Շոգի
Շոգին, բնագիտութեան, տարրաբանութեան եւ ճարտարագիտութեան մէջ գոլորշիացած ջուր կը նշանակէ: 100 աստիճան տաքութեան եւ բնական մթնոլորտային ճնշումով շոգին, զուտ, թափանցիկ օթակազի մը ձեւը եւ հեղուկ ջուրէն 1600 անգամ մեծ ծաւալ կ'ունենայ:[1]
Բնական ըլլալով շոգին, ջուրի եռալու աստիճանէն աւելի կ'ըլլայ: Աւելի բարձր տաքութիւններուն՝ շոգիի ընդհանրապէս շիկացած շոգի կ'ըսուի:[2]
Հեղուկ ջուրը եթէ շատ տաք նիւթի մը հետ շփման մտնէ (օրինակի համար լաւա կամ հալած մետաղ), անմիջապէս շոգիի կը վերածուի: Այս դէպքը «շոգիի պայթում» կ'անուանուի: Այս դէպքը գոց միջավայրերու մէջ շատ մեծ վնասներ կրնայ պատճառել:
Շոգիի մեքենայ մը մեքենական ուժ ստեղծելու համար շրջանիւի կամ մխոցի շարժումները, շոգիին ընդլայնումով ձեռք կը ձգուին: Ուրիշ գործատան կիրարկութիւններու մէջ շոգին ընդհանուր ըլլալով՝ եղեգնափողերու մէջ շրջելով ունեցած ջերմութեան ուժը կը փոխադրէ: Այս բարձր ուժին պատճառը ջուրին ունեցած բարձր շոգիանալու ջերմութիւնն է: Ճարտարապետները շոգիի մեքենաները օրինակելու համար իտէալ ջերմազօրութեան շրջան մը՝ Ռէնքայն շրջանը կը գործածեն:[3]
Շոգին, գործատուներէ զատ շոգեբաղնիքներու եւ բաղնիքներու մէջ մարդոց բուժման համար ալ կը գործածուի:[4]
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իր ստեղծած ելելկտրական ուժին %90-էն աւելին իբրեւ հեղուկ՝ շոգի գործածած շրջանիւներէն կը հաստատէ: Շոգիի շրջանիւներու ատակութիւնը աւելցնելու համար, ցած ճնշումով մթնոլորտի մը մէջ, շոգին խտացուելով յաճախ ջուրի վերածուելով ձեռք կը ձգուի: Բայց այս միջոցին ժանգոտութենէ փրկուելու համար շրջանը շատ զգոյշ պէտք է որ քննուի:[5]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «What is Water Vapor?»։ արտագրուած է՝ 2012-08-28
- ↑ «What is the greenhouse effect?»։ NASA
- ↑ «Geotechnical, Rock and Water Resources Library - Grow Resource - Evaporation»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ April 12, 2008-ին։ արտագրուած է՝ April 7, 2008
- ↑ «swimming, pool, calculation, evaporation, water, thermal, temperature, humidity, vapor, excel»։ արտագրուած է՝ February 26, 2016
- ↑ «Summary of Results of all Pool Evaporation Rate Studies»։ R. L. Martin & Associates։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ March 24, 2008-ին