Նաթրոնի Լիճ
Նաթրոն, աղի լիճ․ կը գտնուի Թանզանիոյ եւ Քենիոյ սահմանը[1]։ Նաթրոնի լիճը սեւ մայր ցամաքի թերեւս ամենազարմանահրաշ վայրերէն մեկն է: Անուանումը այն ստացած է Նաթրոնի հանքանիւթերէն՝ Նաթրոնի հանքանիւթերու մեծ պարունակութեան պատճառով։ Իր կարմիր ջուրին շնորհիւ լիճը ապշեցուցիչ եւ անիրական տեսք ունի։
Լիճը տողակայուած է Նաթրոնի աւազանի սահմաններէն ներս, զոր կը գտնուի Ռամսար՝ միջազգային նշանակութիւն ունեցող, ջրային տարածքէն ներս[2]:
Երաշտի չորային շրջանին, երբ ջուրը կը կը գոլորշիանայ, ջուրին մէջ աղի մակարդակն այնքան կը բարձրանայ, որ աղասէր մանրէները կը սկսին շատնալ ու զարգանալ[3]: Կապուած տարուան եղանակէն, լիճին մակերեսը կը ծածկուի հանքային աղի հաստ շերտով: Այսպիսի աղատունկ մանրագործարանութիւններուն մէջ կան նաեւ այնպիսի մանրէներ, որոնք ընդունակ են լուսակազմութիւն կատարելու՝ ինչպէս բոյսերը: Ուղիղ այս մանրէներու լուսակազմութեան արդիւնքէն արտադրած կարմիր ներկանիւթն է[3], որ լիճին կը հաղորդէ արեան կարմիր գոյնը: Ինչպէս նաեւ կարելի է ըսել, թէ՝ ժամանակ առ ժամանակ որոշ մանրէներներ կ՛աշխուժանան, որոնց կենսագործունեութիւնը կը գունաւորէ լիճը կարմիր գոյնով[2]:
Լիճին ջուրը յուսալիօրէն հրաթռչունները (ֆլամինկօ) գիշատիչներէն կը պաշտպանէ[4]: Այդ պատճառով եւս միլիոնաւոր թռչուններ լճին հարեւանութեամբ բոյն կը շինեն: Իսկ ջուրը թունաւոր ըլլալուն պատճառով լիճն ինկած կենդանիները, մանաւանդ թռչունները, անմիջապէս կը մահանան, իսկ անոնց մարմինները կը ծածկուին հանքանիւթերով, կը քարանան՝ վերածուելով արձաններու:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Naton lake is located on the border between Tanzania and Kenya(անգլերէն)
- ↑ 2,0 2,1 Lake Natron(անգլերէն)
- ↑ 3,0 3,1 Lake Natron - Cultural Tourism Archived 2017-09-16 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
- ↑ Africa's most toxic lakes are a paradise for fearless flamingos(անգլերէն)