Յակոբ Չէլէպի Տիւզ
Յակոբ Չէլէպի (3 Յունուար 1793 – 1847)
Տիւզեան ծնած է 1793-ին։ Բնականէն գեղեցիկ ձիրքերով զարդարուած՝ հակամէտ էր նկարչութեան։
Մինչդեռ իր երեք եղբայրները ցաւալի վախճան մը կ'ունենային իրենց ուղեկցող Փոստանճի պաշին, որ Ապտուլլահ կը կոչուէր, եւ որ թէեւ բարեկամ էր Տիւզեաններուն, բայց բռնդատեալ կատարած էր բարձրագոյն հրամանը, ծովակալ անուանուած էր։ Այդ մարդը մեծապէս զայրացած էր Տիւզեանց մահուան վրայ եւ այդ պատճառաւ թշնամի դարձած էր Հալէթի։
Այս աղիտալի անցքերուն ժամանակ Յակոբ Չէլէպին Մորէա կը գտնուէր, ուր պտոյտի գացած էր մասնաւոր նաւով մը: Ան երբ կայս. հրովարտակը ընդունեց, համբուրեց զայն, ճակատին դրաւ եւ նաւ մտաւ Պոլիս դառնալու։ Հալէթ, որ միտքը դրած էր բոլոր Տիւզեանց ընտանիքը ջնջել՝ Յակոբ Չէլէպիին ալ ամբաստանեց իբր ապաստամբութիւն փորձող մը «Զեաի» մէջ։ Սակայն երբ Ապտուլլահ ծովակալը կայսեր պատմեց Յակոբ Չէլէպիի վարմունքը, հրովարտակը ստացած ատեն, Հալէթի սուտը մէջտեղ ելաւ, որով Տիւզեան երեք եղբայրները՝ Յակոբ, Կարապետ եւ Պօղոս Փետրուար 26-ին աքսորուեցան Կեսարիոյ Ս. Կարապետի վանքը, ուր մեծ պատուով ընդունուեցան եւ այնքան մեծ հիւրասիրութիւն եւ ասպնջականութիւն տեսան, որ յիշատակ ուղերձ մը թողուցին հոն (տես Թ. 249), այդ գրով կը յայտնեն իրենց գոհունակութիւնը։ Յետոյ Յակոբ Չէլէպին Գազէզի հետ միասին (տես թ. 274) մեծաքանակ գումարներ նուէր ղրկած են վանքին։
Երբ Տիւզեանք աքսորուեցան, Ապտուլլահ ամբաստանեց Հալէթը եւ անոր նենգութիւնները մէջտեղ հանեց։ Այդ պատճառաւ Սուլթան Մահմուտը Հալէթ պաշտօնազրկեց եւ աքսորեց Գոնիա եւ անոր տեղը վէզիր նշանակեց Ապտուլլահը։ Հազիւ Հալէթ ճամբայ ելած էր գտնուեցաւ իր տանը մէջ իր գզրոցը, ուր կային թուղթեր եւ գողօններ. նաեւ երկու ծրար յակինթ, զոր թագաւորը տուած էր Հալէթի՝ յանձնելու համար Սարգիս Չէլէպիին, որպէսզի իրեն երախակալ մը շինէ եւ զոր Հալէթ քովը պահելով, շատ անգամ Սարգիս Չէլէպին իբր դանդաղկոտ ամբաստանած էր։
Այս յայտնութեան վրայ Սուլթանը զայրացած հրաման կ՛ընէ Հալէթը սպաննելու եւ հազիւ Գոնիա հասած, հոն կը գլխատեն զինք եւ գլուխը կը բերեն Պոլիս, որ Սուլթանին հրամանով Ղալաթիոյ աղբանոցը կը նետեն: Նոյն վիճակը ունեցաւ նաեւ Իսխել հրեայ սեղանաւորը, որ Հալէթի չարութեանց գործակից էր եւ երկուքին ալ ստացուածքը յարքունիս գրաւուեցան։
Աղբիւր
Խմբագրել- «Յիշատակարան» (կազմուած՝ Վ․ Գ․ Զարդարեանի կողմէ)