Ուիքիփետիա:Նպաստել Ուիքիփետիային
Այս էջը կը հայթայթէ պէտք եղած տեղեկութիւնն ու աղբիւները հասկնալու, քննարկելու եւ խմբագրելու համար Ուիքիփետիայի մէջ: Եթէ պարզապէս կ'ուզես պրպտել կամ որոնել՝ տե՛ս Օգնութիւն:Փնտռել:
Ուիքիփետիայի նպատակը
ԽմբագրելՄեր նպատակը ստեղծել է առցանց, ձրի հանրագիտարան մը, բոլոր գիտաճիւղերը ներառած, փոխհասկացողութեան, գործակցական ու յարգանքի մօտեցումներով: Ուիքիփետիայի յօդուածի մը նպատակը ստեղծել է ընդարձակ եւ չէզոք ամփոփում մը գոյութիւն ունեցող նիւթի կամ գիտութեան շուրջ: Կը քաջալերենք մեր խմբագիրները ըլլան համարձակ իրենց խմբագրած ժամանակ, ըլլալով արդար եւ ճշգրիտ` օգտագործելով միայն ստոյգ տեղեկութիւն: Յօդուածները պէտք է ունենան հանրագիտարանային ոճ, պաշտօնական ոճով եւ ոչ շարադրական, գրական, կամ ծանուցողական ոճով: Ուիքիի հինգ հիմերը ճանչցուած ափմոփ կէտեր են Ուիքիփետիայի սկզբունքներուն շուրջ:
Սկսի՛նք
ԽմբագրելԻբր նոր խմբագիր, կրնան ստանալիք տեղեկութիւններդ շատ երեւիլ: Շատ մի մտահոգուիր եթէ բոլորովին հասկնալի չի թուի ամէն բան սկիզբէն, տրամաբանականութիւնդ գործածելով կրնաց կամաց-կամաց վարժուիլ ուիքի խմբագրման: Ուիքիփետիան ոչ միայն կ'արտօնէ որ ստեղծես, վերատեսութեան ենթարկես կամ խմբագրես յօդուածներ, այլ, կ'ուզէ որ այդ տիպի նուաճումներ ձեռք բերես: Պէտք է միշտ յիշել որ քեզմէ պահանջուածը անսխալութիւն կամ անբիծութիւն չէ, որովհետեւ Ուիքիփետիան ինքնին անընդհատ բարելաւման ընթացքին մէջ է: Համագործակցութեամբ կարելի է խմբագրել եւ հասցնել յօդուած մը իր լաւագոյն իրավիճակին:
Ծանօթանա՛նք եւ Սորվի՛նք
ԽմբագրելՄեր նպատակին հասնելու համար ունինք ահագին լայնածաւալ տեղեկութիւններով լի էջեր: Այս ներկայ էջէն անդին, ունինք նաեւ ծրագիրներու ծանօթացումի էջեր:
Ստեղծե՛նք հաշիւ մը
ԽմբագրելՊէտք չունիս հաշիւի մը Ուիքի յօդուածներ կարդալու համար: Նոյնիսկ պէտք չունիս հաշիւի մը Ուիքի յօդուածներ խմբագրելու համար: Գրեթէ ամէն մարդ կրնայ խմբագրել գրեթէ որեւէ յօդուած մը, երբ որ ուզէ: Սակայն, հաշիւ մը ստեղծելը ձրի է եւ ունի քանի մը առաւելութիւններ (օրինակ՝ էջ մը ստեղծելու հնարաւորութիւնը, վերբեռնել նկարներ ու տեսերիզներ, եւ խմբագրել առանց IP Հասցէդ հանրութեան հասանելի դարձնելու: Նոր հաշիւ մը ստեղծելու համար, սեղծմէ Ստեղծել հաշիւ եւ լեցուր յայտը: Այս ձեւով ստեղծած պիտի ըլլաս քու Ուիքի հաշիւդ եւ պիտի ինքնաբերաբար ետ վերադառնաս այս էջին:
Հասարակական նախագիծեր եւ պայմանադրութիւններ
ԽմբագրելՈւիքիփետիան չունի խիստ օրէնքներ եւ որեւէ էջ կարդալու պէտք չկայ խմբագրելէ առաջ, բայց կարգ մը չափանիշներ եւ վերաբերմունքի ակընկալումներ ներկայ են: Ընդհանրական ընկերային կանոններու հետեւիլը ստիպողական է բոլոր խմբագիրներուն, որովհետեւ Ուիքիի հասարակական գաղութը կազմուած է մարդոցմով որոնք կ'ապրին տարբեր երկիրներու եւ մշակոյթներու մէջ, եւ ունին իրենց անձնական կարծիքներն եւ տեսակէտները: Բոլոր խմբագիրները պարտին զիրար հետ վարուիլ յարգանքով, համահունչ միասնաբար գործակցին, եւ կանխարգիլեն որեւէ անընդունելի, անիրաւ կամ գանդիչ վերաբերմունք:
Օրէնքները, ցուցմունքները եւ կառոյցի սովորութիւնները Ուիքի հասարակութեան կողմէ մշակուած են, որպէսզի ամէնէն ազդեցիկ, լաւագոյն եւ յստակ ձեւերով հարցեր լուծելենք եւ նպատակներուն հասնինք: Ասոնք պարզապէս Ուիքիի օրէնքներ են, ոչ թէ սահմանադրութիւն մը: Այս օրէնքները ճկուն են, եւ բոլոր պարագաները նկատի չեն առներ: Պէտք է վերլուծուին տրամաբանութեամբ, եւ ոչ թէ գործադրուին առանց որեւէ մէկ ուրիշ կարծիքի: Ուիքին առցանց հանրագիտարան մըն է, որ նաեւ կը նշանակէ որ կան կամաւոր հասարակական խումբ մը, որոնց նմատակն է լաւորակ եւ բոլորվին հասանելի տեղեկութիւն տեղադրել Ուիքիի վրայ: Ուրեմն, Ուիքին շատ բաներ է, բայց կարգ մը սահմաններ պէտք է յարգուին:
Արծարծել եւ համաձայնիլ
ԽմբագրելՎարագոյրներու ետեւ, մեծ թիւով կամաւոր խմբագիրներ կան որոնք կ'աշխատին հանրագիտարանը մէջտեղ բերելու նպատակներով: Այս կը նշանակէ, որ միշտ չէ որ այս խմբագիրները խմբագրական բոլոր մօտեցումներուն համաձայն պիտի ըլլան: Այդ պատճառաւ ալ քննարկել, արծարծելն ու համաձայնիլը շատ կարեւոր է այս պարագային: Ամէն մէկ յօդուած Ուիքիի վրայ ունի իր քննարկման էջը՛ որ հասանելի է սեղմելով Քննարկում կոճակին վրայ, որ կը գտնուի ճիշդ վերնագրին վերը (օրինակի համար՝ Քննարկում:Մակի Սմիթ). Հոն՝ խմբագիրները կրնան արծարծել բարելաւման ձեւեր յօդուածին համար: Դո՛ւն ալ կրնաս մաս կազմել: Եթէ որեւէ մէկ փոփոխութիւն մը կատարես որ ուրիշ խմբագիր մը յետադարձէ այդ փոփոխութիւնը, կրնաս այդ խմբագրումդ քննարկման էջին վրայ արծարծեք: Կարգ մը խմբագիրներ այդ յետադարձումը պիտի ընկալեն իբր մարտահրաւէր, ուրեմն պէտք է փափկանկատ եւ համբերատար ըլլալ: Երբ կ'արծարծես խմբագրութիւններ ուրիշներու հետ, միշտ եղիր քաղաքակիրլ եւ լաւատես:
Գրեթէ բոլոր ուիքիի վրայ էջերը ունին իրենց քննարկման էջերը, ինչպէս հաշիւի էջը խմբագիրի մը: Երբ ուրիշ խմբագիրներ կ'ուզեն հետդ կապ հաստատել՝ կրնան քննարկման էջիդ վրայ գրել: Այդ պարագային, պիտի ստանաս ազդակ մը էջին վերը յաջորդ անգամ որ մուտք գործես Ուիքի: