Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2020
Արեգակնային դրութիւն, բաղկացած է արեւէն եւ անոր շուրջը դարձող երկնային մարմիններէն, ներառեալ Երկիրն ու այլ մոլորակները: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ նաեւ այլ փոքր մարմիններ ՝ գաճաճ մոլորակներ, երկնաքարակերպեր, եւ գիսաստղեր, ինչպէս նաեւ՝ կազի եւ փոշիի բարակ ամպ, որ ծանօթ է միջմոլորակային միջավայր անունով: Կան նաեւ մոլորակներուն արբանեակները, որոնց թիւը կը հասնի 150-ի եւ ծանօթ են լուսնակներ անունով: Սակայն արեգակնային դրութեան ամենամեծ մարմինն ու կեդրոնը կը համարուի Արեւը, որու ճառագայթները լոյս եւ ջերմութիւն կը սփռեն եւ կեանքը կարելի կը դարձնեն Երկրի վրայ: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ ութ մոլորակներ, Արեւէն իրենց հեռաւորութեան հետեւեալ դասակարգումով՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրան (Ուրանոս) եւ Նեպտիւն (Պոսիդոն):
Բացի Արեւէն եւ Լուսինէն, կարգ մը մոլորակներ կարելի է տեսնել առանց աստղադիտակի:
Ըստ կարգ մը աստղագէտներու, Արեգակնային համակարգը ձեւաւորուած է շուրջ 4,57 միլիար տարի առաջ: Արեգակնային դրութիւնը լեցուն է նաեւ փոշիով եւ այլազան չափի քարերով: Անոնք անդադար կը ռմբակոծեն Երկրագունդի մթնոլորտը: Մէկէն երկու մեթր տրամագիծով քար կարելի է ակնկալել իւրաքանչիւր օր, որ կը փշրուի մթնոլորտին մէջ․․․ Աւելին⇒