Շուէտի Ազգային Օր

Շուէտ ազգային օր կամ Շուէտի դրօշի օր (շուէտ.՝ Sveriges nationaldag կամ svenska flaggans dag), Շուէտի մէջ կը նշուի ամէն տարի 6 Յունիսին: Տօնը սահմանուած է Ռիքսհակի (շուէտական խորհրդարան) կողմէ 1983-ին. մինչեւ այդ թուականը այն կը նշուէր իբրեւ Շուէտի դրօշի օր:

Շուէտի ազգային օր

Պատմութիւն Խմբագրել

Ժամանակակից Շուէտի հիմնադիրները առաջարկեցին յաւերժացնել 1523-ին թագաւոր Կուսթաւ I Վազայի ընտրութեան ամսաթիւը, իսկ 1910-ականներէն տօնը աւանդաբար կը նշուի Սթոքհոլմի ողիմպիական մարզադաշտին մէջ:

Սակայն, քանի մը տասնամեակ այս ամսաթիւը չէր համարուիր ազգային տօն: 6 Յունիս 1523-ին Քալմարեան միութիւնը կազմալուծուեցաւ, եւ աւարտեցաւ Դանիայի գահակալութիւնը, այսինքն այդ օրը Շուէտը անկախութիւն ձեռք բերաւ: Բայց այս իրադարձութիւնները տեղի ունեցած էին բաւականին վաղ ժամանակներուն եւ բաւարար նշանակութիւն չունէին հասարակական գիտակցութեան համար: 2005-ին տօնի օրը դարձաւ ոչ աշխատանքային, որուն փոխարէն աշխատանքային դարձաւ Սուրբ Հոգիի օրը: Այդ նուազեցուց ոչ աշխատանքային օրերու ընդհանուր քանակը տարուան ընթացքին, քանի որ 6 Յունիսը երբեմն կը համընկնէր հանգստեան օրերուն հետ, մինչդեռ Սուրբ Հոգիի օրը միշտ կը նշուէր Երկուշաբթի օրը (եւ Շուէտի մէջ այն կը կոչուէր «Երրորդութեան Երկուշաբթի»): Կառավարութեան այս որոշումը դժգոհութիւն առաջացուց բազմաթիւ արհմիութիւններու մօտ: Յետագային այդ հարցը լուծուեցաւ, շուէտներուն տրուեցաւ ութ ոչ աշխատանքային ժամ, որ անոնք կրնային օգտագործել ցանկացած օր[1]:

Իրադարձութիւններ Խմբագրել

6 Յունիսին Շուէտի պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններ`

  • 1523 - Կուսթաւ Ա. Վազան ընտրուեցաւ Շուէտի թագաւոր, որ յատկանշուեցաւ Քալմարեան միութեան փլուզմամբ:
  • 1654 - Քարլ Կուսթաւը ժառանգեց Շուէտի գահը թագուհի Քրիստինայի հրաժարականէն ետք:
  • 1809 - Կառավարական նոր իշխանութիւնը շուէտական ազնուականութեան վերադարձուց քաղաքական իշխանութիւնը:
  • 1857 - Սոֆիա Նասավացին ամուսնացաւ Շուէտի եւ Նորվեկիայի թագաւոր Օսքար Բ.-ի հետ:
  • 1974 - Կառավարութիւնը Շուէտը հռչակեց սահմանադրական միապետութիւն, որ կը ղեկավարուէր խորհրդարանին կողմէ[2]:

1523 եւ 1809-ականներու իրադարձութիւնները կը համարուին ամենակարեւորները. առաջինը Քալմարեան միութենէն Շուէտի պետութեան անկախութեան վերականգնումը, երկրորդը՝ կառավարման նոր համակարգի ստեղծումը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1970-ականները:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանոթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Bové, Klara and Ekengren Oscarsson, Henrik, "Fler firar den svenska nationaldagen" in Larmar och gör sig till : SOM-undersökningen 2016։ SOM-institutet։ 2017-06-28։ ISBN 978-91-89673-39-7։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-12-03-ին։ արտագրուած է՝ 15 December 2017  "Mellan 2011 och 2016 ökade andelen som firar nationaldagen från 25 till 31 procent."
  2. «Nationaldagen den 6 juni som allmän helgdag» (Swedish)։ Sveriges riksdag։ 7 October 2004։ արտագրուած է՝ 11 June 2011