Միչիօ Եասուտա (28 Ապրիլ 1939(1939-04-28)[1], Թոքիօ, Ճափոն[1] - 5 Հոկտեմբեր 2016(2016-10-05)[1][2], Ֆուտյու, Թոքիօ, Ճափոն) շարժանկարի ձեւաւորող էր, որ աշխատած է հետեւեալ ընկերութիւններուն հետ՝ Toei Animation, A Production, Nippon Animation, Topcraft, եւ Studio Ghibli: Իր գործերը օգտագործուած են բազմաթիւ բեմադրիչներու կողմէ, ինչպէս՝ Իսաօ Թաքահաթա, Հայաօ Միազաքի եւ Մամորու Օշիի: Իր հիսնամեայ ասպարեզին ընթացքին ան աշխատած է կարճ ֆիլմերու, ֆիլմերու, հեռուստաշարներու, տեսահոլովակներու, վաւերագրական ֆիլմերու եւ ծանոցումներու վրայ։ Ան գունագեղութեան ձեւաւորումը ստանցնած էր Միազաքիի Օսքար ստացած Spirited Away ֆիլմին: Ան պաշտօնապէս գործէ կը քաշուի 2008, իր վերջին գործը ըլլալով Ponyo ֆիլմը, սակայն ան նաեւ կ'աշխատի Օսքար մրցանակի պաշտօնակարգուած The Wind Rises ֆիլմին վրայ, որ թողարկուեցաւ 2013-ի Յուլիսին:

Միչիօ Եասուտա
ճափ.՝ 保田道世
Ծնած է 28 Ապրիլ 1939(1939-04-28)[1]
Ծննդավայր Թոքիօ, Ճափոն[1]
Մահացած է 5 Հոկտեմբեր 2016(2016-10-05)[1][2] (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆուտյու, Թոքիօ, Ճափոն
Քաղաքացիութիւն  Ճափոն
 Ճափոնական կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն մանգակ, Շարժապատկերի գծագրիչ, colorist
Աշխատավայր Toei Animation?
Shin-Ei Animation?
Nippon Animation?
Topcraft?
Studio Ghibli?

Վաղ Կեանք

Խմբագրել

Ծնած է Թոքիօ մայրաքաղաքի Նականօ շրջանին մէջ։ Ան մեծցած է քաղաքային շրջանակի մէջ։ Ան իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Հիկաշի-Ֆուշիմի քաղաքին մէջ, որ վերանուանուած է Նիշիթոքիօ 2001-էն ետք: Անոր հայրը համալսարանի դասախօս էր։ Ան ունի անդրանիկ եղբայր մը, անդրանիկ քոյր մը, եւ երեք կրտսեր եղբայրներ: Ան կը նկարագրէ իր պատանեկան կեանքը իբրեւ շատ հաճելի ժամանակաշրջան մը իր կեանքի հատուածէն, երբ ան ազատութիւնը ունէր զատելու իր ուզած ճիւղը, առանց իր ծնողքին ընդմիջման:

Եասուտա ինքնաշխատութեամբ կը սորվի ֆիլմի կերպար գծելու ձեւերը: Երբ ան 14 տարեկան էր՝ ծնողքը կ՛ամուսնալուծուին: 1954-ի Նոյեմբերին հայրը կը հիւանդանայ, եւ, թէպետ ամուսնալուծման, մայրը զինք կը հոգայ՝ մինչեւ մահ 1955-ի Մարտին: 1955-ի Ապրիլին ան կը սկսի յաճախել Tokyo Metropolitan Shakujii High School (東京都立石神井高等学校) ուսումնարանը: Առանց առիթը ունենալու ուսման շարունակութեան, կը սկսի գործ փնտռելու աշխատանքին:

Գործեր

Խմբագրել

Թատերական Թողարկումներ

Խմբագրել

Ghibli Museum

Խմբագրել

Հեռուստաշարներ

Խմբագրել

Եղանակի Տեսահոլովակ

Խմբագրել
  • The Sky Colored Seed (そらいろのたね) (1992)

Երեւոյթ

Խմբագրել
  • This is How "Princess Mononoke" was Born (「もののけ姫」はこうして生まれた)

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել