Մոմեր Վառելու Սովորութիւններ

Մոմը վառելու եւ փչելու ծէսին ճշգրիտ ծագումն ու նշանակութիւնը անյայտ է, սակայն կան բազմաթիւ տեսութիւններ:

Յունական Ծագման Պատմութիւն Խմբագրել

Տարեդարձի կարկանդակներու վրայ մոմեր տեղադրելու աւանդոյթը բացատրելու առաջին տեսութիւնը կը վերագրուի վաղ յոյներուն, որոնք իւրաքանչիւր լուսնային ամսուան վեցերորդ օրը մոմեր կը վառէին Աթենա աստուածուհիին ծննդեան օրը խորհրդանշելու համար։ Անոր պտղաբերութեան վերահսկողութեան եւ տարեդարձի կարկանդակներու վրայ մոմեր վառելու ավանդոյթին միջեւ կապը, սակայն, չէ հաստատուած:

Տօնական զարդերու շարքին Սուրբ Ծննդեան մոմը պարտադիր է, որ վառի հաւատացեալներու տուներէն ներս:

Հայերու մօտ՝ Վառող մոմը հայ հաւատացեալներուն համար առաջին հերթին կը խորհրդանշէ Քրիստոսը եւ ապա` քրիստոնէութիւնը. «Ես եմ աշխարհի լոյսը», ըսած է Քրիստոս:

Քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ մոմը կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը, ներողամտութիւնը, ուրախութիւնը եւ անշուշտ` լոյսը:

Ֆրանսայի մէջ սեղանին զետեղուած 3 մոմերը կը խորհրդանշեն Սուրբ Երրորդութիւնը:

Բրիտանիոյ մէջ սեղանին կը զետեղուի դալար ճիւղով զարդարուած կարմիր երկար մոմ մը, որ կը փոխարինէ կոճղը: Մոմը վառելու յատուկ արարողութիւն կայ, իսկ մարելու պարագային տան անդամները կը զգուշանան գէշ պատահարէ մը:

Իրլանտայի մէջ վառած մոմեր կը զետեղուին պատուհաններու եզրին` երեք մոգերուն ճամբան լուսաւորելու համար:

Դանիոյ մէջ երկու մոմ կը վառեն, մէկը կը խորհրդանշէ հայրը, միւսը` մայրը: Առաջինը, որ կը մարի, կը պարզէ, թէ նախ ո՛վ պիտի մահանայ…

Մեր օրերուն տօնական սեղանները զարդարող մոմերը առ հասարակ կ'ըլլան ոսկեգոյն, ճերմակ, բայց մանաւանդ` կարմիր: Ստորեւ կը ներկայացնենք զարդարուած մոմերու հետաքրքրական տարբերակները, որոնցմէ կրնաք ներշնչուիլ եւ, ինչո՞ւ չէ, պատրաստել մէկ քանին[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել