Յարութիւն Սինանեան
Յարութիւն Սինանեան (1 Ապրիլ 1872, Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1898, Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն), ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երգահան, խմբավար, երաժշտական-հասարակական գործիչ։
Յարութիւն Սինանեան | |
---|---|
Ծնած է | 1 Ապրիլ 1872 |
Ծննդավայր |
Սկիւտար, Պոլսոյ վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1898 |
Մահուան վայր | Իզմիր, Զմիւռնիոյ սանճաք, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երգահան, խմբավար |
Ծնողներ | Հայր՝ Գրիգոր Սինանեան |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Պոլիս։ Հօր՝ անուանի երաժիշտ Գրիգոր Սինանեանի գործի եռանդուն շարունակողը եղած է: Նախ սկսած է ջութակ նուագել, որ սորված է իր հօրմէն, երբ տակաւին ինն տարեկան էր:
Այնուհետեւ անոր ուսուցիչները դարձած են Տիգրան Չուխաճեան, Պրասէն եւ Ռատեկլայն։ Հօրմէն ժառանգելով երաժշտական տաղանդը՝ Յարութիւնը մանուկ հասակէն դրսեւորած է բացառիկ երաժշտական օժտուածութիւն, ընտանիքին մէջ տիրող արուեստի միջավայրն ալ, բնականաբար, իր ազդեցութիւնը ձգած է:
Սինանեաններու ընտանիքին մէջ երաժշտական հաւաքոյթներ տեղի կ՚ունենային, ժամանակի արուեստագէտներ եւ գործիչներ միշտ ներկայ կ՚ըլլային:
Տասներկու տարեկանին Յարութիւն յաջող կերպով կը կատարէր արեւմտաեւրոպական դասական երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները եւ այդ պատճառով կը հրաւիրուի պալատ՝ ելոյթ ունենալու:
Պատանի հասակին ի յայտ կու գայ նաեւ իր տաղանդը՝ իբրեւ երաժշտահան: Անոր կեանքին մէջ մեծ դեր խաղացած են շփումը մանաւանդ հայ երաժշտահան Տիգրան Չուխաճեանին հետ եւ վարժանքները անոր քով: Իր կարգին, Չուխաճեան շատ սիրած եւ գնահատած է տաղանդաւոր հայ պատանին՝ անոր մէջ տեսնելով ապագայ երաժիշտը:
Ստեղծագործական կեանք
ԽմբագրելԻնչպէս իր ուսուցիչը, Յարութիւն Սինանեան նոյնպէս ստեղծագործական ջանքերը կ՚ուղղէր եւրոպական երաժշտական մշակոյթի փորձը ուսումնասիրելու, զայն գործածելու եւ անոր միջոցով հայ ազգային արուեստը հարստացնելու խնդիրներուն։ Յօրինած է նաեւ նուագախմբային գործեր, որոնց ստեղծումը համընկած է գործունէութեան Սինանեան ընտանիքի հիմնած «Հայկական նուագախումբ»ի, զոր տասնվեց տարեկանին կը գլխաւորէր Յարութիւնը: Հայրը՝ Գրիգոր Սինանեան, նուագախումբի մէջ առաջին ջութակահարի եւ խմբավարի տեղը զիջած է որդիին եւ ինք դարձած է երկրորդ ջութակներու խումբի առաջատարը։ Արհեստավարժ նուագախումբ էր «Հայկական նուագախումբ» անունով Սինանեաններու խումբը, որու ելոյթները սպասուած էին հայ եւ օտար երաժշտասէրներու կողմէ: Սինանեան նուագախումբի նուագացանկը կազմուած էր հատուածներէ՝ իտալական օփերաներէն եւ ֆրանսական օփերեթներէն, հայկական, յունական, թրքական երգերու ու պարեղանակներու նուագախմբային փոխադրումներէ, յետագային նաեւ՝ Պեթհովէնի. Մոցարթի, ինչպէս նաեւ Տիգրան Չուխաճեանի եւ Յարութիւն Սինանեանի սիմֆոնիկ երկերէն: Նուագախումբը գոյատեւած է մինչեւ 1896 թուականը։
1926 թուականին Յարութիւն Սինանեան կ՚ընտրուի Պոլսոյ երաժշտական խորհուրդի պատուաւոր անդամ։ Ան նաեւ Պոլսոյ «Հայարտուն»ի հիմնադիրներէն եղած է։ «Հայարտուն» անունով արուեստի կազմակերպութիւնները, ինչպէս ծանօթ է, ստեղծուած են 1920-1930 թուականներուն՝ Հայաստանէն դուրս, հայաշատ վայրերու մէջ եւ նպատակ ունէին դուրսը բնակող հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները տարածել, հայերը արուեստով դաստիարակել՝ կապելով զանոնք մայր հայրենիքի մշակութային կեանքին[1]։
Հայաստան հասած անոր արխիւին մէջ տեղ գտած են երաժշտահանի ստեղծագործութիւնները, դաշնամուրային գործերը՝
- «Բամբ Որոտան»,
- «Մեսրոպեան քայլերգ եւ մեղեդի»,
- «Տալւորիկ»,
- «Քայլերգ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան»,
- երգեր եւ խմբերգեր, լուսանկարներ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՆՈՒԱՆԻ ԵՐԱԺԻՇՏ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԻՆԱՆԵԱՆԻ ԱՐԽԻՒԻՆ ՄՇԱԿՈՒՄԸ՝ ԱՒԱՐՏԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ …ԵՒ ՀԱՍԱՆԵԼԻ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-06-17