Նոր Կիրակի
ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ Ս. Զատիկի յաջորդող Կիրակին, կը կոչուի նաեւ Կրկնազատիկ։
Խորհուրդը
ԽմբագրելՆոր եւ չքնաղ է տօնին խորհուրդը: Նոր է, որովհետեւ սկիզբն է նոր արարածներու: Նոր կը կոչուի նաեւ գարունը, որովհետեւ յաջորդելով ձմրան՝ կը սկսի արարածներու նորոգութիւնը, եւ մեռած կերպարանքով ծառերը վերստին կը ծլարձակին: Բնութիւնը ամէն տարի կը նորոգուի չորս եղանակներով. գարնան կը ծնի, ամրան կ'աճի եւ կը հասնի կատարելութեան, աշնան կը ծերանայ եւ ձմրան կը մահանայ՝ յաջորդ գարնան վերստին նորոգուելու համար:Ատով կը նկարագրուի մեր յարութեան խորհուրդը: Եթէ գարնան բնութիւնը կը նորոգուի հնութենէն, ապա Եկեղեցին առանց հիննալու կը նորոգուի, որովհետեւ Եկեղեցին չի հիննար ու կը ծերանայ, այլ Քրիստոսով կատարեալ կը մնայ [1]:
Եթէ ծառերն ու ծաղիկները անձրեւի ու արեւի շնորհիւ կ'արթննան եւ կը կենդանանան, ապա մարդու ներքին կեանքը կազմող գաղափարները, համոզումները, սէրը, հաւատքը, որոնք չեն երեւիր, նոյնպէս կարիք ունին նոր «արեւի ու անձրեւի»:
Մարդկութեան պատմութեան մէջ մարդկային բանական կեանքի գերագոյն վերանորոգիչը կը դառնայ Քրիստոս: Ան Հին Ուխտը կ'ամբողջացնէ Նոր Ուխտով: Հին պատուիրանները կ'ամբողջացնէ նորով՝ սիրոյ պատուիրանով[2]:
Ինչո՞ւ Կրկնազատիկ
ԽմբագրելԶատիկ կը նշանակէ ազատութիւն եւ այդ օրը կրկնակի ազատութեան օր է: Աստուած մարդկութիւնը ազատած է մեղքերէ, սակայն անոնք կը գտնուին կիրքերու ազդեցութեան տակ: Իսկ երբ Աստուած ամէն ինչ կը նորոգէ եւ մարդկութիւնը կ'ազատէ, ատիկա կը կոչուի Կրկնազատիկ: Կրկնազատիկ կը կոչուի մարդկութեան յարութեան պատճառով: Քրիստոս առաջին Կիրակի օրը մարդոց յարութիւն տուաւ Իր հոգուով ու զօրութեամբ, իսկ երկրորդ կիրակի օրը մարդոց յարութիւն կու տայ ըստ մարմինի՝ եւ մեռելներէն յարութիւն առնելով անոնք կ'անմահանան: Նոր կիրակի եւ Կրկնազատիկ կը կոչուի, որովհետեւ կը տօնուի մարդոց հոգիի փրկութեան նաւակատիքը՝ հոգեւոր ուրախութեամբ ու տօնախմբութեամբ[3]:
Ինչո՞ւ Եկեղեցին, այս յիշատակը կը տօնէ
ԽմբագրելՅիսուս, իր յարութենէն ետք յաճախակի առիթներով կ'երեւի իր աշակերտներուն։ Յարութեան ութերորդ օրը, Յիսուս դարձեալ կ'երեւի անոնց։ Այնտեղ էր նաեւ Թովմաս առաքեալը, որ Յարութեան օրը չէր տեսած Տէրը եւ ըսեր էր.
«Մինչեւ որ գամերուն հետքերը չտեսնեմ անոր ձեռքերուն մէջ ու մատներս չդնեմ գամերուն տեղերը եւ ձեռքս չդպցնեմ Անոր կողին, չեմ հաւատար» (Յովհ. 20.25)։ |
Յիսուս կը հրաւիրէ Թովմասը, որ իր ձեռքերը կողին մէջ խրէ եւ շօշափէ։ Բայց ան միայն կը բացագանչէ՝ «Տէ՜րս եւ Ա՜ստուածս»։
Յիսուս կ'ըսէ անոր.
«Զիս տեսնելուդ համար հաւատացիր, չէ՞։ Երանի՜ անոնց, որոնք առանց զիս տեսնելու կը հաւատան»։ |
Եկեղեցին այս յիշատակը կը տօնէ որպէս նաւակատիք Զատիկի։ Յոյները Նոր Կիրակին կը կոչեն ԹՈՎՄԱՅԻ ԿԻՐԱԿԻՆ։ Կիրակի կամ Կիւրակէ յունարէն բառ է, որ կը նշանակէ Տէրունի օր։ Սկզբնական շրջաններուն տարածուած չէր Կիրակի բառը, այլ կը գործածուէր Միաշաբաթ անունը, որպէս շաբթուան առաջին օրը, երբ Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն։
Հետագային է, որ Միաշաբաթի փոխարէն կը տարածուի յունարէն Կիրակի բառը։ Կիրակի օրուան համար Առաքելական 34 կանոններու երկրորդը հետեւեալ հրահանգը կու տայ. «Բոլոր Կիրակի օրերը տօն կ’ըլլայ եւ պատարագ կը կատարուի, կը կարդացուին մարգարէական Գիրքեր եւ առաքելական Նամակներ, եւ ապա կը կարդացուի Ս. Աւետարան»։ Քրիստոնեաներուն համար Կիրակի օրը հանգստեան օր է։ Սակայն, հանգիստը տանմէջ ամբողջ օրը հանգիստ ընել չէ, ոչ ալ մինչեւ ուշ ժամեր քնանալ։ Ֆիզիքական հանգիստէն աւելի կարեւորը հոգիի հանգստութիւնն է։ Եւ այդ հանգստութիւնը կարելի է զգալ պատարագի մասնակցութեամբ, աղօթքով։
Քրիստոսի յարութեամբ միաշաբաթ օրը կը նուիրագործուի եւ կը դառնայ Կիրակի, ուստի անոր յաջորդող միաշաբաթը կը կոչուի Նոր Կիրակի կրկնազատիկ՝ Կրկին Զատիկ։ Նոր Կիրակին կը խորհրդանշէ Քրիստոսի եկեղեցւոյ հաստատման եւ ծաւալման սկիզբը։
Ի՞նչ կը թելադրեն առաքեալները
ԽմբագրելԱռաքեալները, որոնք ոգեւին նորոգուած էին Քրիստոսի քարոզութեամբ, յարութեամբ ու մանաւանդ Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ, նոյն վերանորոգութիւնը կը թելադրեն բոլորին: Պօղոս Առաքեալ, որ արդարեւ Յիսուսի ուղղակի եւ անմիջական ազդեցութեամբ հոգեպէս եւ հիմնովին վերակենդանացաւ, իր նամակներուն մէջ հզօր շեշտ կը դնէ այս լարին վրայ[4]:
Այս օրը եկեղեցիներէն ներս կ'երգուի «Շարական Նոր Կիրակիին» («Օրհնութիւն»)ը, որ Ներսէս Լամբրոնացի քերթողական բարձր ոճով գրած է. հոն գրողը կը յայտարարէ մարդկային ազգի նորոգութիւնը մեղքի եւ մահուան հնութենէ եւ կը հռչակէ այս Կիրակին իբրեւ Նաւակատիքը, այսինքն սկիզբը մարդոց փրկութեան:
Շարականին համառօտ բացատրութիւնը
ԽմբագրելՇարականին սկիզբը յիշուած «Նորոգեալ Կղզիք»ը քրիստոնեայ դարձած ազգերն են. նոյն նշանակութիւնը ունի յաջորդ տողի «Եկեղեցիք հեթանոսաց» բացատրութեան հետ: Շարականի երկրորդ տունով Սրբազան բանաստեղծը խօսքը կ’ուղղէ «Հարսին», այսինքն Եկեղեցիին, ըսելով. «Ներսէն զարդարուէ ոսկեճամուկ զգեստներով պճնուած». այսինքն առաքինութիւններով եւ սրբութեամբ նորոգուէ: Երրորդ տունի «Սիոնի Որդիները» եկեղեցիի զաւակներն են: Շարականի այս համարով կը թելադրուի անոնց. «Ուրախացէք ի Քրիստոս թագաւորն» եւ ձեր հոգիներուն հնութենէն նորոգուած ըլլալու առիթով Նուակատիք տօնեցէք եւ օրհնեցէք հրեշտակներու հետ «փառաց թագաւոր» Քրիստոսը: