Յարութիւն Քհնյ. Ժամկոչեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յարութիւն Քհնյ. Ժամկոչեան, ծնած է Ալպիստան, ժթ.դարու երկրորդ կիսուն։
Յարութիւն Քհնյ. Ժամկոչեան |
---|
Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ծխական վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, ինքնաշխատութեամբ մշակած է իր հայերէն լեզուն ու սորված է եկեղեցական գիտելիքներ։ Իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ, պաշտօնավարած է իր ծննդավայրի վարժարանի մէջ։ Կրթական աշխատանքներուն զուգահեռ, յաճախած է տեղւոյն եկեղեցին ու մաս կազմած դպրաց դասին։ Ան մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է եկեղեցւոյ երգեցողութեան հանդէպ։ Կարճ ժամանակամիջոցին սորված է պատարագի երգեցողութիւնը։ Եկեղեցւոյ շարականներն ու սաղմոսներուն իմաստը հասկնալու կարեւորութիւնը զինք մղած է գրաբար լեզուն սորվելու անհրաժեշտութեան։ Ալպիստանի բնակիչներու բուռն փափաքին ընդառաջելով, ընդունած է դառնալ Ալպիստանի Քահանայ եւ այդ նպատակով մեկնած է Սիսի դպրեվանքը, ուր քահանայական դասընթացքներու հետեւելով, հարստացուցած է եկեղեցական ու կրօնական իր գիտելիքները։ Քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են Սիսի դպրեվանքին մէջ, 1890-ին, ձեռամբ՝ Քէֆսիզեան Կաթողիկոսին, վերակոչուելով՝ Տէր Յարութիւն։ Քառասնօրեայ շրջանը աւարտելէ ետք, ան հոգեւոր նշանակուած է Ալպիստանի Հայոց, որմէ ետք, Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ տեղափոխուած է Պէրէճիկ, ուր իր ջերմեռանդ հաւատքով, ճկուն լեզուով ու գործունեայ նկարագրով շահած է ժողովուրդին վստահութիւնը եւ շուտով դարձած է համակրելի ու յարգելի հոգեւորական մը։ Իր անկողմնակալ ընթացքով ու անձնուէր ծառայութեամբ խաղաղ մթմոլորտ մը ստեղ