Շարահիւսութիւն, քերականութեան երկու հիմնական բաժիններէն մէկը, որ կ'ուսումնասիրէ բառերու գործառական կիրառութիւնները, անոնց կապակցութիւնները, նախադասութիւնները, ասոնց կառուցուածքային տիպերը եւ կապը իրար հետ։ Շարահիւսութեան հիմնական խնդիրը, այդպիսով, լեզուի շարահիւսական միաւորներու եւ ատոնք պայմանաւորող քերականական յարաբերութիւններու քննութիւնն է։ Այդ միաւորներն են՝ նախադասութեան անդամներն են բառակապակցութիւնները եւ նախադասութիւնները։

Քերականագիտութեան մէջ ժամանակ մը շարահիւսութեան հանգեցուած է բառակապակցութիւններու ուսմունքի, ըստ որուն նախադասութիւնները նոյնպես դիտուած են որպէս բառակապակցութիւններու առանձին տեսակ։ Սակայն յետագային նախադասութիւններն ու բառակապակցութիւնները առանձնացած են։ Այս պարագային եւս մասնագէտներու զգալի մասը շարահիւսութիւնը համարած է բառակապակցութիւններու ու նախադասութիւններու ուսմունք։ Այդուհանդերձ, զայն ուսումնասիրութեան ընթացքին չեն անտեսուած նաեւ նախադասութեան անդամները։ Աշխարհաբառի քերականագիտութեան մէջ մինչեւ․ 20-րդ դարու 60-ականները շարահիւսութեան բաժնին մէջ շեշտը դրուած է նախադասութիւններու ու անոնց անդամներուն վրայ, բառակապակցութիւնները քննութեան առարկայ գրեթէ չեն դարձած։ Ժամանակակից հայագիտութիւնը շարահիւսութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ կ'ընդգրկէ թէ՛ նախադասութիւններն ու անոնց անդամները, թէ՛ բառակապակցութիւնները։ Նախադասութեան անդամները, քերականական զանազան կապերու մէջ ըլլալով, կը բաղադրեն նախադասութիւնը եւ այդպիսով կը մասնակցին համապատասխան մտքի ձեւաւորման ու հաղորդման։ Բառակապակցութիւնները աւելի մեծ միաւորներ են, քան նախադասութեան անդամները, որովհետեւ երկու կամ աւելի լիիմաստ բառերու անդամազատ զուգակցումներ են, լրացում-լրացեալ միութիւններ, ուր կայ կախման յարաբերութիւն, գլխաւոր բառը գերադաս է, միւսը՝ ստորադաս, կախեալ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նախադասութեան առանձին անդամ է։ Բայց որոշ պարագաներու նախադասութեան անդամները կրնան արտայայտուիլ ամբողջական բառակապակցութիւններով, ինչպէս նաեւ հիմնական ու սպասարկու բառերու զուգակցութեամբ։

Բառակապակցութիւնները դեռ նախադասութիւններ չեն, որովհետեւ չունենալով նախադասութեան անհրաժեշտ յատկանիշները՝ միտք չեն հաղորդեր, այլ նախադասութեան կազմին մէջ կը ծառայեն ատոր։ Նախադասութիւնը հաղորդակցման միաւոր է, քանի որ օժտուած ըլլալով ստորոգումով ու հնչերանգային աւարտուածութեամբ, որեւէ միտք կ'արտայայտէ։ Բայց անիկա կրնայ կազմուած ըլլալ թէ՛ մէկ բառանդամէ, թէ՛ բազմաթիւ անդամներէ, ինչպէս նաեւ իր կազմին մէջ կրնայ ունենալ բաղադրիչ նախադասութիւններ։ Շարահիւսական յարաբերութիւնները բազմազան են։ Ենթական ու ստորոգեալը միմիանց հանդէպ ունին ստորոգումային յարաբերութիւն, ստորադաս կամ գերադաս չեն։ Ընդհանրապէս նախադասութեան անդամներուն միջեւ յարաբերութիւնները կ'ըլլան կապակցական հետեւեալ տիպերով՝ համաձայնութեամբ, հոլովումով եւ առդրութեամբ։ Համաձայնութիւնը տարբեր անդամներու կապակցումն է դէմքի, թիւի եւ հոլովի համապատասխանեցումով։ Ժամանակակից հայերէնին մէջ համաձայնական կապակցութիւն ունին ենթական եւ ստորոգեալը (կը համաձայնին դէմքով ու թիւով՝ «Ես գրեցի», «Մենք գրեցինք», «Վարդանը եւ Գրիգորը գրեցին»), բացայայտիչի որոշ տիպեր եւս կը համաձայնին բացայայտեալին («Ես՝ ուսանողս, ուսման մէջ գերազանցիկ եմ», «Դուք՝ ուսանողներդ, ուսման մէջ գերազանցիկ էք»)։ Հոլովումը նախադասութեան այս կամ այն անդամի (եւ միաժամանակ բառակապակցութեան անդամի) իմաստի (նաեւ որոշ բայերու սեռի) պահանջով որեւէ հոլովով արտայայտուող լրացման ընդունումն է («Կը գրեմ նամակ», «Մօտեցայ պատին», «Զգուշացէ՛ք հրդեհէն» «Կը քալեմ մայթին վրայէն», «Ան կը սորվի դպրոցը»)։ Հոլովով արտայայտուող լրացումը կրնայ նախադասութեան առանձին անդամ չըլլալ՝ մնալով բառակապակցութեան կազմին մէջ, իր գերադաս անդամին հետ հանդէս գալ որպէս նախադասութեան անդամ («Ասիկա գովասանքի արժանի գործ է», «Ատիկա մարդուն վայել բան չէ»)։ Առդրումը լրացման յարումն է լրացեալին՝ առանց փոփոխութեան («Կարմիր վարդը բացուած է», «Մեքենան արագ ընթացաւ»)։ Կապակցման տարբեր տիպերը կ'իրագործուին զանազան միջոցներով։ Ատոնք են՝ թեքոյթները եւ բառափոխական միւս ձեւոյթները («Ես ներկեցի վրձինով», «Թռչունները չուեցին» եւն.), կապերը («Դուք խօսեցաք աշխատանքի մասին», «Գացինք դէպի դաշտ» եւն.), շարադասութիւնը (համապատասխան միտքի արտայայտումէն բխող՝ կապակցուող բառերու դասաւորումը), հնչերանգը։ Նախադասութիւններու կապակցութիւնները կ'ուսումնասիրուին ըստ իրենց բարդ տիպերուն մէջ մտնող պարզ նախադասութիւններու յարաբերութիւններու, որոնք ընդհանուր առմամբ կ'ըլլան համադասական եւ ստորադասական՝ կապակցման համապատասխան միջոցներով ու եղանակներով։ Արդի շարահիւսագիտութեան մէջ նոր են շարահիւսական հոմանիշներու, շարահիւսական յարացոյցներու, բնագիրի շարահիւսութեան գաղափարները։[1]

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Մ. Աբեղեան, Հայոց լեզուի տեսութիւն, Ե., 1965։
  • Ս. Աբրահամեան, Հայոց լեզու (Շարահիւսութիւն), Ե., 1984։
  • Ս. Աբրահամեան եւ այլք, Հայոց լեզու, մ. II, Ե., 1975։
  • Ս. Աբրահամեան եւ այլք, Ժամանակակից հայոց լեզու, հ. 3, Ե., 1976։
  • Վ. Առաքելեան, Հայերէնի շարահիւսութիւն, հ. 1-2, Ե., 1959-1964։
  • Վ. Առաքելեան, Ներածութիւն «Հայերէնի շարահիւսութեան», Ե., 1959։
  • Ստ. Մալխասեանց, Գրաբարի համաձայնութիւնը, Թիֆլիս, 1892։
  • Հ. Պետրոսեան, Հայագիտական բառարան, Երեւան, 1987։
  • Գ. Սեւակ, Հայոց լեզուի շարահիւսութիւն, Ե., 1937-1980։

Ծանօթագրութիւն

Խմբագրել
  1. (հայերեն) Շարահյուսություն, 2022-03-06, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%87%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B0%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%BD%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%B6, վերցված է 2024-11-05