Մէրամէթճեան Վարժարան

Մէրամէթճեան Վարժարան

Վարժարանը հիմնուած է Զէնոփ Էֆէնտի Մէրամէթճեանի նուիրած հողամասին վրայ, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ Ֆէրիգիւղի վարդանանց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։ Այդ շրջանի Օսմանեան Կայսր Մէհմէտ Րէշատի ֆէրմանով վարժարանի փայտաշէն շէնքին կառուցման որոշումը առնուած: Վարժարանը 1912 թուականին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով, որպէս երկսեռ վարժարան կը սկսի գործել: Իր առաջին հիմնադիրն է Վահան Խիւտավէրտի:

Շէնքը 1952 թուականին հրդեհի վտանք մը կ'անցնէ: Դարյեալ 1952 թուականին վարժարանին կ'աւելնայ միջնակարգի բաժինը: 1970ական տարիներուն բարերարներ Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Սիրվարդ Գարամանուկեաններու օժանդակութեամբ յարկ մը եւս կցուած է շէնքին վրայ, որու միջոցաւ դասարաններու թիւը աւելցած է: