Ուիքիփետիա:Ուղեցոյց

Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէ

Ներածութիւն Ինչպէս
Խմբագրել
 Ձեւաւորում Յղումներ Աղբիւրներ
աւելցնել
 Քննարկման
էջեր
 Միշտ
յիշէ՛
 Արձանագրութիւն Ամփոփում  

Հետեւեալ էջերը (տեսնել վերի էջանշանները) ուղեցոյցներ են Ուիքիփետիայի յօդուածներ խմբագրելու ոճին ու բովանդակութեան մասին։ Անոնք Ուիքիփետիայի համայնքին կը բացատրեն հանրագիտարանին հետ կապուած կարեւոր կանոնները, համաձայնեցուած ձեւերն ու ընթացակարգերը։ Այս հիմնական ու ամփոփ ուղեցոյց մըն է եւ ոչ թէ ծաւալուն ձեռնարկ կամ փոխադարձ կապով զարգացող ուսուցման միջավայր։ Այս ուղեցոյցին մէջ տեղ գտած իւրաքանչիւր տեղեկութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն ստանալու համար կարելի է կարդալու ժամանակ սեղմել նիւթին մէջ տեղադրուած եւ այլ տեղեկատուական էջեր տանող յղումները՝ զանոնք բանալով կայքի նոր պատուհանով եւ կամ էջանիշով։

Իբրեւ նոր խմբագիր կամ ներդնում ընող, բնական է որ այս կայքէջին սոսկ ծաւալն ու տարողութիւնը քեզ քիչ մը յոգնեցնէ։ Բնական է, որ նոր օգտագործողները առաջին իսկ վայրկեանին ամէն ինչ չհասկնան եւ անշուշտ ընդունելի է, որ խմբագրելու ընթացքին լուծումներ գտնելու համար դիմես քու տրամաբանութեանդ։ Ուիքիփետիան ոչ միայն քեզի առիթ կու տայ յօդուածներ ստեղծագործելու, վերանայելու եւ խմբագրելու, այլ նաեւ կը քաջալերէ, որ ընես այդպէս (տեսնել՝ եղէք համարձակ)։ Պարզապէս պէտք է յիշել, որ թէեւ կան բազմաթիւ կանոնակարգեր, կատարեալ նիւթ պատրաստելը պարտադիր պահանջ չէ, քանի որ Ուիքիփետիան միշտ շարունակուող աշխատանք է։ Համագործակցելով խմբագրել կը նշանակէ, որ ոչ ամբողջական կամ թերի գրուած յօդուածներու առաջին տարբերակները ժամանակի ընթացքին կրնան փոփոխուիլ ու վերածուիլ գերազանց յօդուածներու։

Ուիքիփետիայի յօդուածներուն նպատակն է ստեղծել համապարփակ ու առարկայականօրէն գրուած յօդուած, որ կ՛ամփոփէ տուեալ նիւթին մասին գոյութիւն ունեցող հիմնական գիտելիքները. Ուիքիփետիան չի հրատարակեր հեղինակային հետազոտութիւններ։ Իր բնոյթով, հանրագիտարանը կը հանդիսանայ երրորդ կողմի աղբիւր, որ կը տրամադրէ լայն աշխարհին համար արդէն իսկ հանրայնացած տեղեկութիւններու ամփոփում։ Հետեւաբար, մեր պահանջն է, որ այստեղ տեղադրուած տեղեկութիւնը ըլլայ հաւաստի ու քաղուած՝ արտաքին վստահելի աղբիւրներէ։ Իտէալական տարբերակով, ներկայացուած ամբողջ տեղեկատուութիւնը յղումներու միջոցով պէտք է վերագրուի արտաքին վստահելի աղբիւրներու։ Թէ՛ նոր յօդուածներ ստեղծելու եւ թէ արդէն իսկ հրատարակուած յօդուածներու բովանդակութիւնը աւելցնելու ժամանակ կարեւոր է պահպանել գրութեան հանրագիտարանային ոճն ու պաշտօնական ձայնը։ Ակնարկ, կարծիք կամ թէզ պաշտպանելու նպատակ ունեցող յօդուածներ ըլլալու փոխարէն, Ուիքիփետիայի յօդուածները պէտք է ունենան անաչառ, ուղղախօս, եւ միայն փաստերու վրայ հիմնուած ոճ։

Ուիքիփետիան չունի շատ խիստ օրէնքներ, սակայն անոր կանոնները, ուղեցոյցները, եւ ձեւաւորելու ընդունուած ձեւերը կը մշակուին համայնքին կողմէ, որպէսզի ներկայացնեն այս ոլորտին մէջ լաւագոյն փորձը, յստակեցնեն սկզբունքները, լուծեն անհամաձայնութիւնները եւ այդպիսով առաջ տանին մեր ընդհանուր նպատակը։ Բոլոր խմբագիրներէն կ՛ակնկալուի յարգել ընկերային կանոնները։ Ուիքիփետիայի համայնքը կազմուած է բազմաթիւ երկիրներէ ու մշակոյթներէ եկող խմբագիրներէ, որոնք ունին երբեմն շատ տարբեր, նոյնիսկ հակադրուող աշխարհահայացքներ, հեռանկարներ, կարծիքներ ու ենթահողեր։ Խմբագիրները պէտք է յարգեն զիրար, ըլլան իրար հանդէպ ազնիւ ու բարեկամական, եւ խուսափին անընդունելի, խանգարող, հակասականօրէն միակողմանի, ինչպէս նաեւ՝ համակարգին նկատմամբ խաբեբայ վարուելակերպէ։