Մորթային հիւանդութիւններ
Մորթային հիւանդութիւններ, մորթը մեզ կը պաշտպանէ արտաքին վնասակար մանրէներէ, թունաւոր հեղուկներէ: Մորթին վրայ կրնան յայտնուիլ խալեր, բշտիկներ, տարբեր գոյնի եւ չափի բիծեր, երբեմն ոչ վտանգաւոր կամ ժամանակաւոր երեւցող: Անոնք ներքին գերզգայնութեան հետեւանք կրնան ըլլալ, բայց երբեմն ալ լուրջ հիւանդութիւններու հետեւանք: Կան զանազան ներքին հիւանդութիւններ, որոնց առաջին ախտանշանները մորթին վրայ կը յայտնուին, ինչպէս` սննդառական խանգարումներ, լեարդի, ջիղերու ծայրամասերու բորբոքում, ինչպէս նաեւ որոշ քաղցկեղներու պարագային:
Մորթն ու տարիքի յառաջացումը
Տարիքի յառաջացման հետ մարմնի անդամները եւ յատկապէս մորթը կը կրեն զանազան փոփոխութիւններ: Երբ մարմնին քոլաժենը եւ էլասթինը չքանան, պատճառ կը դառնան մորթի թուլացման, չորացման եւ կնճիռներու յառաջացման: Տարիքի յառաջացման հետ նաեւ մորթը կը կրէ գոյնի փոփոխութիւններ, եւ ճերմակ, սեւ կամ սրճագոյն արատներ կը յայտնուին անոր վրայ:
Տարիքի յառաջացումը պատճառ կը հանդիսանայ, որ մորթը աստիճանաբար սկսի չորնալ, յատկապէս` ձմրան շրջանին, որուն պատճառով կը յառաջանայ քերւըտուք: Քերելը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին տակ գտնուող մազերակները վնասուին, եւ կապոյտ արատներ յայտնուին: Այս երեւոյթը վտանգաւոր չէ: Քերւըտուքի պարագային եւս օգտագործել յատուկ սերեր, քիմիական նիւթեր չպարունակող օճառներ եւ կրել բամպակէ զգեստներ:
Երբ որոշ տարիքէ մը ետք մորթին վրայ արատներ յայտնուին եւ այդ արատները սկսին մեծնալ կամ գոյն փոխել, անմիջապէս դիմել բժիշկին: Մորթէն աւելի բարձր խալերու յայտնութեան պարագային, որոշ քննութիւններու ենթարկուիլ` բարդ հիւանդութիւններու առաջքը առնելու համար:
Մորթային հիւանդութիւններու զանազան տեսակները
Խմբագրել1.- Մորթապնդութիւն (scleroderma) Մորթապնդութիւնը կը յատկանշուի մորթի մնայուն, ծաւալուն կոշտութեամբ-պնդութեամբ: Մորթը կը վերածուի փայլուն, հաստ եւ կարծր մաշկի` բնականէն աւելի կամ նուազ գունաւորումով: Մորթապնդութիւնը կը պատահի մարմինի մակերեսի որեւէ բաժինին վրայ, մանաւանդ` թեւերուն, ձեռքերուն, ձեռքերու մատներուն ու սրունքներուն վրայ: Անոր ախտապատճառը անյայտ է:
2.- Խրամատային ոտք (trench foot) Ասիկա կը յառաջանայ, երբ ոտքը երկար ժամանակ ենթարկուած կ՛ըլլայ խոնաւութեան եւ շատ պաղ ջուրի կամ օդի: Ոտքի ծայրամասի (peripheral) ջիղերը, անօթները, մկանները եւ մորթը կը վնասուին` յառաջացնելով հետեւեալ ախտանշանները. ոտքի մորթի տժգունութիւն, ոտքի ուռեցք, պաղութիւն, ցաւ եւ անզգայութիւն: Խրամատային ոտքի դարմանումը կը կարօտի անմիջական միջոցառումի` տաքցնելով ոտքը 40-42 աստիճան տաք ջուրով եւ ծածկելով զայն մաքուր վիրակապով: Անմիջական դարմանում չկիրարկուելու պարագային, կը յառաջանան խոցեր եւ ոտքի ամբողջական անզգայութիւն: Խրամատային ոտքը կարելի է կանխարգիլել հետեւեալ զգուշացումներով. հանգստաւէտ կօշիկներու եւ առողջապահական գուլպաներու գործածութիւն, լոգանքէ ետք ոտքերը խոնաւ չպահել, գուլպաները յաճախ փոխել, խոնաւութեան եւ շատ պաղ ջուրի կամ օդի չենթարկուիլ:
3.- Մարմնական ընդհանուր հիւանդութիւններ, որոնք կը յայտնուին մորթային ախտանշաններով
- Գայլախտ (lupus)
Գայլախտի մորթային ախտանշան է` մակերեսային տափակ կամ բարձրացած կարմրագոյն մորթացանը (rash):
- Ճահճատենդ (malaria)
Ճահճատենդի մորթային ախտանշանն է` մժեղի խայթուածքը:
- Սողնախտ (herpes simplex)
Սողնախտը ժահրային փոխանցիկ վարակ մըն է: Անիկա կը փոխանցուի անմիջական հպումով-դպչելով վարակուած անձի մը, որ բացայայտօրէն կ՛ունենայ իր մարմինին վրայ այս վարակին յատկանշական վէրքեր: Երկու տեսակ ժահրեր կը հարուածեն մարդու մորթը, բերանը, շրթները, աչքերը եւ սեռային արտաքին գործարանները: Վարակումէն մէկ օր ետք անհատը կ՛ունենայ քերուըտուք եւ թրթռացուցիչ զգացում մը մարմնի որոշ մէկ տեղը. շուտով կը յայտնուին խմբաւորուած եւ զանազան չափերով յատկանշական բշտիկները, որոնք կը լեցուին թափանցիկ հեղուկով մը եւ կը պատճառեն տեղայնական ցաւ: Քանի մը օրեր ետք անոնք կը չորնան եւ կը կեղեւաւորուին եւ երբեմն խոցերու կը վերածուին: Այս վարակը կը տեւէ 8-10 օր: Առաջին վարակումէն ետք այս ժահրերը կը կուտակուին եւ անվնաս կ՛ապրին մարմնին որոշ ջղահանգոյցներու (nerve ganglia) մէջ. սակայն անոնք ձգելով իրենց նստավայրերը` կը յառաջացնեն, երկրորդ անգամ ըլլալով, նոր ախտանշաններ եւ բշտիկներ, որոնք կը յայտնուին, երբ հիւանդը երկար ատեն ենթակայ ըլլայ արեւի ճառագայթներուն, ֆիզիքական եւ յուզական ճնշումներու, դիմադրողականութեան նուազումի եւ երկրորդական հիւանդութեան մը պատճառով յառաջացած բարձր ջերմի: Մորթի սողնախտը կը պատահի ընդհանրապէս շրթունքներու շրջապատին, քիթին, ականջներուն եւ մատներուն վրայ:
Ե.-Սողնախտագօտի (herpes zoster).
ԽմբագրելԱյս ախտը կը յառաջանայ որոշ ժահրով մը, որ կը կոչուի Herpes zoster ժահր: Այս ժահրը նաեւ կը յառաջացնէ ջրծաղիկը: Սողնախտագօտին կը յայտնուի ամբողջ մարմինին վրայ, բայց մասնաւորապէս` կրծքավանդակին վրայ: Անիկա կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի` առանց սեռի խտրութեան: Անոր ախտանշաններն են հեղուկային բշտիկներ, որոնք կը տեսնուին կրծքավանդակի կողոսկրներուն միջեւ, եւ որոնց կ՛ուղեկցի տեղայնական, երկարատեւ եւ ուժգին ցաւ ու յաճախ` քերուըտուք: Սողնախտագօտիի ապաքինումը երկար ժամանակ կ՛ենթադրէ, երբեմն նոյնիսկ` ամիսներ: Ապաքինման վերջաւորութեան հեղուկային բշտիկները կը չորնան եւ կը սպիանան, իսկ տեղայնական ցաւը կ՛անհետանայ ամբողջովին: Շատ հազուադէպ պարագաներուն սողնախտագօտիի ժահրը կը հարուածէ աչքի զանազան մասերը եւ ականջի արտաքին ու ներքին բաժինները: Սողնախտագօտին յատուկ դարման չունի. Ցաւազրկող եւ հակաքերուըտուքի դեղերն են, որոնք միայն կը գործածուին մեղմացնելու համար ցաւը եւ քերուըտուքը:
Զ.- Ոջլոտութիւն
ԽմբագրելՈջլոտութիւնը վարակիչ եւ համատարած վարակ մըն է, որ կը պատահի ամէն տարիքի եւ երկու սեռերուն: Կան ոջիլի 3 տեսակներ, որոնք կ՛ապրին մարմնին երեք տարբեր մասերուն վրայ` գլուխ, ընդհանուր մարմին եւ սեռային արտաքին օրկաններու շրջապատ կամ ցայլք (pubis): Գլխու ոջլոտութիւնը կը պատահի ընդհանրապէս դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող տղոց եւ աղջիկներու մօտ, առաւելաբար` աղջիկներու մօտ, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի եւ որեւէ տեղ: Գլխու ոջիլը կը փոխանցուի անձէ անձ` մազերու անմիջական շփումով: Ոջիլները կը տեղաւորուին եւ կը կառչին գլխու մազերուն, յօնքի, թարթիչներու եւ մօրուքի վրայ. անոնք կը բազմանան շատ արագ եւ կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները մազերու ցօղուններուն վրայ: Իւրաքանչիւր ոջիլ կ՛արտադրէ 3-5 անիծներ, որոնք աւելի նշմարելի կ՛ըլլան, քան ոջիլները: Գլխու ոջլոտութեան միակ ախտանշանը հետեւեալն է` գլխու, մօրուքի, յօնքերու եւ թարթիչներու սուր քերուըտուք: Մարմնական ոջլոտութեան պարագային ոջիլները կ՛ապրին վարակուողին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ եւ ոչ թէ` անոր մարմնին վրայ: Վարակումը կը պատահի ընդհանրապէս երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, որոնք կ՛ապրին առաւելաբար տնտեսապէս աղքատ խմբաւորումներու եւ խճողուած հաւաքավայրերու մէջ: Առողջ անհատ մը կը վարակուի` գործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ կամ անոր անկողինը: Ոջիլները կ՛ապրին ընդհանրապէս ուսերու, յետոյքի եւ փորի մազերու ցօղուններուն վրայ, ուր կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները: Այս ոջլոտութեան ախտանշանները հետեւեալներն են. մարմնական տեղայնական քերուըտուք, մորթի կարմրագոյն խայթուածքի նշաններ եւ երկրորդական բորբոքումներու հետքեր: Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ շատ պարզ է` ոջիլներուն եւ անոնց անիծներու ներկայութիւնը մարմինի զանազան բաժիններու մազերուն վրայ: Ցայլքի ոջլոտութիւնը առաւելաբար կը տեսնուի երկու սեռերու երիտասարդներու եւ պատանիներու մօտ: Առողջ անհատ մը կը վարակուի այս ոջլոտութեամբ, երբ ան սեռային անմիջական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ եւ կամ գործածէ անոր անկողինը, հագուստները եւ անձեռոցները: Այս ոջլոտութեան ախտանշաններն են` քերուըտուք, մորթային սկրթումներ եւ բշտիկներ` հոս ու հոն եւ տեղայնական աւշագեղձերու յայտնաբերում: Ոջլոտութեան ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ տեսնելով ապրող ոջիլները եւ անոնց մոխրագոյն եւ կամ բաց սրճագոյն անիծները: Անոր դարմանումը շատ պարզ է: Կան յատուկ ոջլասպան օծաններ եւ շամփուներ, որոնք կը հարուածեն ոջիլները եւ վերջնականապէս կ՛ոչնչացնեն ոչ միայն ոջիլները, այլ նաեւ` անոնց անիծները:
Է.- Էկզեմա
ԽմբագրելԱյս հիւանդութիւնը ունի իր ժառանգական ազդակները, ուր մաշկը աստիճանաբար կը բարակնայ: Այս ընթացքով մորթը կը կորսնցնէ պաշտպանութեան դեր կատարելու յատկութիւնը, ուր մազանման երակները յայտնուելով կը ստեղծեն նպաստաւոր միջավայր տարբեր մանրէներու զարգացման ու բորբոքումներու: Էկզեմա մորթային հիւանդութեան գլխաւոր ախտանշաններն են կարմրութիւնը, չորութիւնը, ճեղքերու յայտնուիլը, եւ այլն: Էկզեման բոլոր տարիքներուն կարելի է պատահիլ, ուր մարմինը կը դառնայ աւելի գերզգայուն: Գերզգայնութիւնը կրնայ ըլլալ զանազան տեսակի.
ա- Ուտելիքներու
բ- Տարբեր հոտերու
գ- Իրերու
Յաճախ գերճնշուածութիւնը հիմնական պատճառը կրնայ ըլլալ էկզեմայի յառաջացման: Էկզեման կրնայ ախտաճանաչուիլ տարբեր տարրալուծարանային արեան քննութիւններով, եւ անոր բուժման համար կան զանազան քսուկներ, որոնց մէջ քորթիզոնի ազդեցութիւնը հիմնական է: Ռոզասի- Քրոնիկ մորթային հիւանդութիւն, ընդհանրապէս կը պատահի 30-էն 40 տարիքի ընթացքին, ինչպէ՛ս նաեւ հաւանաբար աւելի կանուխ տարիքի: Այս մորթային հիւանդութիւնը ունի իր հանգրուանային աստիճանական ընթացքը: Առաջին հանգրուանին դէմքի, յատկապէս այտերու ու քիթի վրայ կը յայտնուին փոքր կարմրութիւններ, որոնք կրնան աւելի ուշ վերանալ, ու դէմքը ունենայ իր բնական տեսքը: Երկրորդ հանգրուանին եւ կրկին կը յայտնուին կարմրութիւններ քիչ մը աւելի մեծ ծաւալով, ինչպէս նաեւ պայթած մազանման երակներ: Երրորդ հանգրուանին այտերու ու քիթի վրայ յայտնուած կարմրութեան տարողութիւնը աւելի կը զարգանայ, ինչպէս նաեւ բերնին շուրջ կը յայտնուին կարմիր կէտեր: Վերջին եւ չորրորդ հանգրուանին քիթը կը սկսի ուռիլ, ինչպէս նաեւ դէմքի եւ բերնի շուրջ տարբեր չափի այտուցներ կը զարգանան:
Այս հիւանդութեան գլխաւոր երկու պատճառները կրնան ըլլալ՝
- Գերճնշուածութիւնը
- Ջերմաստիճանի եւ եղանակի փոփոխութիւնները
Տոքթ. Մարի Գասապեան յանձնարարեց այս պարագային երբեք չգործածել քորթիզոն պարունակող դեղեր, կաթիլներ, որոնք կրնան աւելի զարգացնել հիւանդութիւնը:
Դ-Փսորիասիս
Խմբագրելժառանգական մորթային հիւանդութիւն մը, ուր մաշկը աստիճանաբար կը դառնայ աւելի հաստ ու կարծր: Հիւանդութիւնը չունի որեւէ հիմնական բուժում, բայց արեւի ճառագայթները եւ յատկապէս ծովու աղի ջուրը լաւագոյն միջոցները կը հանդիսանան բուժման: Փսորիասիս հիւանդութիւնը կրնայ յայտնուիլ գլխուն, թեւին, արմուկներուն, ծունկին վրայ, ոտքին յատակը, ինչպէս նաեւ կուրծքին տակ: Խոնաւութիւնը կը զարգացնէ հիւանդութիւնը: Այս հիւանդութեան պատճառները զանազան են, բայց ժառանգական ազդակը հիմնական է, ինչպէս նաեւ գերճնշուածութիւնը եւ ջերմաստիճանի յանկարծակի փոփոխութիւնը մարմնին մէջ: Աւարտին տոքթ. Մարի Գասապեան տարբեր բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
Կնճիռներու յառաջացման պատճառներ
Խմբագրելկնճիռներու յառաջացման պատճառները կրնան ըլլալ արեւի ճառագայթները եւ քոլաժենի ու էլասթինի պակասը: Անոնց յառաջացումը կանխարգիլելու կամ ուշացնելու համար հարկ է`
– Զգուշանալ երկար ժամանակ արեւի տակ մնալէ, յատկապէս` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
– Օգտագործել արեւի ճառագայթներէն պաշտպանուելու յատուկ սերեր:
– Գլուխը ծածկել գլխարկով:
Մորթն ու արեւահարութիւնը
ԽմբագրելԱրեւահարութիւնը առաջին աստիճանի մորթի այրուածք է, որուն պատճառը չափազանցուած ձեւով արեւին ճառագայթներուն պարզուիլն է գեղեցիկ գոյն ստանալու համար:
Արեւահարութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ մորթին վրայ կարմիր արատներ յայտնուին եւ խնդրոյ առարկայ անձին ցաւեր պատճառեն: Այս արատները կը յայտնուին արեւին պարզուելէ քանի մը ժամ ետք, ապա մորթը կը սկսի կեղուըւիլ:
Աւելի յառաջացած պարագաներու, մորթին վրայ կը յայտնուին ուռեցքներ. պէտք չէ զանոնք պայթեցնել որպէսզի բորբոքում չյառաջանայ:
Արեւահարութիւն մը, միջին հաշուով 2-3 օր կը տեւէ, զայն դարմանելու համար պէտք է մորթը ծեփել յատուկ սերով. հրաժարիլ արեւին պարզուելէ եւ չփորձել պայթեցնել մորթին տակ յայտնուած ուռեցքները:
Արեւահարութիւն մը շատ աւելի ծանր կ՛ըլլայ, եթէ արեւին վնասակար ճառագայթները թափանցած ըլլան մորթին խոր խաւերը. նման պարագայի, անպայման բժիշկին պէտք է դիմել:
Արեւահարութիւնը յաճախակիօրէն կրկնուելու պարագային, կրնայ մորթի քաղցկեղ յառաջացնել:
Փաստուած է, որ բաց գոյն մորթ ունեցող անձերը աւելի զգայուն են արեւի ճառագայթներուն եւ աւելի ենթակայ` արեւահարութեան:
«Մորթային լէիշմանախտկամ »կամ «լէիշմանիա մորթավէրք»
ԽմբագրելԱնոր յարուցիչը «Լէիշմանիա» միաբջիջ մակաբոյծն է (parasite): Ան կը փոխանցուի մարդոց Ֆլեպոթոմըս (Phlebotomus) կոչուած էգ աւազաճանճի (sandfly) խայթուածքով: Անոնք ընդհանրապէս կը խայթեն գիշերուան ժամերուն: Այս աւազաճանճը պզտիկ, 2 միլիմեթր մեծութեամբ ճանճ մըն է, որ կրնայ պարզ ցանցերու ծակտիկներէն անցնիլ: Այս ճանճերը կ՛ապրին նախընտրաբար կղկղանքին, կենդանական աղբին, կղկղախառն աղտոտ ջուրերուն վրայ, անտառներու եւ տիղմերու մէջ:
ժիշկներ` Լէիշման եւ Տոնովան անջատաբար առաջին անգամ գտած են այս մակաբոյծը եւ նկարագրած են հիւանդութիւնը գիտականօրէն` 1903-ին: Ուստի հիւանդութիւնը անուանուած է Լէիշմանի անունով:
Մորթային լէիշմանախտը կը պատահի մարդոց, շուներուն եւ մուկերուն: Ուստի շուները եւ մուկերը նկատուած են լէիշմանիա մակաբոյծի առաջնահերթ շտեմարանը:
Այս հիւանդութիւնը տեղաճարակային (endemic) է Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ: Հազուադէպօրէն ան տեսնուած է նաեւ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգների մէջ: Այս հիւանդութիւնը անգլերէնով կոչուած է նաեւ tropical sore, oriental sore (այրեցեալ գօտիի վէրք, Արեւելքի վէրք):
Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ առաջին անգամ լէիշմանիա մորթավէրքը տեսնուած է 1745-ին եւ այդ թուականէն սկսեալ ան ճանչցուած է նաեւ որպէս Aleppo boil (Հալէպի վէրք):
Այսօր աշխարհի 88 երկիրներու մէջ լէիշմանիա մորթավէրքը գոյութիւն ունի տեղաճարակային ձեւով: Ամբողջ աշխարհի մէջ ամէն տարի 1,5-2 միլիոն պարագաներ կը յայտնուին: Ան յաճախ համաճարակի (epidemic) ձեւով կը յայտնուի կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր առողջապահական պայմանները եւ կոյուղիներու ցանցը կը վատթարանան ու կը դառնան վտանգաւոր, աւազաճանճերը կը տիրապետեն կացութեան, ժողովուրդը կ՛ապրի անբնական պայմաններու մէջ` աղքատութիւն, սնունդի եւ ջուրի պակաս, վրաններու եւ գաղթակայաններու մէջ կեցութիւն:
Լէիշմանիա մորթավէրքը կը յայտնուի զանազան երկիրներու մէջ` տեղաճարակային վայրերու մէջ գործող եւ ապրող մարդոց ճամբորդութեան պատճառով: Անոնք խայթուած կ՛ըլլան նախքան իրենց ճամբորդութիւնը եւ հիւանդութիւնը կը յայտնուի ճամբորդութենէն ետք:
Յ. Հիսայեան «Հայ բուժ»-ի 1939-ի թիւ 52-ի յունուար ամսուան թիւին մէջ Հալէպի վէրքը անուանած է «Աւուր»: Ան գրած է, որ աւուրը միջագետքի հիւանդութիւն մըն է եւ շատ տեսնուած է Ուրֆայի, Սեւերեկի եւ Մարտինի մէջ, ու շատեր զայն կոչած են Հալէպի վէրք: Յ Հիսայեան նկարագրած է այս մորթային հիւանդութիւնը եւ նշած է, որ վէրքը աղէկնալէն ետք մինչեւ մահ կը մնայ վարակուողին դէմքին վրայ` իբրեւ կնիք:
Ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ այս մորթային հիւանդութեան վարակումը
ԽմբագրելԱւազաճանճը նախ կը խայթէ լէիշմանիա մակաբոյծով վարակուած անձ մը կամ անասուն մը եւ կ՛իւրացնէ այդ մակաբոյծները իր մէջ: Ապա ան կը խայթէ առողջ անձ մը եւ իր խայթոցին միջոցով կը վարակէ առողջ մարդ մը կամ անասուն մը: Խայթոցը կը պատահի ընդհանրապէս դէմքին վրայ եւ մարմնի որեւէ մէկ մասին վրայ, որ չէ ծածկուած, այսինքին` սրունքներուն, ոտքին, թեւերուն եւ ձեռքերուն վրայ: Հազուադէպօրէն ան կրնայ պատահիլ շրթունքներուն արտաքին եւ ներքին բաժիններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` բերնին մէջ եւ լեզուին ու քիմքին վրայ:
Ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ այս մորթային հիւանդութեան վարակումը
Աւազաճանճը նախ կը խայթէ լէիշմանիա մակաբոյծով վարակուած անձ մը կամ անասուն մը եւ կ՛իւրացնէ այդ մակաբոյծները իր մէջ: Ապա ան կը խայթէ առողջ անձ մը եւ իր խայթոցին միջոցով կը վարակէ առողջ մարդ մը կամ անասուն մը: Խայթոցը կը պատահի ընդհանրապէս դէմքին վրայ եւ մարմնի որեւէ մէկ մասին վրայ, որ չէ ծածկուած, այսինքին` սրունքներուն, ոտքին, թեւերուն եւ ձեռքերուն վրայ: Հազուադէպօրէն ան կրնայ պատահիլ շրթունքներուն արտաքին եւ ներքին բաժիններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` բերնին մէջ եւ լեզուին ու քիմքին վրայ:
Այս մակաբոյծին թխսաւորումը (incubation period) կը տեւէ 2-8 շաբաթ, այսինքն ախտանշանը-վէրքը կը յայտնուի խայթուելէ 2-8 շաբաթ ետք: Խայթոցին տեղը կը սկսի կարմրիլ, պզտիկ կարմիր բշտիկ մը կը յայտնուի, որ կը մեծնայ ժամանակի ընթացքին եւ կը վերածուի բարձր եզրով, կլորաձեւ եւ կամ տարբեր ձեւերով վէրքի մը: Չդարմանուելու պարագային, վէրքը կը թարախոտի եւ կը վերածուի խոցի (ulcer): Ամիսներ ետք խոցը կեղեւ կը կազմէ եւ ժամանակ մը վերջ բոլորովին կը սպիանայ` ձգելով ներքաշուած հետք մը մորթին վրայ: Վէրքը թարախոտ վիճակի մէջ կը մնայ ամիսներ եւ սպիացումը 1-2 տարի կը տեւէ:
Ընդհանրապէս մէկ խայթոցէ մէկ վէրք կը յառաջանայ, սակայն երբեմն մէկէ աւելի վէրքեր կը տեսնուին նոյն խայթուածքին վայրը: Ասոնք կրնան միաձուլուիլ եւ կազմել մէկ խոշոր վէրք մը: Կրնայ պատահիլ, որ վէրքը ինքնաբերաբար շուտով սպիանայ եւ ապաքինում տեղի ունենայ: Տկար ախտամերժութիւն (immunity) ունեցողներու եւ մարդկային ախտամերժողականութեան ժահրով տառապողներու մօտ վէրքը շատ ուշ կը սպիանայ:
Հալէպի վէրքին ախտաճանաչումը կը կատարուի մասնագէտ մորթաբուժներու կողմէ: Երկու ձեւերով կը կատարուի ախտաճանաչումը. առաջին` վէրքէն պզտիկ քերթուածք մը կը վերցուի եւ մանրադիտակով կը քննուի տեսնելու համար լէիշմանիա մակաբոյծ. երկրորդ` վէրքի հեղուկէն օրինակ մը կ՛առնուի եւ յատուկ քննութեամբ ախտաճանաչումը կը կատարուի:
Մորթային լէիշմանախտին դարմանումը շատ դժուար էր ժամանակին: Ներկայիս գոյութիւն ունի անոր դարմանը ծարիրային (antimonial) դեղերու միջոցով: Դարմանումը կը տեւէ 20 օր: Բարելաւումը կը սկսի դարմանումէն մօտաւորապէս երկու ամիս ետք, եւ սպիացումը տեղի կ՛ունենայ 12 ամիս ետք: Սակայն այս նոր դեղերը կրնան յառաջացնել լուրջ բարդութիւններ, օրինակ` շարոյրի եւ լեարդի բորբոքում, արիւնակուտային երակաբորբ (thrombophlebitis), մարմնական ընդհանուր ցաւ, յօդացաւ, յոգնածութիւն, ստամոքսա-աղիքային խանգարում, լեարդի աշխատանքի դանդաղում եւ լեարդի ներխմորներու (enzymes) բարձրացում, արեան տկարութիւն, արեան ճերմակ գնդիկներու նուազում, սրտի անբնական գործունէութիւն եւ նոյնիսկ մահ: Այս դեղերը կը գործածուին ուղղակի վէրքին վրայ` որպէս օծան, կամ` կլլելով եւ երակային ճամբով: Դեղերու գործածութեամբ հիւանդներուն 85-90 տոկոսը ապաքինում կ՛ունենայ, սակայն նաեւ` սպիացած վէրք մը:
Հակառակ որ այս դեղերը ունին իրենց կողմնակի վնասները եւ բարդութիւնները, սակայն անոնց գործածութիւնը պարտաւորիչ կը դառնայ հետեւեալ պարագաներուն. վէրքի երկարատեւ բորբոքում, յօդերու վրայ վէրքի գոյութիւն, մէկէ աւելի վէրքերու գոյութիւն, աւշագեղձերու յայտնութիւն եւ ծաւալում, տկար ախտամերժութիւն եւ մարդկային ախտամերժողականութեան ժահրի գոյութիւն:
Քիմիադարմանումը (chemotherapy) այլ ընտրանք մըն է դարմանումի համար:
Տեսնուած է, որ հիւանդներէն շատերը դարմանումէն ամիսներ ետք ախտադարձութիւն (relapse) կ՛ունենան, այսինքն հիւանդութիւնը կը վերանորոգուի:
Յ. Հիսայեանը նշած է 1939-ին իր գրութեան մէջ, որ այդ օրերուն հայկական շրջանակներու մէջ որոշ ժողովրդային դեղամիջոցներ գործածուած են: Ան յիշած է այդ ժողովրդային դեղամիջոցներէն մէկը եւ անոր գործածութեան ձեւը` «Խառնուրդ մը կազմել երեք-չորս տեսակ խոտերէ, մասնաւորապէս` մայրամ խոտէ, ատա չայէ եւ խարտալէ: Այս բոլորը ծեծել քիչ քանակութեամբ իւղի հետ եւ վէրքը ծածկել-օծանել այս իւղոտ խառնուրդով: Վէրքը նախ կը վառի եւ ետքը կը թարախոտի: 1-2 օր ետք վէրքը մաքրել եւ դարձեալ օծանել զայն նոր պատրաստուած իւղոտ խառնուրդով»:
Մինչեւ օրս անոր դէմ բժիշկ-գիտնականներ պատուաստ մը չեն գտած, սակայն հսկայական աշխատանք եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին գտնելու համար այդ պատուաստը:
Երրորդ աշխարհի կարգ մը երկիրներու մէջ ժողովրդային դարմանամիջոց մը կը կիրարկուի, որ կը կոչուի ինքնապատուաստում (autoimmunization): Անիկա կը կատարուի հետեւեալ ձեւով. լէշմանիա մորթավէրքի հեղուկէն եւ կամ հիւսկէնէն պզտիկ բաժին մը կը վերցուի եւ կը զետեղուի ոտքին եւ կամ թեւին վրայ, որպէսզի ինքնավարակում կատարուի:
Այս հիւանդութիւնը 2016-ին Միջին Արեւելքի մէջ համաճարակի վիճակ ստացած է, մանաւանդ` Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Թուրքիոյ մէջ: Այս երեւոյթը հետեւանքն է կարգ մը իսլամական երկիրներէ միլիոնաւոր բնակիչներու արտագաղթին եւ այլ երկիրներու մէջ գաղթակայաններու ստեղծման, գաղթակայաններու վատառողջ վիճակին, առողջապահական պայմաններու չգոյութեան, ջուրի եւ սնունդի պակասին:
Լիբանանի մէջ 2000-2012 տեսնուած են միայն 6 պարագայ, սակայն Սուրիոյ պատերազմի առաջին տարին տեսնուած են 1033 պարագայ, իսկ յաջորդող տարիներուն Լիբանանի գաղթակայաններու մէջ ստեղծուած է համաճարակային վիճակ:
Սուրիոյ մէջ 2004-2008 լէիշմանիա մորթավէրքը գոյութիւն ունեցած է տեղաճարակային ձեւով եւ արձանագրուած է 23,000 պարագայ, յաջորդող տարիներուն երկրին պատերազմական վիճակին պատճառով այս հիւանդութիւնը վերածուած է համաճարակի եւ արձանագրուած է 2012-ին:
53,000 պարագայ, իսկ 2013-ի առաջին ամիսներուն` 41,000 պարագայ: Վերջերս Հալէպի մէջ կը տեսնուի օրական 200-250 պարագայ:
Կարելի՞ է արգելք հանդիսանալ այս մակաբուծային հիւանդութեան: Անշո՛ւշտ, այո՛. հետեւեալ կանխազգուշական միջոցներով նուազեցնել աւազաճանճերու թիւը, բարելաւել միջավայրի առողջապահական պայմանները, բարելաւել գաղթակայաններու կոյուղիները, քնանալ ապահով զովացուցիչ սարքերով օժտուած սենեակներու մէջ, հեռու մնալ աւազաճանճերէ , գործածել ճանճացանցեր-ճանճարգելներ (nets), ճանճասպան դեղեր, ճանճավան (repellent) դեղեր, երկար թեւով շապիկ հագնիլ, տեղաճարակային վայրերու մէջ մուկերու դէմ պայքարիլ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան:
- Լ.Օ.Խ., Տօքթ. Մարի Գասապեան,18 մարտ 2015