարի մըն ալ հետեւած է միջնակարգի դասերուն, բայց ենտանիքի նիւթական դժուարութեան պատճառով չէ կրցած ուսումը շարունակել։ ԱՅսուհանդերձ, ուսման հանդէպ ունեցած սէրը զինք մղած է եկեղեցական կրթութիւն ստանալու դպրեվանքի մէջ։
1959-ին մուտք գործած է Անթիլիասի դպրեւվանքը եւ ժառանգաւորացի աշակերտ եղած մինչեւ 1962 թուական։ Երեք տարի ետք ուսումը ընդհատելով մտած է կեանքի ազատ ասպարէզ։
Տպարանի աշխատանքները շատ սիրելուն, Անթիլիասի Կաթողիկոսարանի տպարանի մէջ եղած վ պաշտօնեայ։ Քանի մը տարի աշխատելէ ետք, նացած է Պէյրութի Տօնիկեան հրատարակչատունը, ուր իբրեւ գրաշար պաշտօնավարած է մինչեւ 1970-ական թուականները։
Իր կեանքի ընկերը ընտրած է՝ օրդ. Թէրէզ Պշարան, որուն հետ պսակուած է Պէյրութի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 1970-ինյ ձեռամբ Տ. Բաբգէն Քհնյ. Քէնտէրճեանի եւ ունեցած չորս զաւակներ՝ Վարդուհի, Վարդան, սելլա եւ Աւօ։
Քահանայական ձեռնադրուլիւնն ու օծումը տեղի կ՝ ունենան ձեռամբ Լիբանանի Թեմի առաջնորդ՝ Տ. Տաքատ Արք. Ուրֆալեանի, Պէյրութի Ս. Նշան մայր եկեղեցգոյ մէջ, 6 Դեկտեմբեր 1974-ին, վերակոչուելով Տ. Մեսրոպ քհնյ.։
Հուեւոր հովիւ կը նշանակուի Սուրիոյ Ռաս Ուլ Այն գիւղաքաղաքի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ եւ տնօրէն՝ տեղւոյն Ազգ. Վարժարանին։
Ապա կը նշանակուի տէր հայր հոգեւոր հովիւ Հասաքէի։ 1983-ին, վերջնականապէս կը հաստատուի Հասաքէ, հովուական գործին առընթեր վարելով տեղւոյն Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը։
1983-էն ի վեր . կը քահանայագործէ Հասաքէի հայ գաղոթին մէջ, պարբերաբար պատարագելով Ռաս Ուլ Այնի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ։
Իբրեւ ուսուղիչ տնօրէն, մեծ կարեւորութիւն կու տայ դպրոցի կրթական աշխատանքներուն։ Կը հետեւի ուսուցչական դասաւանդութեան։
Իր ու հոգաբարձութեան կազմակերպած ձեռնարկելով ու յարատեւ ջանքերով կարելի կ՝ ըլլայ 1993-ին դպրոցը օժտել նոր ինքնաշարժով մը։
Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք 1985-ին, Ծաղկեայ սեւ փիլոն կրելու իրաւունք՝ 1994-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետէն։ Իսկ Աւագութեան տիտղոս եւ պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կթողիկոսէն, 2000-ին։
Ան կը շարունակէ քահանայագործել Հասաքէի Հայ գաղութին, ետին ձգելով 37 տարիներու ուսուղչութեան վաստակ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Բ, Հալէպ, էջ 316-319։