Շրջասութիւն
Շրջասութիւնը, Կը կայանայ իր մը, անձ մը, երեւոյթ մը քանի մը բառերէ կազմուած լեզուական դարձուածքով մը անուղղակի «անուանելու» մէջ, փոխանակ իր անունով կոչելու։ Այսպէս, երբ Պարոնեան կը գրէ. «Տիրասէր» բառը, որ կը գործածես, անախորժ կը հնչէ սահմանադրութեան եւ ազատութեան դարուս մէջ, պարզ «Մեր դարուն» ըսելու տեղ, շրջասութիւն գործածած կ՛ըլլայ. կամ երբ կը գրէ աւազակները կը մերկացնեն իրենց պաշտօնակիցը, փոխանակ գայմագամի։
Աղբիւր
Խմբագրել- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Բ.-Գ. տարիներ, էջ 143: