Նոր Ուղի (թերթ, Լոս Անճելըս)

Քաղաքական, հասարակական եւ գրական շաբաթաթերթ։

«Նոր ուղի», քաղաքական, հասարակական եւ գրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1935-1939 թուականներուն, Լոս Անճելըս։ Խմբագիր՝ Մարտիկ Մարտենց։ Նպատակը եղած է ամրապնդել կապը Քալիֆորնիոյ հայ հատուածի եւ Խորհրդային Հայաստանի միջեւ։

Նոր Ուղի
Տեսակ շաբաթաթերթ
Խմբագիր Մարտիկ Մարտենց
Հիմնադրուած է 1935
Հրատարակման վայր Լոս Անճելըս

«Միջազգային լուրեր» բաժինին մէջ մշտապէս քննադատած է ֆաշիզմի դրսեւորումները՝ կոչ ընելով ընդհանուր ճակատ կազմել անոր դէմ։

Զետեղած է նիւթեր հայրենիքի տնտեսութեան, գիտութեան ու մշակոյթի վերելքի, զարգացման հեռանկարներու մասին։

Դրուատած է հայրենադարձութիւնը, անիկա համարած է սփիւռքի հայութեան փրկութեան միակ գրաւականը։ Գրական բաժինին մէջ տեղ գտած են հայ դասական եւ սովետական հեղինակներու գործերը։ Կարգ մը նիւթեր հրատարակուած են անգլերէն։

Աղբիւրներ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։