Նայիրի Մկրտիչեան
Նայիրի Մկրտիչեան ծնած է 1968 թուականին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Գամիշլի քաղաքին մէջ։ Գլխաւոր խմբագիր, Լրագրող, շաբաթաթերթի թղթակից:
| |
Ծնած է | 1968 |
Ծննդավայր | Սուրիա (Գամիշլի) |
Մասնագիտութիւն | Պէյրութի «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի» «Լեզու եւ գրականութիւն» եւ Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի «Կրթութեան կառավարում» բաժինները |
Աշխատավայր | «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր |
Երեխաներ | Դուստր |
Կայքէջ | armlands.com |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆայիրի Մկրտիչեան ծնած է 1968 թուականին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Գամիշլի քաղաքին մէջ:
2001 թուականին աւարտած է Պէյրութի «Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի» «Լեզու եւ գրականութիւն» բաժինը:
2001 թուականին վերջնական կայք հաստատած է Հայաստանի մէջ։
2003 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան բաժանմունքի «Կրթութեան կառավարում» բաժինը:
2001-2003 թուականներուն եղած է ԱՄՆ-ի «Հայրենիք» թերթի լրագրողը Հայաստանի մէջ:
2003 թուականէն առ այսօր Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի թղթակիցն է Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի Սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր թերթերու մէջ:
Երկու տարի եղած է Tert.am լրատուական կայքի արեւմտահայերէն բաժնի խմբագիր:
2012 թուականին հիմնուած, Հայաստանի մէջ գործող միակ եւ Սփիւռքի առաջին արեւմտահայերէն «Եռագոյն» լրատուական կայքի հիմնադիրներէն է եւ երկու տարի եղած է այդ կայքին խմբագիրը:
2014-ի Սեպտեմբերէն 2016-ի Յունուարը վարած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը:
Նայիրի Մկրտիչեան եղած է ԱՄՆ-ի “Հայրենիք” եւ Գանատայի “Հորիզոն” շաբաթաթերթերու թղթակիցը Հայաստանի մէջ, հրապարակուած յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ ունի սփիւռքի եւ Հայաստանեան զանազան թերթերու մէջ։
Նշենք, որ Նայիրի Մկրտիչեան 16 տարիէ ի վեր «Հորիզոն»ի ներկայացուցիչն ու աշխատակիցն է Հայաստանի մէջ։
24 Յունիս,2016-ին կառավարական յատուկ հրամանագրով, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ նշանակուեցաւ Նայիրի Մկրտիչեան եւ վարելով նոյն պաշտօնը մինչեւ Յուլիս 31, 2017:
Կը տիրապետէ հայերէնի երկու ճիւղերուն, արաբերէն, քրտերէն եւ անգլերէն լեզուներուն:
Ամուսնացած է, ունի մէկ դուստր
Ուսուցչական ասպարէզ
ԽմբագրելԳամիշլի ապրած տարիներուն Նայիրի Մկրտիչեան եղած է հայերէն լեզուի ուսուցչուհի (12 տարի):
Միութենական եւ Հայ Դատի Անդամակցութիւն
ԽմբագրելՆայիրի Մկրտիչեան Գամիշլիի մէջ եղած է ազգային գործիչ` վարելով զանազան պաշտօններ ՀՅԴ պատանեկան միութեան վարիչ եւ դաստիարակ. Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան վարչութեան, ապա շրջանային վարչութեան անդամ, սուրիոյ հայ դատի կեդրոնական յանձնախումբի անդամ:
Զեկոյց
Խմբագրել«Գրական արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի խնդիրներն ու մերձեցման ուղիները»
Յուլիս 29-30 ՀՀ ԳԱԱ նիստերու դահլիճէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի նախաձեռնութեամբ կայացաւ “Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները” խորագիրը կրող համաժողովը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Հայերն այսօր” ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանի ամբողջական զեկոյցէն ստորեւ հատուածներ:
Անձնապէս կը կիսեմ այն տեսակէտը, որ Արեւմտահայերէնի նկատմամբ անտարբերութիւնը կը սկսի Սփիւռքէն, այստեղ տեղին է նշել Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսքը ,- «Հայ լեզուն կը նահանջէ ամէ՛ն տեղ, տարբեր կերպերով ու ամէ՛ն իմաստով… 1600 տարիներու պատմութիւնը իր ամէնէն ահաւոր զէնքերով չկրցաւ սպաննել հայ լեզուն: Այսօր մենք է, որ կը սպաննենք հայ լեզուն` երբեմն մեր անտարբերութեամբ, երբեմն մեր տգիտութեամբ, երբեմն մեր անհաւատարմութեամբ, երբեմն մեր օտարամոլութեամբ …»:[1] - Նայիրի Մկրտիչեան
|
Միւս կողմէն Սահմանադրութեան համաձայն Հայաստանի պաշտօնական լեզուն գրական հայերէնն է, այսինքին՝ գրական հայերէնը իր երկու ճիւղերով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, բայց բոլորիս ալ յայտնի է, որ անհամեմատ աւելի մեծ է ուշադրութիւնը արեւելահայերէնի հանդէպ, աւելին՝ շատ քիչերը գիտեն, որ պետական լեզուի մէկ բաղադրիչը նաեւ արեւմտահայերէնն է։[1] - Նայիրի Մկրտիչեան
|
Հայաստանի պաշտօնական կայքերը կը գործեն ռուսերէն, անգլերէն, արեւելահայերէն եւ ֆրանսերէն, բայց ոչ արեւմտահայերէն, միակ պաշտօնական կայքը, որ ունի արեւմտահայերէն տարբերակ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնական կայքն է։[1] - Նայիրի Մկրտիչեան
|
Յօդուած
Խմբագրել«Հայրենադարձները Իրենց Ներդրումը Ունին Հայաստանի Կայացման Եւ Զարգացման Մէջ»
Ակնարկ մը նետելով 30-ական թուականներէն առ այսօր Հայաստանի մէջ գործող մշակութային գործիչներու կենսագրութիւններուն` կ՛եզրակացնենք, որ կարկառուն դէմքերուն մեծ մասը հայրենադարձներ են, որոնք ներգաղթելով հայրենիք` մեծ դեր ունեցած են երկրի մշակութային կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգարցման գործին մէջ եւ դարձած` հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ:[2] - ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
|
Այո,՛ մենք` հայրենադարձներս այլմոլորակայիններ չենք, մեր մէջ ալ յաջողակներ շատ կան, ինչպէս` բժիշկներ, գործարարներ, երգիչ-երգչուհիներ, երաժշտահաններ, քաղաքագէտներ, լրագրողներ, վարպետ արհեստաւորներ ու խոհարարներ, արտադրողներ ու վաճառականներ: Մենք եւս մեր ներդրումը ունինք այսօրուան Հայաստանի կայացման ու զարգացման գործին մէջ եւ ուրախ ենք, որ կը վայելենք մեզի պատկանող երկրի մը մէջ ապրելու բերկրանքը:[2] - ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ
|
Պարգեւներ
Խմբագրել4 Հոկտեմբեր,2013-ին Սփիւռքի նախարարութեան 5ամեակին առիթով, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան,Հայաստանի վարչապետին անունով շնորհաւորեց եւ պարգեւատրեց «Եռագոյն» կայքի խմբագիր Նայիրի Մկրտիչեանին:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Բացէք «Եռա-գոյն»ը եւ տեսէք հայրենասիրութիւնը»։
- սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան
|
Ծանօթագրութիւններ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Մկրտիչեան Նշանակուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան կայքէջի Խմբագիր[permanent dead link]
- Մկրտիչեան Նշանակուած Է Սփիւռքի Նախարարութեան «Հայերն Այսօր» Կայքի Խմբագիր[permanent dead link]
- Նայիրի Մկրտիչեան նշանակուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ[permanent dead link]
- Նայիրի Մկրտիչեան Նշանակուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Համահայկական, Միջազգային եւ Եկեղեցական Կառոյցներու Հետ Կապերու Վարչութեան Պետ[permanent dead link]
- Նայիրի Մկրտիչեան Կը Պարգեւատրուի Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.
- 2017-ի Սեպտեմբեր 21 -ին Նայիրի Մկրտիչեան 10 ամեայ աղջկան հետ ստեղծեց արեւմտսհայերէն համապարփակ առաջին մանկապատանեկան լրատուական եւ տեղեկատուական «Հայկաշխարհ»-ը, որ նպատակ ունի դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերուն եւ տպագիր թերթերուն շտեմարանը: