Շնչադադար կամ Շնչականգառ


Շնչադադար կամ Շնչականգառ կը նշանակէ` շնչառութեան դադրիլը, կենալը, կասեցումը, կանգ առնելը:

Շնչականգառը ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենայ շնչահեղձութենէ ետք:

Շնչահեղձութիւն

Խմբագրել

Շնչահեղձութիւն կը պատահի բնականօրէն` ֆիզիքական ծանր աշխատանքէ, յոգնութենէ եւ մարզանքէ ետք: Անիկա մտահոգիչ կը դառնայ, երբ պատահի վերոյիշեալ պայմաններէն դուրս եւ  կը դառնայ ախտաբանական երեւոյթ, որուն տարողութիւնը կախեալ է անոր ախտապատճառներուն տեսակէն, որակէն եւ չափէն:

Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը յառաջանայ շնչառական համակարգի վերի եւ վարի բաժիններուն հիւանդութիւններուն եւ ախտաբանական երեւոյթներուն գոյութեամբ, որոնք կը յառաջացնեն շնչառական համակարգի մասնակի եւ կամ ամբողջական խցում:

Վերի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններէն եւ ախտաբանական երեւոյթներէն կարելի է յիշել.

  • քիթի միջնորմի (septum) ծռութիւն,
  • ցցօններ (polyps), վատորակ ուռեր,
  • քիթի յետսամասի ոսկրային ընդոծին խցում (cհoanal atresia),
  • քթաըմբանի գեղձուռոյցք (adenoids),
  • լաւորակ եւ վատորակ ուռեր,
  • ըմբանի ծաւալած նշիկներ (tonsils),
  • պալար, լաւորակ եւ վատորակ ուռեր,
  • խռչափողի ձայնալարային ուռեր եւ անդամալուծութիւն,
  • խռչափողի աճառային թուլութիւն (laryngomalacia),
  • խռչափողի ընդոծին թաղանթ,
  • մղձկահազ (croup), կեղծմաշկ (diphtheria),
  • շնչափողի աճառային թուլութիւն (tracheomalacia),
  • մակալեզուի բորբոքում (epiglottitis),
  • հարբուխ եւ կրիփ (influenza),
  • ձայնալարերու խլիրդ, ինչպէս նաեւ օտար մարմիններու ներշնչում:

Վարի շնչառական համակարգի հիւանդութիւններն ու ախտաբանական երեւոյթներն են.

  • ցնցղատապ (bronchitis),
  • ցնցղիկատապ (bronchiolitis),
  • ցնցղակծկում (bronchial spasm),
  • թոքատապ (pneumonia),
  • թոքային անօթախցում (pleural embolism),
  • փքուռոյց (emphysema),
  • մնայուն շնչարգելք (asthma),
  • թոքի եւ թոքապատեանի միջեւ օդի կուտակում ( pneumothorax),
  • թոքի ջրուռեցք (pleurisy),
  • օտար մարմիններու եւ թունաւոր կազերու ներշնչում,
  • թոքի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր,
  • մթնոլորտային եւ միջավայրային ապականում` փոշի, թունաւոր կազեր, բեղմնափոշի (pollen),
  • ծխախոտի գործածութիւն[1]:

Ախտաբանական շնչահեղձութիւն կը յառաջանայ նաեւ սրտային հիւանդութիւններով, օրինակ`

  • սիրտի պսակաձեւ զարկերակներու (coronary artery) խցում եւ սրտի կաթուած (MI, myocardial infarction),
  • բորոքային բլթակներու արատներ (ventricular valvular defects),
  • սրտապարկային զեղում (pericardial effusion),
  • սրտապարկաբորբ  (pericarditis),
  • սիրտի ընդոծին թերութիւններ ու սրտի բաբախումի անկանոնութիւններ (arrhythmias):

Անոր պատճառներէն են նաեւ`

  • սակաւարիւնութիւն (anemia),
  • հոգեբանական, յուզական, զգացական եւ ջղային կացութիւններ,
  • կոտրուած կողոսկր (rib),
  • գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism),
  • քունի շնչադադար (sleep apnea),
  • գերզգացական ցնցակաթուած (anaphylactic shock), որ կը յառաջանայ ենթակայ ըլլալով որոշ սննդանիւթերու, միջատի խայթուածքի, կարգ մը դեղի, ինչպէս նաեւ` գիրութիւն-Ճարպակալում, յղութիւն, որովայնային ջրուռեցք (ascitis) եւ ստամոքսային աղեթափութիւն (hiatal hernia):

Ախտաբանական շնչահեղձութեան զարգացում

Խմբագրել

Ախտաբանական շնչահեղձութիւնը կը զարգանայ երկու ձեւերով` անակնկալ-սուր եւ դանդաղ յառաջընթաց[2]:

Շնչականգառ կը պատահի ախտաբանական շնչահեղձութեան յարաճուն (progressive) վատթարացումով կամ անակնկալ ցնցղակծկումով (bronchial spasm), օտար մարմինի մը եւ թունաւոր կազերու ներշնչումով:

Շնչականգառ կը պատահի որեւէ տարիքի, սակայն` առաւելաբար տարեցներու եւ մանուկներու մօտ: Տարեցներու շնչականգառը հետեւանքն է ախտաբանական շնչահեղձութեան վատթարացումը: Իսկ մանուկներու շնչականգառը կը պատահի առաւելաբար օտար մարմիններու ներշնչումով:

Մանուկներու շնչականգառի ախտանշաններն են`

  • շնչառութեան բացակայութիւն,
  • թոքային շնչասլոց (stridor),
  • խօսելու, ձայնարկելու կամ պոռալու անկարողութիւն,
  • կապտութիւն (cyanosis),
  • անգիտակցութիւն
  • մահաքուն:

Այս բոլորը հետեւանքն են շնչառական համակարգի վերին բաժինին խցումը` օտար մարմինով մը եւ կամ շնչուղիին (respiratory tract) ներքին խլնաթաղանթին (mucous membrane) անակնկալ ուռիլը` գերզգայնութեան պատճառով կամ ներշնչուած թունաւոր կազերով:

Մանուկի մը շնչականգառի պարագային, երբ ան գիտակցութիւնը չէ կորսնցուցած, շտապ օգնութիւն պէտք է կիրարկուի, այլ խօսքով հետեւեալ անմիջական միջոցները պէտք է կատարուին ներկայ գտնուող անձի մը կողմէ.

  1. Բանալ մանուկին բերանը եւ հարուածել անոր կռնակը որպէսզի հազայ: Եթէ մանուկը հազայ, կը նշանակէ, որ խցումը մասնակի է: Այս պարագային, շարունակել կռնակը հարուածել, որպէսզի ան շարունակ հազայ: Օտար մարմինը շատ հաւանաբար դուրս կու գայ հազալով: Իսկ հազի բացակայութիւնը շատ հաւանաբար կը փաստարկէ խցումին ամբողջական ըլլալը: Այս պարագային, կանչել բժշկական շտապ օգնութեան եւ կատարել հետեւեալը.
  2. Երկու ձեռքերով հարուածային ճնշում բանեցնել ստամոքսին վրայ եւ շարունակ հարուածել կռնակը յուսալով, որ օտար մարմինը արտահանուի:

Անգիտակցութեան պարագային, անմիջապէս կանչել բժշկական շտապ օգնութեան: Մինչ այդ պառկեցնել մանուկը կարծր տախտակամածի վրայ եւ կիրարկել թոքասրտային վերակենդանացում (cardiopulmonary resussitation)` երկու ձեռքերը իրարու վրայ դրած 25 անգամ հարուածել կրծքավանդակին` ճնշում բանեցնելով կրծոսկրին (sternum) վրայ, բանալ բերանը եւ ստուգել, թէ օտար մարմինը հասա՞ծ է բերան: Եթէ այո, ձեռքով բռնել եւ դուրս հանել օտար մարմինը եւ ապա բերնով երկու անգամ շնչել մանուկին բերնին: Եթէ կրծքավանդակը բարձրանայ եւ լայնածաւալի, կը նշանակէ, որ շնչուղին բաց է, եւ շնչականգառը անհետացած է: Իսկ կրծքավանդակի անշարժութեան պարագային, երկրորդ անգամ նորէն 25 հարուածներ տալ կրծքավանդակին եւ ճնշել  կրծոսկրին վրայ յուսալով, որ օտար մարմինը պիտի արտաքսուի[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել