Երկրորդ անգամ ըլլալով, Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը գլխաւորութեամբ ըմբոստ հրամանատար Խալիֆա Հաֆթարի ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2020 թուականի Ապրիլի 24-ին: 2019-ի ապրիլի 19-ին, Լիպիոյ Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը հանդէս եկած էր նմանօրինակ ճանաչումով:
Հայաստանի մէջ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառով Մարտ 16-էն յայտարարուած արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է եւս 30 օրով` մինչեւ Յունիս 13, 2020-ը:
Հայաստանի ամենատարեց բնակիչը՝ Սիրուշ Սմբատ Մարգարեանը 3 Մայիս 2020-ին դարձաւ 115 տարեկան։ Ան կ'ապրի Հայաստանի Գլաձոր համայնքին մէջ։
Հրդեհի հետեւանքով ոչնչացած է Ազգային Գրադարանի թուային արխիւը։ Գրադարանը ունի կրկնօրինակներ, սակայն ընթերցողները որոշ ժամանակի համար պիտի չկարենան օգտուիլ։