Նան Մատոլ

Աւերակ քաղաք, Միքրոնիզիոյ Դաշնակից Նահանգներ

Նան Մատոլ (անգլ․՝ Nan Madol) հնաբանական վայրը կը գտնուի Միքրոնիզիայի Դաշնակից Նահանգներու Փոնփէյ կղզին, Խաղաղական Ովկիանոս։ Լքուած քաղաք մըն է։ 2016-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան եւ նոյն տարին ներառնուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Վտանգուած Յուշարձաններուն Ցանկին մէջ։

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Նան Մատոլ
Nan Madol
Նան Մատոլ հնաբանական վայրը
Երկիր Փոնփէյ կղզի, Միքրոնիզիայի Դաշնակից Նահանգներ
Շրջան [[Խաղաղական Ովկիանոս]]
Տարածութիւն 76,7 հեկտար, 664 հեկտար
Պաշտօնական կայքէջ nan-madol.com(անգլերէն)

Նան Մատոլ կը գտնուի Խաղաղական Ովկիանոսի Սենիաւեն կղզեխումբի հրաբխային Փոնփէյ կղզիին արեւմտեան ափին։ Քաղաքը կառուցուած է ծովալիճի մէջ, խթոյ բուստի վրայ եւ պարիսպներով ներառեալ մօտաւորապէս 1․5քլ․ երկարութիւն ունի եւ 0․5քլ․ լայնութիւն։ Կ՛ընդգրկէ 100-է աւելի արուեստական կղզիակներ (կառուցուած քարէ եւ բուստէ) որոնք իրարու կապուած են ջրանցքներու օղահիւսքով մը։ Ջրանցքներու օղահիւսքին պատճառով, քաղաքը յաճախ կոչուած է Խաղաղականի Վենետիկը։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Նան Մատոլ, յատակագիծը

1874-ին, լեհ ազգագիր եւ ովկիանոսագիր Ճոն Սթանիսլօ Քուպարի (John Stanislaw Kubary) առաջին այդ անձն է որ քաղաքին մանրամասն յատակագիծը կը գծէ։

 
Օրինակ մը Նան Մատոլի ճարտարապետութենէն

58 կղզիակներ կը կազմեն Նան Մատոլի մեռելատունը, քաղաքին հիւսիս-արեւելեան մասին։ Բարձր պատեր կը շրջապատեն դամբաններ, սակայն ամենէն ուշագրաւը Նանտաուաս մեռելատուն-կղզիակին թագաւորական դամբանն է (կառուցուած Սաուտելօ հարստութեան առաին թագաւորի օրով), որ շրջապատուած է 5․5 - 7․5 մեթր բարձրութեամբ պատերով։

Պատմական ակնարկ

Խմբագրել

Նան Մատոլ մինչեւ 1628-ին եղած է Միքրոնիզիայի Սաուտելօ հարստութեան քաղաքական եւ կրօնական կեդրոնը։ Բնակիչներէն վերջնականապէս կը լքուի ԺԸ․ դարուն։

Փոհփէյի ամբողջ բնակչութեան թիւը հասած է մինչեւ 25 000։ Նան Մատոլ վարչական եւ կրօնական կեդրոն ըլլալով, անոր բնակիչները ազնուականներ եղած են։ Բնակչութեան թիւը 500-էն 1 000 եղած է։ Ը․ եւ Թ․ դարերուն սկսած կղզիակին կառուցումը, աւարտած է ԺԲ․ դարավերջին յատկանշական մեծաքարային ճարտարապետութեան կառուցումով։

Մօտաւորապէս 1628-ին, Նան Մատոլի անկումը կը սկսի Նանմուաքի դարաշրջանին, երբ Իսոքելեքել կը տապալէ Սաուտելօ հարստութիւնը։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել