Շնոպելեան Մրցանակ
Շնոպելեան մրցանակներ (կամ Իկնոպելեան, կամ Հականոպելեան) մրցանակներ են, որոնք կը շնորհուին այն «նուաճումներու համար, որոնք սկիզբը կը ստիպեն ծիծաղիլ, իսկ այնուհետեւ՝ մտածել»: Թիւով տասը Շնոպելեան մրցանակները կը բաշխուին ամէն տարի Հոկտեմբերի սկիզբը. այն ժամանակ, երբ կը յայտարարուին իսկական Նոպելեան մրցանակակիրներու անունները։ Այս մրցանակը հիմնուած է 1991 թուականին Մարք Աբրահամսի եւ «Արտակարգ հետազոտութիւններու տարեգիրք» ամսագիրի կողմէ եւ կը շնորհուի արտասովոր եւ սրամիտ հետազոտութիւններու համար, որպէսզի լայն հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւեն եւ հետաքրքրութիւն խթանեն դէպի գիտութիւն, բժշկութիւն եւ արհեստագիտութիւն։
Անուանման Ծագումը
ԽմբագրելՄրցանակի անուանումը եկած է անգլերէն՝ Ig Nobel Prize անուանումէն, որուն բառախաղի միջոցով (ignoble — «ամօթալի») ստեղծուած է ծաղրական ազդեցութիւն։ Ռուսերէն տարբերակին անուանումը նոյնպէս կը թարգմանուի բառախաղի միջոցով՝ Ծաղրային Նոպելեան մրցանակ: Այն իր հերթին կը յղէ մեծ քիթի, քանի որ այդ մրցանակն է, որ կը շնորհուի մրցանակակիրներուն եւ որ կապուած է գիտնականի ծաղրական կերպարի հետ։ Հայերէն աւելի լայն տարածում ստացած է Շնոպելեան մրցանակ, կամ Հականոպեեյան տարբերակը։
Մրցանակաբաշխութիւն
ԽմբագրելԱմէն տարի Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրները՝ մեծ ակնոցներով, արհեստական քիթերով եւ ֆեսերով կու գան շնորհնելու մրցանակները։ Հարուարտի համալսարանի դահլիճներէն մէկուն մէջ, ուր տեղի կջունենայ այս արարողութիւնը, կը թժչին թուղթէ ինքնաթիռներ։ Մրցանակարիրներու ուղերձի ժամանակը սահմանափակուած է 60 վարկեանով, այլապէս իրենց կը կանգնեցնէ աղջիկ մը, որ բարակ ձայնով կը բացագանչէ. «Կը խնդրեմ, վերջ տուէ՛ք, կը ձանձրանամ»:[1]
Մրցանակակիրներուն կը շնորհեն, օրինակ, ֆոլկայէն պատրաստուած մետալ կամ չխկչխկացնող ծնոթներ, ինչպէս նաեւ մրցանակի վկայական, որ ստորագրուած է երեք Նոպելեան մրցանակակիրներու կողմէ։
Մրցանակաբաշխութիւնը կը հեռարձակուի ամերիկեան հեռուստալիքներով եւ ռատիոյով մի քանի լեզուով։ Անիկա կարելի է նաեւ դիտել ուղիղ եթերով մրցանակի պաշտօնական կայքէջին վրայ։ Մի քանի օրէն մրցանակաբաշխութենէն ետք Մասաչուսեթսի արհեստագիտական կեդրոնին մէջ մրցանակակիրները կարող են դասախօսութիւն կարդալ՝ բացատրելով իրենց հետազոտութիւնները եւ իրենց նշանակութիւնը։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Աբրահամս. Մ. Շնոպելեան մրցանակներ — Մոսկուա, АСТ հրատարակչութիւն, 2006. — ISBN 5-17-030356-4
- Աբրահամս. Մ. Շնոպելեան մրցանակներ-2 — Մոսկուա, АСТ հրատարակչութիւն, 2009. — ISBN 978-5-17-052229-3