Ուրար, նեղ ու երկար, շուրջ 3 մ երկարութեամբ եւ 10-12 սմ լայնքով գունաւոր եւ ծաղկաւոր երիզ, զոր ուրարակիրն ու սարկաւագը կը կրեն իրենց ձախ ուսին վրայ։ Ուրարը յունարէն «օրարիօն» բառն է, որ կը նշանակէ ոսկիով գործուած[1]: Ուրարը սովորաբար կ'ունենայ երեք խաչ. մէկը՝ ուսին վրայ, մէջտեղը, միւս երկուքը՝ ետեւէն ու առջեւէն։


Ուրարը կը տրուի օրհնութեամբ եւ ձեռնադրութեամբ: Անիկա սարկաւագին զգեստաւորման անհրաժեշտ մասը կը կազմէ:

Ուրարը կը խորհրդանշէ հրեշտակի թեւերը, որովհետեւ սարկաւագը կը կատարէ հրեշտակի պաշտօն: Ձախ ուսին ուրար կրելը նշան է, որ այդ կրօնաւորը Քրիստոս Աստուծոյ լուծը միայն կիսաչափ իր վրայ կը կրէ եւ տակաւին կարողութիւն չունի ամբողջութեամբ ստանձնելու։

Տօնական եւ հանդիսաւոր օրերուն կ'օգտագործուին երեք մարդու հասակով երկայնք ունեցող եւ երեքի փոխարէն հինգ խաչ ունեցող ուրարներ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել