Մրջիւնները, կը պատկանին միջատներու ընտանիքին:

Մրջիւնները աշխարհի վրայ յայտնուած են 120 միլիոն տարի առաջ:

Անոնք մարդոցմէ մէկ միլիոն անգամ աւելի փոքր են, ակայն անոնց թիւը մարդոց թիւէն շատ աւելի է:

Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի 1 միլիոն միլիառ մրջիւն: Անոնց հաւաքական ընդհանուր ծանրութիւնը շատ աւելին է, քան` ամբողջ մարդկութեան ծանրութիւնը:

Գոյութիւն ունին 14,095 մրջիւններու տարբեր տեսակներ: 10-ը մրջիւնէն 9-ը կը մնան բոյնին մէջ: Իսկ 10-էն 2-ը չեն աշխատիր:

Խումբեր

Խմբագրել

Շատ փոքր, խաղաղասէր եւ ջերմասէր են, տեսակներուն թիւն ու քանակը արեւադարձային երկիրներուն մէջ աւելի շատ է, քան բարեխառն գօտիին մէջ։

Աշխատող մրջիւններէն իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պաշտօնը ունի բոյնին մէջ:

Զինուորները կը հսկեն թրթուրներուն. իսկ «երեխայ» մրջիւններով կը զբաղին ստնտու մրջիւնները եւ թագուհին:

Հետախոյզ մրջիւնները ուտելիք կը փնտռեն. անոնք տերեւները կամ ծաղիկներուն թերթերը կը կտրտեն եւ սունկեր կը մշակեն:

Հնձողները այդ բոլոր ուտելիքները մրջնոց կը բերեն: Անոնք կրնան իրենց ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանրութիւն շալկել[1]:

Թագուհին բոլոր մրջիւններուն մայրն է: Սակայն անոր պաշտօնը միայն հաւկիթները ածելն է: Մրջիւններուն մօտ պետ չկայ: Իւրաքանչիւրը գիտէ` ի՛նչ պէտք է ընէ իր քովի մրջիւնին նայելով:

Բոլոր մրջիւնները քոյր-եղբայր են եւ իրարու շատ կ'օգնեն:

Մրջիւնները գրեթէ իրենց գլխուն ետեւը կրնան տեսնել: Անոնց տեսողութեան անկիւնը կը հասնի մինչեւ 300 աստիճանի: Բայց, հակառակ ասոր, անոնց տեսողութիւնը տկար է: Անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ կ'ուղղուին իրենց մարմինին մէջ արտադրուած նիւթի մը շնորհիւ: Միւս մրջիւնները կրնան այդ նիւթին հոտը առնել իրենց շօշափուկներով[2]:

Մրջիւնները՝ վիրաբուժներ

Խմբագրել

Գերմանիոյ Վըրցպուրկ (Wrzburg) համալսարանի վարքագծային կենսոլորտագէտեր յայտնաբերած են, որ մրջիւնները վիրաբուժական միջամտութիւններ կը կատարեն իրենց բունակից վիրաւոր ընկերներուն վրայ` ցոյց տալով խնամքի մակարդակ մը, որ նախապէս կը նկատուէր բացառապէս մարդ արարածի մենաշնորհը:

Այս յայտնագործութիւնը կը կեդրոնանայ Ֆլորիտայի ատաղձագործ մրջիւններու վրայ, որոնք, հակամանրէային գեղձերէ զուրկ, կը դիմեն մեքենագիտական գործողութիւններու՝ խնամելու իրենց վիրաւոր ընկերները: Այս մրջիւնները կա՛մ կը մաքրեն վէրքերը, կա՛մ կ'անդամահատեն անդամները` ցուցադրելով վնասուածքները գնահատելու եւ գործողութեան լաւագոյն ընթացքը որոշելու իրենց կարողութիւնը:

Այս մէկը բառացիօրէն միակ դէպքն է, ուր կենդանական աշխարհին մէջ տեղի կ'ունենայ անհատի մը բարդ եւ համակարգուած անդամահատումը իր տեսակի այլ անդամին կողմէ[3]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել