Մժեղներ վանող քիմիական նիւթեր
Մժեղներ վանող քիմիական նիւթեր, քիմիական նիւթերու խառնուրդ մը, որ կը շփոթեցնէ մժեղները` մարդկային մարմինին հետքերը գտնելու իրենց ունեցած կարողութեան մէջ[1]:
Մժեղի խայթոց
ԽմբագրելԲնածխական կազը մարդոց հետքերը ճշդող կարեւոր ազդակ մըն է մժեղներուն համար:
Արիւն ծծող էգ մժեղները մարդոց արտաշնչած բնածխական կազին տարողութիւններուն հետեւելով` կը գտնեն անոնց հետքերը եւ, այդպիսով, կը հասնին անոնց ու կը խայթեն զանոնք: Նշեալ մժեղները կրնան զգալ բնածխական կազին նոյնիսկ ամէնէն փոքր տարողութիւնները:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ նշեալ մժեղները տարեկան մօտաւորապէս կէս միլիառ հոգի կը վարակեն ճահճատենդով ու դեղին տենդով[2], ինչպէս նաեւ` այլ տեսակի վնասակար ժահրերու յառաջացուցած հիւանդութիւններով, որոնց պատճառով տարեկան քանի մը միլիոն հոգի կը մահանայ աշխարհի տարածքին` գլխաւորաբար երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ[3]:
Մժեղներ շփոթեցնող քիմիական նիւթեր
Խմբագրել- Մասնագէտները գտած են այնպիսի՛ քիմիական նիւթեր, որոնք կը կասեցնեն եւ կամ կը շփոթեցնեն բնածխական կազին գոյութիւնը զգալու մժեղներուն ունեցած կարողութիւնը:
- Մասնագէտները իրենց պատրաստած գիշահոտ քիմիական նիւթերը փորձարկած են երեք տեսակի մժեղներու վրայ, որոնք տարբեր տեսակի վնասակար ժահրերով կը վարակեն մարդիկը:
- Քիմիական նիւթերը տարբեր ձեւերով կասեցուցած են բնածխական կազին գոյութիւնը զգալու մժեղներուն ունեցած կարողութիւնը:
- Նիւթերէն մէկը իր կերտուածքով նմանած է բնածխական կազին կերտուածքին, որ կարելի է գործածել միջատներու թակարդներուն պատրաստութեան մէջ:
- Քիմիական այլ նիւթ մը կասեցուցած է բնածխական կազ գտնելու մժեղներուն ունեցած կարողութիւնը` զգայազուրկ դարձնելով զանոնք նշեալ կազին նկատմամբ:
- Ուրիշ մը շփոթեցուցած է մժեղներուն ուղեղը` հսկայ տարողութեամբ բնածխական կազով շրջապատուած ըլլալու խաբկանքը ստեղծելով անոնց մօտ: Այսուհանդերձ, նշեալ վիճակին մէջ եղող մժեղները չեն կրցած ճշդել իրենց ուղղութիւնը եւ, այդպիսով, հեռու մնացած են մարդոցմէ:
- Այս քիմիական նիւթերը մեծ առաւելութիւններ կ'ընձեռեն մժեղներուն` մարդոց հետ շփման մէջ ըլլալը նուազեցնելու կապակցաբար, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն միջատները մարդոցմէ հեռու պահող եւ կամ զանոնք հրապուրող նոր թակարդներու զարգացման:
- Նման քիմիական նիւթեր կրնան ուշագրաւ կերպով կասեցնել մժեղներուն մարդ փնտռելու կարողութիւնը եւ, այդպիսով, կը նպաստեն անոնց պատճառով մարդոց մօտ յառաջացած հիւանդութիւններուն հակակշիռի տակ առնուելուն:
Մժեղներուն համար հրապուրիչ եղող քիմիական նիւթեր
ԽմբագրելՄասնագէտները ըսած են, թէ բնածխական կազը միակ միջոցը չի հանդիսանար մժեղներուն մարդ գտնելու գործընթացին մէջ` նկատի ունենալով, որ անոնք զգայուն են նաեւ մարդոց քրտինքին ու մորթին հոտին: