Միաեղջիւր Ձին, առասպելական արարած մը, որ կը խորհրդանշէ ողջախոհութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հոգեկան մաքրութիւն։ Կը ներկայանայ ճակատին մէկ եղջիւր ունեցող ձիու տեսքով[1]։

Տոմենիքինօ. Կոյսը միաեղջիւրի մը հետ (որմնանկարի հատուած, 1602)
Ռաֆայէլ. Կինը միաեղջիւրի հետ
Այծքաղ օրիքս

Աւանդութիւն

Խմբագրել

Հին Յունաստանի մէջ կը յիշուի ճակատին վրայ եղջիւր մը ունեցող ձիու մը գոյութիւնը, սակայն ո՛չ մէկը զայն տեսած է: Հռոմէացիներուն մօտ շատ լուրջ գիտնական Ծերունի Փիլինին ալ կը նկարագրէ տարօրինակ անասուն մը, որ ունի ձիու մը մարմինը, եղնիկի մը գլուխը, փիղի մը ոտքերը եւ սեւ եղջիւր մը` ճակատին կեդրոնը: Ան ալ բնաւ չէ տեսած այս մոնոքերոսը, որ կ՛ապրի հեռաւոր երկիրներու մէջ:

Միջին դարերուն մարդիկ կը պատմէին, որ միաեղջիւր ձին կը պահուըտի անտառներուն խորերը, կամ` հեռաւոր օտար երկիրներու մէջ: Ճամբորդներ կը հաստատեն, որ զայն տեսած են. ան ունի գեղեցիկ ճերմակ ձիու մը կերպարանքը, այծի մը մօրուսիկը եւ ոլորուած եղջիւր մը` գլխուն վրայ: Կան նոյնիսկ անձեր, որոնք իրենց հետախուզական ճամբորդութիւններէն իրենց հետ բերած են երկար սրածայր եղջիւրներ: Անոնք չեն գիտեր, որ այդ եղջիւրները իսկապէս նարվալ` ծովային անասունին ակռաներն էին, եւ միաեղջիւր ձին միայն իրենց երեւակայութեան մէջ գոյութիւն ունի:

Միջին դարերուն միաեղջիւր ձին լաւ անուն շահած է: Ըստ աւանդութեան, անոր նշանաւոր եղջիւրը ջուրը կը մաքրէ, եւ փոշիի վերածուած` ան թոյնէն կը պահպանէ: Սակայն նախընտրելի է միշտ ուշադիր ըլլալ. միաեղջիւր ձին կրնայ զինք զայրացնող անձերուն մարմինները կայծակով մը խոցել: Անոր մօտենալու համար նախընտրելի է երիտասարդ աղջիկէ մը խնդրել անոր հետ խօսիլ. այդ ժամանակ միաեղջիւր ձին կ'արտօնէ, որ երիտասարդուհին զինք շոյէ, եւ ան հանդարտ եւ քնքուշ կը դառնայ:

Միաեղջիւր Ձիերու Կղզին
Խմբագրել

Ֆիլիփփինի մէջ, Մաքաօ մայրաքաղաքէն մօտաւորապէս 100 քմ հեռու, կը գտնուի Ինֆլէյթըպըլ կղզիին ծովային ընդարձակ խաղավայրը, Սուպիք ծովածոցին մէջ: Այս ծովային խաղավայրին մէջ է, որ կը գտնուի Միաեղջիւր ձիերու կղզին:

Ան իսկական կղզի մը կրնայ համարուիլ, որովհետեւ ան կը տարածուի 3400 քառ. մեթրի վրայ եւ ամբողջովին շրջապատուած է ջուրով: Սահնակներ, կամուրջներ, աշտարակներ եւ օրօրոցներ, միայն այդ առասպելական անասունի կերպարին յատկացուած:

Այս կախարդական վայրը ունի նաեւ գեղեցիկ ծովափ մը, ուր նստարաններու, արեւոցներուն գոյնը, առարկաները, տեսարանները կը յիշեցնեն միաեղջիւր ձիերու աշխարհը [2]

Նարվալը

Խմբագրել

Նարվալը ծովային ստնաւոր անասուն մըն է. ան ճանչցուած է նաեւ ծովու միաեղջիւր անունով. սակայն անոր «եղջիւրը» փաստօրէն ակռայ մըն է, որ կրնայ մինչեւ 3 մեթր երկարութիւն ունենալ եւ կշռել 10 քիլօ:

Նարվալը մաս կը կազմէ ակռաներով օժտուած կէտերու մեծ ընտանիքին,  ինչպէս իր զարմիկը` պելուկան: Չափահաս տարիքին արու նարվալին երկարութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 5 մեթրի, եւ ան կրնայ կշռել մինչեւ 1,5 թոն:

Մարդիկ համոզուած էին, որ անոր երկար ակռան միաեղջիւր ձիու մը եղջիւրն է: Հետաքրքրուողները կազմած են հաւաքածոներ եւ զանոնք ցուցադրած ցուցափեղկերու մէջ` հազուագիւտ արժէքաւոր առարկաներու նման: Վաճառականները զանոնք կը ծախէին կամ կը փոխանակէին շատ սուղ: Կ'ըսուի, թէ նոյնիսկ Անգլիոյ Էլիզապէթ Ա. գնած է մէկ հատ` պալատի մը գինով:

Նարվալի այս ակռաներով մարդիկ կը շինէին նաեւ արժէքաւոր գաւաթներ կամ բաժակներ: Եւ որովհետեւ անոնք կը կարծէին, թէ այս ակռաները միաեղջիւր ձիերու եղջիւրներ էին, անոնք կը հաւատային, որ այս առարկաները իրենց տէրերը թոյնէն պիտի պահպանէին:

ԺԸ. դարու սկիզբն է, որ մարդիկ կ'իմանան նարվալներու գոյութեան մասին եւ կը հասկնան, որ այդ «եղջիւրները» առասպելական միաեղջիւր ձիերուն չէին պատկաներ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել