Ուրախ Հանգստարան
Ուրախ հանգստարան (ռում.՝ Cimitirul Vesel), հանգստարան մը Ռումանիոյ Մարամուրեշ (ռում.՝ Maramureș) կոմսութեան Սէփընցա գիւղին մէջ։ Յայտնի է իր վառ ու գոյնզգոյն շիրմաքարերով, որոնք զարդարուած են նայիֆ արուեստի ոճին բնորոշ ինքնատիպ նկարներով ու բանաստեղծական տողերով, որոնց մէջ ներկայացուած են թաղուած մարդերը կամ անոնց կեանքէն դրուագներ։ Հանգստարանը դարձած է թանգարան մը բաց երկինքին տակ եւ զբօսաշրջութեան ազգային կեդրոն։
Սա հանգստարանին առանձնայատկութիւնն անիկա է, որ անոր ընդհանուր տեսքը կը հակասէ Եւրոպային մէջ մահուան՝ որպէս սգալի ու մռայլ երեւոյթի ըմբռնմանը։
2009 թուականէն կ'անցկացուէ «Երկար Ճամբայ դէպի Ուրախ Հանգստարան» փառատոնը[1]:
Հիմնադիր
ԽմբագրելՈչ սովորական հանգստարանի հիմնադրումը կը կապուէ Սթան Եոան Փէթրաշին (ռում.՝ Stan Ioan Pătraş) անուան հետ։ Ան տեղաբնակ մըն էր, որ կը զբաղեր փայտի վրայ փորագրութեամբ։ 1960-ական թուականներուն հանգստարանին մէջ յայտնուեցան 800-էն աւելի կաղնեայ խաչեր, որ պատրաստուած էին Սթան Եոան Փէթրաշին կողմէ։ Անոր շիրմաքարին գրուած է՝
Իմ կեանքին ողջ ընթացքին
Ես վատութիւն ոչ մեկուն ըրած եմ...
ռում.՝ Cîte zile am trăit
Rău la nime n-am dorit
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Սթան Եոան Փէթրաշի (1908 - 1977) շիրմաքարը
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Satele Unite ale … Maramureșului, 16 august 2016, Carmen Anghel, Evenimentul zilei, accesat la 18 august 2016