Նուպարեան Ազգային Վարժարան (Եգիպտոս)

Նուպարեան ազգային վարժարան, ամենօրեայ վարժարան։ Հիմնուած է 1925 թուականին, Գահիրէի Հելիոպոլիս արուարձանի մէջ, ազգային բարերար Պողոս Նուպար փաշայի նուիրատուութեամբ։ Կը կոչուի անոր անունով։ Ունի մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ բարձրագոյն նախակրթարանի բաժիններ։ Նպատակն է սաներու նախապատրաստումը բարձրագոյն դպրոց ընդունուելու համար։ Կը դասաւանդուին հայոց լեզու եւ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, մատենագիտութիւն, ֆրանսերէն, անգլերէն, արաբերէն, կրօնի պատմութիւն, բնական գիտութիւններ, արուեստի առարկաներ։ Վարժարանը 1926 թուականին ունեցած է 138, 1937 թուականին՝ 247, 1949 թուականին՝ 313, 1996 թուականին՝ 110 աշակերտ, 23 ուսուցիչ։ Կան գրադարան, մատենադարան։ Հրապարակուած է «Արեգ» պարբերաթերթը։ Հովանաւորներն են թեմի առաջնորդարանը, Գահիրէի ազգային իշխանութիւնը։

Պողոս Նուպար Փաշա


Եգիպտահայ ուսումնական ցանցին մէջ, Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին Գահիրէի արուարձան Հելիոպոլիսի մէջ եւս կառուցուեցաւ Նուպարեան Վարժարանը՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի հովանաւորութեամբ: Այս բոլորը կատարուեցան առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոսի քաջալերանքովն ու անձնական միջնորդութեամբը: [1]:
- Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան։


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։