Մկրտիչ Քհնյ. Մարտոյեան

Տ. Մկրտիչ Քհնյ. Մարտոյեան (1856-1941) ծնած է Նիդիպ, նիգիպցի ծնողքէ, 1856-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ծխական վարժարանը, զորր աւարտելէ ետք, մտած է գործնական կեանքի մէջ ու հետեւած է արհեստի։ Տարիներու աշխատանքի վաստակով ան պատրաստուած է ընտանիքի կազմութեան։

Մկրտիչ Քհնյ. Մարտոյեան
Ծնած է 1856
Ծննդավայր Նիդիպ
Մահացած է 1941 Նոյեմբեր 14
Կրօնք Քրիստոնեայ

Իր քահանայական քառասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը աւարտելէ ետք, հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Հալէպի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ծխական ժողովուրդին։ Իր գործակիցները եղած են Տ. Խորէն վրդ. Թաշճեան, Տ. Պարգեւ քհնյ. Պարտիզպանեան եւ Տ. Խաչատուր քհնյ. Գերմանիկեան։ Ան շրջուն հոգեւոր հովիւ եղած է Ալեքսանտրէթ, Գրըզ Խան եւ այլուր։

1922-1937 տարիներուն քահանայագործած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 1937էն ետք, Ս. Խաչը փոխարինող Ս. Գէւորգ եկեղեցւոյ մէջ։

Ան միջահասակ կազմով, բայց տոկուն նկարագրի տէր հոգեւորական մըն էր։

Թէեւ կրօնական համեստ գիտելիքներով, բայց լաւ վարք ու բարքով զօրաւոր հաւատքի տէր քահանայ ճանչուած էր իր ծխական ժողովուրդին ու գործակից եկեղեցականներուն կողմէ։

Վախճանած է 14 Նոյեմբեր 1941-ին, խոր ծերութեան մէջ։

Մարմինը ամփոփուած է Հալէպի հայոց Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։

Ան իր ետին ձգած է աւելի քան չորս տասնամեակներու քահանայութեան վաստակ եւ յարգուած քահանայի մը համեստ յիշատակը Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 57։:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել