Ներսէս Ա. Քհնյ. Պապեան
Ներսէս Ա. Քհնյ. Պապեան, աւազանի անունով՝ Գէորգ։ Ծնած է Այնթապ, այնթապցի ծնողներէ, 1887-ին։
Ներսէս Ա.Քհնյ.Պապեան | |
---|---|
Ծնած է | Այնթապ |
Ծննդավայր | Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1956 |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական, ուսուցիչ |
Աշխատավայր | ուսուցիչ եւ տնօրէն |
Երեխաներ | չորս հատ |
Նիւթական համեստ պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքի մը զաւակը եղած է։ Հայրը զոհուած է 1895-ի ջարդերուն։ Ապագայ եկեղեցականը մեծցած է բարեպաշտ եւ ուսումնասէր իր մօր գուրգուրանքին տակ։
1892-1896-ին յաճախած է Այնթապի Ազգ. Վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, ընդունուած է Այնթապի Ադենական Երկրորդական Վարժարանը, որուն խնամակալութիւնը հոգացած է դպրոցական բոլոր ծախսերը։ 1903-ին ան փայլուն նիշերով աւարտած է երկրորդականը։
1903-1906 ստանձնած է ուսուցչական ասպարէզը եւ երեք տարի պաշտօնավարած է Ադենական ու Ազգ. Հայկազեան վարժարաններուն մէջ։ Իր ուսման ծարաւը յագեցնելու համար, ուսուցչութենէն խնայած գումարով յաջողած է Ամերիկեան Գոլէճ յաճախել երկու տարի՝ 1907-1908-ին: Դժբախտաբար, նիւթական դժուարութեանց պատճառով ընդհատած է ուսումը եւ հետամուտ եղած է աշխատանքի՝ մօր եւ կրտսեր եղբօր ապրուստը ապահովելու համար։
1908-ին, Կրօնական Ժողովի որոշումով, ան ղրկուած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանը, ուր իբրեւ միաբան-ուսուցիչ ծառայած է վանքին մէջ։ 1909-ին, Երուսաղէմի պատրիարք Յարութիւն Վեհապետեանէն ստացած է ուրարակիրի աստիճան։
1910-ին վերադարձած է Այնթապ ու կրկին Կրօնական Ժողովի որոշումով ղրկուած է Ճիպին իբրեւ ուսուցիչ եւ տնօրէն տեղւոյն Ազգ. Վարժարանին:
Ան Ճիպինի մէջ ունեցած է փայլուն գործունէութիւն։ Իր նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով բացուած է աղջկանց համար վարժարան մը։ Ապա, նորոգել տուած է տեղւոյն Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, որուն հասոյթով կառուցանել տուած է դպրոցական յարմարութիւններով օժտուած շէնք մը, երիցատուն մը եւ պարտէզ մը։ Իր կազմակերպած աշխատանքներով ու կատարած բարեփոխութիւններով ծաղկեցուցած է յետամնաց գիւղը, որուն իբրեւ գնահատանք հետագային կոչուած է նոյն գիւղի քահանայութեան։
Ան վերադառնալով իր ծննդավայրը, կեանքի ընկեր ընտրած է Ա. Պասմաճեան ընտանիքի դուստր Նեկտարը, որուն հետ պսակուած է Այնթապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 30 Յուլիս 1913-ին։ Ունեցած է չորս զաւակ՝ Երուանդ, Բիւզանդ, Օննիկ, Լուսածին։
Տարիներու իր ծառայութեան ու անխոնջ աշխատանքին համար պարգեւատրուած է լանջախաչով Սահակ Բ. Կաթողիկոսէն, 25 Մարտ 1939-ին, իսկ 12 Նոյեմբեր 1945-ին աւագութեան տիտղոս ու պատիւ ստացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցէն[1]:
Դժբախտաբար, Տէր Ներսէս սկսած է տառապիլ արիւնահոսութենէ։ Հիւանդութիւնը զինք հանգիստ չէ ձգած։ Բժշկական դարմանումները ապարդիւն անցած են։ Լիբանան հաստատուելէ երեք տարի ետք, ան աչքերը յաւիտեան կը փակէ աշխարհին՝ 1956-ին։
Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կատարուելէ ետք, մարմինը կ'ամփոփուի Ֆըրն Շըպէքի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ էջ 148-149-150-151-152։