Միքայէլ Չէլէպի Տիւզ

Միքայէլ Չէլէպի Տիւզ (21 Յունուար 17861819):

Ծնած է 21 Յունուար 1786–ին։ Երբ Գրիգոր Չէլէպի պաշտօնի անցաւ փողերանոցին մէջ, ինքն ալ պատասխաանատու վարիչ եղաւ փողերանոցի ոսկիին։

Միքայէլ հաշուեկշիռը հաւասար չկրցաւ բերել եւ Հալէթէ ու ուրիշներէ եղած պահանջներուն գոհացում տալու համար, մեծ գումարներուն գանձումները յարմարագոյն ժամանակի մը սպասած ատեն, գրէթէ տարի մը կ'անցնի։

«Իր պաշտօնավարութեան երկրորդ տարին է որ հաշիւ կը պահանջուի եւ ահա մէջտեղ կ'ելլէ հաշիւներու անհաւասար վիճակը. այն ատեն Պէզճեան՝ Գրիգոր Չէլէպիի կը վազէ եւ կշռոյն պակասը լեցնել կը խոստանայ, միայն թէ պայմանաւ որ ոսկւոյն վրայ դրուողները հանուին եւ նոյն պաշտօնը իրեն Պէզճեանի յանձնուի» կը գրէ Հ. Մէնէվիշեան, մինչդեռ ստոյգն այն է թէ բարեկամներու թախանձանքին անսալով, Պէզճեան դիմած է կարգադրելու համար հաշիւները, սակայն ուշ էր արդէն։

Արդէն գրեցինք թէ եկեղեցի գտած էին Տիւզեանց ապարանքէն: Այդ եկեղեցւոյն զգեստները եւ պատկերները ամէնքն ալ Հայոց Պատրիարքարան ղրկուած են։

Պէրպէրեանի մէջ կը կարդանք, թէ եթէ փափաքէին հայ ամիրաները եւ հարուստները միաբանելով կարող էին զանոնք փրկել գլխատումէ։

1819–ի Հոկտեմբեր 2–ին Միքայէլ Չէլէպի եւ իր հօրեղբօրորդին Մկրտիչ Չէլէպի կախուեցան Եէնի գիւղի իրենց ծովեզերեայ ապարանքին պատուհանէն։

Ամբողջ հայ Ազգը կ'ողբայ ազնիւ Տիւզեանց մահը: Չենք գիտեր թէ ինչո՞ւ նոյն օրը Գանտիլլի Տավուտեան Անտոնի տան մէջ խնճոյք կը կազմակերպեն Թնկըրեան Յակոբ եւ Յովսէփ, Գըլճեան Գրիգոր եւ Գօլէճեան քահանաներու զաւակները, ուրախանալով Աբբայական ուխտին պաշտպաններուն մահուան առթիւ։

Գլխատուած երեք եղբայրներու եւ Մկրտիչ Չէլէպիի գերեզմանները կը գտնուին Գուրու Չէշմէ, թէեւ արձանագրութիւններ չկան, բայց պատրաստուած են Հ. Ղուկաս Վ. Օղուլուխեանի կողմէ որոնք են.

Գրիգոր Տիւզեան
Մտօք, պերճութեամբ անձին ու բանի
Գերիվերոյ ամենայնի
Բաց անյագուրդ ապերախտէն
Ոյր ամպարիշտ ժամիքն սուր
Եհատ զգեղեցիկ զարեւն նորա
Չկարացեալ հանճարեղ ոգւոյն
Ի հաւան զսիրտ իւր ածել,
Թէ գուցէ բնաւ
Այնբիսի սեաւ սիրտ ապաշնորճ։
Զայս իմաստ աստ ուսաւ եւ ուսոյց։
Ծնեալ ժամի 1774 Յունիս 4
                    Զրաւեալ ի 1819 Հոկտեմբեր 2

Ի հողոյ աստի ունայնութեան
Յոր իջանեն փառք աշխարհի
Դալարասցի
Յորոտալ փողոյ
Գարնանաբեր Յարութեան
Ծաղիկ կայտար անուշահոտ
Հնձեալ դարապարտ
Քաղցր եւ զուարթամիտն յամենայնի
Երից թագաւորաց ցանկալին
Ստութեան բախտին եւ մարդոյ նշան
Տիւզեանն Սերգիս։
Ծնեալ ժամի 1777 Հոկտեմբեր 15
                      Զրաւեալ ի 1819 Հոկտեմբեր 2

Որ ոչ բաւեալ
Դարձուցանել՛ի գլխոյ եղբարցս
Զշանթընկէց ամպրոպացն սպառնալիս,
Առ սէր նոցին
Մատուցի եւ զիմս անմեղ պարանոց
Եւ պարանեացայ ի նոյն մրրիկ
Միքայէլս Տիւզեան.
Յանհաս խորհրդոց երկնից
Հարուածեալ անմեղութիւն,
Հայեաց յայս մահ անպարտական
Տիր ափ ի բերան։
Ծնեալ յամի 1786 Յունուար 21
                      Զրաւեալ 1819 Միքայէլ Չէլէպի Տիիզ

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Մասեաց Աղաւնի» (1857)
  • «Յիշատակարան» (կազմուած Վ. Գ. Զարդարեանի կողմէ)