Ներսէս Ա. Քհնյ. Թաւուգճեան
Ներսէս Ա․ Գհնյ․ Թաւուգճեան(1870-1934), Քահանայ։
Ներսէս Թաւուգճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1870 |
Ծննդավայր | Այնթապ |
Մահացած է | 5 Յուլիս 1934 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆերսոյի որդին՝ Գրիգոր լոյս աշխարհ կու գայ այնթապցի ծնողքէ, Այնթապցի մէջ, 1870-ին։
1879-ին, իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Ացգ․ Ներսէսեան Վարժարանը, ապա օտար լեզու մը սորվելու փափաքով, 1882-1885 տարիներուն յաճախած է Ֆրանչիսկեան միաբաններու նորաբաց դպրոցը։ Բայց դժգոհ մնալով անոնց կրթական դրութենէն, ձգած է դպրոցը ու հետեւած արհեստի եւ դարձած՝ արհեստաւոր մանուսայագործ(կերպասագործ)։ Քանի մը տարիներու աշխատանքէն գոյացած նիւթական խնայողութեամբ՝ ծրագրած է աւելի բարձր վարժարան յաճախել՝ բարձր ուսում ստանալու համար։
Դժբախտաբար իր հօր կանխահաս մահը պատճառ եղած է, որ չիրականանայ իր երազը։ Ան ձգած է դպրոցը եւ ընտանիքին ապրուստը ապահովելու համար նետուած է ազատ ասպարէզ եւ դարձած՝ արհեստաւոր։ Հազիւ ինքզինք գտած՝ մտածած է ի ուսման ծարաւը յագեցնելու մասին։ Գտած է գիշերային դպրոց մը, եւ շնորհիւ ինքնաշխատութեամբ՝ զարգացած եւ տիրապետած է թրքերէն լեզուին։ Ջբաւարարուելով իր ունեցած ուսումով, այս բ անգամ փորձած է բարերարներու եւ ազգայիններու աջակցութեամբ ուսումը շարունակել։ 1896-ին կը յաջողի բարեկամներու բարեխօսութեամբ իբրեւ ձրիավարժ սան մտնել Կ․Թ․ Գոլէճը։ Թէեւ ունեցած է ին անդհանուր զարգացումը համազօր էր Ֆրէշմէն կարգի, բայց անգլերէն չգիտնալուն պատճառաւ ստիպուած է զանազան կարգերու հետ դաս առնել։ Նոյն տարին ապրուստի մտահոգութեամբ, իբրեւ այցելու ուսուցիչ, շաբաթը տասնչորս պահ դասաւանդած է Վարդանեան Կրթարանին մէջ։ Յաջորդ տարին նոյն դրութեամբ շարունակած է ուսումը, որպէս կրթաթոշակ դոյզն վճարում մը կատարելով Գոլէճին։
Բայց 1899-ին վերամուտին յանկարծ ստացած է ազդարարագիր մը, թէ Գոլէճի աշակերտ ըլլալէ դադրած է։ «Բիւզանդիոն» օրաթերթին մէջ տպուած «Հաղորդութենէ Ետքը Ծոմապահութիւն» խորագրով յօդուածը, որ Հակա-Գոլէճ ու հակաբողոքականութիւն կծու արտայայտութիւններ ունէր, իրեն վերագրած էին, ինչ որ ճիշդ չէր, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ յօդուածագիրը եղած է Ա․Ն․ Նազարէթեան (Ա․Ն․Նազար)։ Այդ շրջանին իր հետ աշակերտ ըլլալէն դադրած են նաեւ քանի մը տասնեակ ուսանողներ, որոնք կուսակցական ըլլալու կասկածը ներշնչած էին Գոլէճի պատասխանատուներուն։
Կ․Թ․ Գոլէճը ձգելէ ետք, այդ տարին ան մնայուն ուսուցիչ նշանակուած է Վարդանեան Կրթարանի, բայց միաժամանակ իբրեւ եկեղեցասէր ու ազգասէր երիտասարդ ծրագրած է ամբողջութեամբ նուիրուիլ ազգին ու եկեղիցիին։ Ատոր համար իբրեւ քահանայութեան թեկնածու խնդրագիր ներկայացուցած է Արմաշի Դպրեվանքին՝ Կրօնական ուսումը կատարելագործելու համար։ Ինքն է, որ քանի մը եկեղեցասէր երիտասարդներու հետ հիմնած է 1897-ի «Եկեղեցասիրաց» անուն ընկե ընկերակցութիւնը, որուն նիւթական աջակցութեամբ եւ պաշտպանութեամբ ղրկուած է դպրեվանք, հետեւած է քահանայակաան դասընթացքներու՝ մասնաւոր դասեր առնելով Արմաշի փոխ վանահայր Եղիշէ Եպս․ Դուրեանէն։
Ինքն է որ հերոսամարտի ընթացքին, անօթութեան եւ անըստուզութեան շրջանին մէջ, դուրս եկած է Այնթապէն, այցելած է Հալէպ ու Պէյրութ եւ դիմած է Ֆրանսական վերին իշխանութեան՝ քաղաքական եւ տնտեսական ապահովութեան այցելած է նաեւ Եգիպտոս։ Ան գրած է Վեհափառ Հայրապետին, Ամերիկայի այնթապցի հայրենակիցներուն եւ դիմած է Հ․Բ․Ը․Միութեան, ուտեստեղէնի եւ ռազմանիւթի համար օգնութիւն խնդրելով բոլորէն։
Տէր Ներսէս ընտանեօք հաստատուած է Հալէպ, ուր տարագրուած են աւելի քան տաս հազար այնթապցիներ, որոնք իրենց բնակութիւնը հաստատած են առաւելաբար փայտեայ կամ թիթեղեայ հիւղավաններուն մէջ։
Տէր Ներսէս առանց յուսահատելու դարձեալ լծուած է Հալէպ տարագրուած իր հայրենակիցներուն կեանքը կազմակերպելու աշխատանքին։ Իրեն գաղափարակից Հայրենակիցներուն հետ միասնաբար հիմը դրած է Հալէպաբնակ Այնթապցիներուն Հայրենակիցական Միութեան, 23 Մարտ 1921-ին։ Ապա, գործակցութիւն հաստատած է Կիլիկեան Գաղթականաց Միութեան ու անոր բացած դպրոցին հետ։
Մահ
ԽմբագրելԴժբախտաբար այս նուիրեալ հոգեւորականը ունեցած է եղերական վախճան մը։ 1934-ի Յուլիս 3-ին, ան վատարար զոհ կ՛երթայ Կարապետ Գասպարեան կոչուած ստոր հայու մը գնդակին, որովհետեւ ամունալուծուած այդ ստահակին պահանջին գոհացում չէր տուած, «դիեցիկ մանուկը մօրմէն բաժնելով հօր յանձնելու ապօրինութիւն»ը յանձն չէր առած Տէր Հայրը։
5 Յուլիս 1934- ին, ան իր աչքերը առ յաւէտ կը փակէ այս աշխարհին, ցնցելով ու սուզի մատնելով իր եկեղեցին, մանաւանադ իր ծուխերն ու հայրենակիցները։
Ծանօթագրություններ
Խմբագրել
- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 87-92։