Շարժակներ եւ Շարժընթացներ
Շարժակը, (moteur) մեքենայ մըն է որ վառելանիւթին մէջ գտնուող ուժանիւթը կը վերածէ ինքնաշարժը, մոթոսիքլեթը կամ գնացք տեղափոփոխ ուժի:
Շարժընթաց
ԽմբագրելՇարժընթացը (Boite de vitesse) կարելի կը դարձնէ որ ինքնաշարժը արագօրէն սուրայ առանց շարժակին արագ հոլովումին: Ծնկաձեւ լիսեռը մխոցներուն երթուդարձ շարժումը կը վերածէ հոլովական շարժումի որ կը փոխանցուի շարժիչ բունին:
Հեծանիւի մը շարժընթացները
ԽմբագրելՀեծանուորդը հեծանիւը յառաջ կը մղէ՝ առջեւի ատամնանիւին առանցքին վրայ հաստատուած ոտնակներու միջոցաւ: Շղթայ մը կը միացնէ այդ մեծ ատամնանիւը ետեւի անիւին առանցքին վրայ հաստատուած փոքր ատամնանիւին: Այդպէսով ետեւի անիւը ոտնակներէն աւելի արագ կը դառնայ եւ հեծանիւը յառաջ կը մղէ մեծ արագութեամբ:
Ներքին Այրման Շարժակներ
ԽմբագրելԿառքերու շարժակներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի ներքին այրման տեսակին: Օդ-պենզին խառնուրդը կը պայթի՝ մղելով մխոգները որ շարժիչ բունը դարձնեն:
Ելեկտրական Շարժակ
ԽմբագրելԵլեկտրական շարժակաները կը գործածուին արդիւնաբերութեան մէջ եւ կարգ մը փոխադրամիջոցներու պարագային՝ մեթրօ, գնացք, ինքնաշարժ...
Տիզել Շարժակը
ԽմբագրելՏիզել շարժակի մը աշխատելակերպը որոշ չափով կը նմանի պենզինի շարժակինին, միայն առանց ելեկտրական կայծատուի: Կազիւղի խառնուրդը այնքան զօրաւոր կերպով կը ճնշուի որ ջերմաստիճանը բաւարար չափով կը բարձրանայ առանց կայծի պայթելու համար:
Շարժակ՝ չորս եղանակով
ԽմբագրելՇարժակի իւրաքանչիւր մխոց կը կատարէ երթուդարձի շարժում մը շարունակական չորս եղանակով շրջանառութեան մը հիման վրայ.- ներթողում, ճնշում, պայթում եւ արտաքսում:
Ներթողում
ԽմբագրելՆերթողման կափարիչը կը բացուի եւ մխոցը կ'իջնէ գլանին յատակը՝ ներծծելով օդ-պենզին խառնուրդը:
Ճնշում
ԽմբագրելՆերթողման կափարիչը կը գոցուի: Մխոցը վեր կ'ելլէ ճնշելով օդ-պենզին խառնուրդը:
Պայթում
ԽմբագրելԿափարիչները փակ են: Կայծատուին կայծը կը պայթեցնէ այդ խառնուրդը՝ ինչ որ մխոցը ուժգին կերպով վերստին դէպի վար կը մղէ:
Արտաքսում
ԽմբագրելԱրտաքսման կափարիչը կը բացուի, մխոցը վեր կ'ելլէ եւ կ'արտաքսէ այրումի կազերը:
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ'ԱՇԽԱՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM