Յառաջ (թերթ, Լիբանան)
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յառաջ, ամբողջական անուն՝ «Մեր Նշանաբանն Է Յառաջ», քաղաքական շաբաթերթ։ Լոյս տեսած է 1957-1964 թուականներուն։ Արտօնատէր՝ Նէսիպ Նըմր։ Պատասխանատու տնօրէններ՝ Ապտալոս Հոշէյմի, Գասպար Տէրտէրեան։ Պատասխանատու խմբագիրներ՝ Գառնիկ Աբգարեան, Հովհաննես Աղպաշեան, Յարութիւն Մասեան։
Գործունէութիւն
ԽմբագրելՅառաջ շաբաթաթերթը խմբագրած է Լիբանանի հանրապետական կուսակցութեան եւ իր հայ անդամներու տեսակետներու մասին։ Լուսաբանած է արաբական երկիրներու ժողովուրդներու ազգային-ազատագրական պայքարը, Լիբանանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի ուրիշ երկիրներու Հանրապետական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը եւ նաեւ միջազգային Հանրապետական շարժումներու հարցերը։ Կարեւորութիւն տուած է յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններուն։ Ներկայացուցած է խորհրդահայ գրականութեան նուաճումներ, տպագրել է սփիւռքահայ գրողներու գործերը եւ թանախօսութիւններ իրենց մասին։
Յառաջ թերթը ծանօթացուցած է նաեւ ռուս դասական ու ժամանակակից գրողներուն, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան... 1964-ինթուականին ունեցած է «Յառաջ-Գրական» շաբաթական յաւելուածը (խմբագիրներ՝ Գ.Տերանեան, Ա.Դարեան, Պ.Մինասեան)։