Շուէտի Բանակի Թանգարան

Շուէտի բանակի թանգարան (շուէտ.՝ Armémuseum), ռազմական պատմութեան թանգարան Սթոքհոլմի Էսթերմալմ շրջանին մէջմ: Վերաբացուած է 2002-ին՝ երկար ժամանակ փակուած մնալէ ետք, եւ 2005-ին ստացած է Սթոքհոլմի լաւագոյն թանգարանի կոչումը: Թանգարանը կը ներկայացնէ Շուէտի ռազմական պատմութիւնը, ներառեալ երկրի չէզոքութեան ժամանակակից քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ Շուէտի բանակը[4]:

Շուէտի Բանակի Թանգարան
Տեսակ ռազմական թանգարան?
Երկիր  Շուէտ[1]
Տեղագրութիւն Սթոքհոլմ[1]
Վայր Էսթերմալմ
Մասն է Ռազմական պատմութեան Շուէտի ազգային թանգարաններ
Հասցէ Ռիտտարկաթան
Հիմնադրուած է 1879[2]
Հիմնադիր Carl Leijonhufvud?
Այցելուներ 86 112[3]
59°20′05″N 18°04′49″E / 59.3347°N 18.0802°E / 59.3347; 18.0802
Կայքէջ armemuseum.se
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Շուէտի բանակի թանգարանը 1879-էն, բացման օրէն ի վեր, տեղակայուած է Սթոքհոլմի Էսթերմալմ շրջանի Արթիլլերիկարտէնի մէջ։ 17-րդ դարու կիսուն այս վայրը օգտագործուած է ռազմական նպատակներով, եւ շուրջ 300 տարի այստեղ տեղակայուած եղած է հրետանիի հիմնական պահեստը: Ներկայիս շէնքերը կառուցուած են 18-րդ դարու վերջը: Թանգարանը ի սկզբանէ յայտնի էր իբրեւ հրետանային թանգարան, եւ բանակի թանգարան անուանումը ստացած է 1930-ականներու սկիզբը, իբրեւ աւելի ճշգրիտ արտացոլի թանգարանի գործունէութիւնը: Թանգարանին մէջ իրականացուած է մեծ վերանորոգում, եւ նոր ժամանակակից շէնքը բացուած է 1943-ին[5]:

Ցուցադրութիւններ

Խմբագրել

Ցուցադրութիւններուն մէջ ներկայացուած են պատերազմի եւ խաղաղութեան ժամանակ զինուորներու, անոնց ընտանիքներու եւ ընդհանուր բնակչութեան կենսապայմանները: Անոնք կը ներառեն անցեալ դարերու զինուորներու իրական չափերու քանդակներ, ինչպէս նաեւ շուէտական զօրքերու խոշոր մարտերու, զէնքի, ռազմական հագուստի եւ պատերազմի այլ բնորոշ տեսարաններ: 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն Շուէտի կողմէ գերաւարուած ռազմավարն ու դրօշները կը ցուցադրուին յատուկ սենեակի մէջ։

Թանգարանին մէջ ներկայացուած է նաեւ շուէտ դիւանագէտ, Հոլոքոստի ժամանակ նացիստներէն հազարաւոր մարդոց կեանքեր փրկած Ռաուլ Վալենպերկի մասին պատմող փոքրիկ ցուցադրութիւն:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել