Յարդէ Պուպրիկներ

Յարդէ Պուպրիկներ (անգլերէն՝ Straw Dolls), Ա­մե­րի­կա­ցի բե­մադ­րիչ ­Ճոն ­Մի­լա­նո­յի շար­ժան­կա­րը՝ Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:

Մի­լա­նօ ման­րա­մասն կեր­պով կը ներ­կա­յա­ցնէ շար­ժան­կա­րը ար­տադ­րե­լու եւ բե­մադ­րե­լու եր­կա­մեայ հո­լո­վոյ­թըպատմելով[1].

Ա­նի­կա վի­ճե­լի է միայն, երբ մար­դիկ զայն վի­ճե­լի կը դարձ­նեն։ ­Ճիշդ է, որ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը այս բռնա­րար­քը չէ ճանչ­ցած, սա­կայն թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ բո­ղո­քե­լու հա­մար շար­ժան­կար մը պատ­րաս­տե­լու չձեռ­նար­կե­ցինք, այլ՝ պատ­մե­լու պատ­մու­թիւն մը, որ ­Հո­լիվու­տը կը խու­սա­փի պատ­մել։


Մի­լա­նօ կը յայտ­նէ, որ ինք ու­զած է վստահ ըլ­լալ, որ շար­ժան­կա­րը պատ­մա­կան ա­ռու­մով 100 առ հա­րիւր ճշգրիտ է եւ իր պատ­մած պատ­մու­թիւն­նե­րը ճշմա­րիտ են[2]։

­Շար­ժան­կա­րին մէջ շատ քիչ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ա­զա­տու­թիւն ա­ռինք՝ քաջ լաւ գիտ­նա­լով, որ երբ այս շար­ժան­կա­րը պատ­րաս­տենք, պէտք է ճշմարտու­թեան վրայ խարս­խո­ւած ըլ­լայ։ Եւ այդ է պատ­ճա­ռը, որ շար­ժան­կա­րի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը եր­կու տա­րի տե­ւեց։


Հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը կը բա­ցա­յայ­տեն հա­րիւ­րա­ւոր պար­բե­րա­թեր­թեր, լու­սան­կար­ներ, վե­րապ­րող­նե­րու հար­ցազ­րոյց­ներ եւ ա­կա­դե­մա­կան գիր­քեր, եւ երբ «Stories My Father Never Finished Telling» գիր­քի հե­ղի­նակ ­Տակ­լըս ­Գա­լայ­ճեան աշ­խա­տան­քին մաս­նա­կից դար­ձաւ, աշ­խա­տա­կազ­մը կրցաւ բա­ցա­յայ­տել հա­զո­ւա­դէպ պատմու­թիւն­ներ, ո­րոնք գոր­ծո­ւած բռնա­րարք­նե­րու շար­քին աչ­քի կը զառ­նէին։

Դերասաններ

Խմբագրել

Շար­ժան­կա­րի գլխա­ւոր դե­րա­սան­ներն են մրցա­նա­կա­կիր ի­րա­նա­հայ դե­րա­սա­նու­հի ­Մա­րի Ա­փիք եւ ­Մար­քօ ­Խան(եան), ինչպէս նաեւ շարք մը հայ ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սան­ներ։ ­Մի­լա­նօ կը բա­ցատ­րէ, որ ­Հա­րա­ւա­յին ­Քա­լի­ֆոր­նիոյ մէջ ­Հա­յաս­տա­նի նմա­նող վայր գտնե­լը դժո­ւար էր։

Շար­ժան­կա­րի նկա­րա­հա­նու­մը ամ­բող­ջա­ցած է ­Նո­յեմ­բեր 2014-ին եւ ա­նոր ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած՝ 24 Ապ­րիլ 2015-ին, Լոս Անճլըսի եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին հղումներ

Խմբագրել