Յոյս (ամսագիր, Իսթամպուլ)
«Յոյս», հայակական ազգային, կրօնական, բարոյագիտական, իմաստասիրական եւ բանասիրական ամսագիր։ Արմաշի Ս.Աստուածածին վանքի միաբանութեան հրատարակութիւն։ Լոյս կը տեսնէ 1864-1877-ին, Արմաշի մէջ, խմբագիր՝ Խ. Աշըքեան։ Տպագրած է կրօնաբարոյախօսական նիւթեր, հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, ծէսերուն ու տօներուն, աւանդութիւններուն, կրօններու պատմութեան, հայերու հեթանոսական հաւատալիքներուն, օտար ազգերու կենցաղին ու սովորութիւններուն նուիրուած յօդուածներ, հաղորդումներ։ Զետեղած է նաեւ բնախօսական-բնագիտական, մանկավարժական, առողջապահական բնոյթի նիւթեր, բանաստեղծութիւններ, կենցաղային խորհուրդներ[1][2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՅՈՅՍ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-13
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |