Յարութիւն Այվազեան
Յարութիւն Այվազեան ծնած է 1963ին Պաղտատ, Իրաք եւ 1968ին հաստատուած է Քալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքը։ Ան Փասատինայի Քաղաքային համալսարանին, ապա Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ մասնագիտացած է քիմիագիտութեան[1] մարզին մէջ, սակայն աւելի ուշ նետուած է կալուածներու առուծախի ասպարէզին մէջ, յատկանշական յաջողութիւններու հասնելով: Իր գաղութին մէջ շօշափելի նուիրատուութիւններ ըրած է ազգային այլ եւ այլ նպատակներու համար: Նուիրատուն տիպար հայորդի մըն է:
Յարութիւն Այվազեան | |
---|---|
Ծնած է | 1963 |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Առաքելական |
Կարողութիւն | բարերար |
Մասնագիտութիւն | բնագիտութեան եւ քիմիագիտութեան մարզ |
Աշխատավայր | կալուածներու առուծախի ասպարէզ |
Ծնողներ | Գրիգոր եւ Մարիամ |
նուիրատուութիւններ
ԽմբագրելԲարերար Յարութիւն Այվազեան 300,000 տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ իր հօր՝ Գրիգոր Այվազեանի յիշատակին[2]։
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կը տեղեկացնէ, թէ 2019ի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Լոս Անճելըսէն Երուսաղէմ ուխտագնացութեան մը մասնակցած Յարութիւն Այվազեան 600,000 տոլարի[3] նուիրատուութիւն մը կատարեց պատրիարքութեան՝ դրուատելով համայն քրիստոնէութեան կեդրոնին մէջ այդ աթոռին ունեցած դերակատարութիւնը եւ յոյժ կարեւոր համարեց անոր առաքելութիւնը։
Ըստ ԱՄՆ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցոյ հաղորդագրութեան՝ Յարութիւն Այվազեան նուիրատուութիւններ կատարած է նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին, Հայաստանի Որբերու եւ անկարողներու հիմնադրամին եւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին։ Մեր կողմէ յիշեցնենք, որ անցեալ տարի ան նուիրատուութիւն մը կատարած էր նաեւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան։
Հիմնադրամ
ԽմբագրելՅարութիւն Այվազեանի անունով հիմնադրամ մը պիտի հաստատուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երիտասարդութեան կարիքներուն հասնելու նպատակով։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԱյվազեան 300,000 Տոլար Նուիրեց Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ[permanent dead link]
Այվազեան 600,000 Տոլար Կը Նուիրէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին[permanent dead link]