Ուրուկուէի Հայերը

Ուրուկուէի Հայերը (անգլերէն՝ Armenians in Uruguay), հայկական համայնք Ուրուկուէի Հանրապետութեան մէջ։ 1992 թուականին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ուրուկուէի Արեւելեան Հանրապետութեան միջեւ։ Հայերու թիւը շուրջ 15 հազար է։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հայերը Ուրուկուէի մէջ սկսած են հաստատուիլ 19-րդ դարէն։ 1835 թուականին, կը յիշուի առաջին անունը՝ Խուան Ակուստին Աքսարեան, իսկ 1850 թուականին՝ երեք կալուածներու տէր Մարիա Պելինճեանը։ Մոնթէվիտէօ եկած աոաջին հայ տարագիրներէն են՝ վասպուրականցի Մանուկ Ազարեանը (1890), խարբերդցի Յովհաննէս Մրջնիկեանը (1900)։ Մինչեւ 1900 թուականը Ուրուկուէյ գաղթած է 15 հայ։

1912 թուականէն սկսած Մոնթէվիտէօ, եկած են զգալի թիւով մարաշցիներ, քեսապցիներ, այնթապցիներ, զէյթունցիներ, կեսարացիներ, եօզկատցիներ։ Ուրուկուէի մէջ հաստատուած առաջին հայերը գբաղած են առաւելապէս դերձակութեամբ, կօշկակարութեամբ եւ մանր առեւտուրով։

 
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար «Արմենիա» հրապարակին մէջ

Համայնքը սկսած է կազմաւորուիլ 1920-ական թուականներուն, երբ Մեծ եղեռնէն փրկուած եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ, ապաստանած հայ գաղթականներու ստուար խումբեր հաստատուած են Ուրուկուէի մէջ։ 1923 թուականին, 35 հոգիէ բաղկացած նախաձեռնող խումբը հիմնած է ուրուկուահայութեան առաջին ագգային կառոյցը՝ Գաղութային Միութիւնը։ Ընտրուած է միութեան վարչութիւն (5 հոգինոց), որուն անդամակցած են Կարապետ Զատիկեան (ատենապետ), Արամ Ղուկասեան, Յովհաննէս Աթէշեան, Ծերուն Գոլթուկեան եւ Երուանդ Քառամեան։ Նոյն թուականին, Մոնթէվիտէոյի Սերրօ կոչուող թաղամասին հայերը գնած են տուն մը, որ ծառայած է իբրեւ եկեղեցի եւ դպրոց։ Տեղի հայութեան թիւը եղած է մօտ 3 հազար։

Գաղութը աւելի ստուարացած է 1926 թուականին, երբ սկսած է հայ գաղթականներու երկրորդ ստուար հոսքը Ուրուկուէյ։ Գաղութային մարմինը, Ուրուկուէի կառավարութեան որոշմամբ, պաշտօնապէս ճանչցուած է 1930, Յուլիս 9-ին, Հայ գաղութային ընդհանուր միութիւն անուանումով։ 1931 թուականին, գաղութի մարդահամարի տուեալներով, Ուրուկուէի մէջ բնակած է 4 հազար հայ։

1930-ական թուականներուն Մոնթէվիտէոյի մէջ հիմնուած են բագմաթիւ հայրենակցական, բարեսիրական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ, գործունէութիւն ծաւալած են հայ ագգային կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւնները։ Բարելաւուած է գաղութի տնտեսական վիճակը։ 1940-ական թուականներու սկիզբին, Ուրուկուէի մայրաքաղաքը շուրջ 1200 հայ ընտանիք կ՚ապրէր (մօտ 6 հազար մարդ), գաղթած՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն ու բնակավայրերէն։

Ուրուկուահայութիւնը իր մասնակցութիւնը ունեցած է հայրենանուէր գործերուն, դեռեւս Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, արձագանգելով Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գէորգ Զ.-ի կոչին, կազմակերպած է հանգանակութիւն «Սասունցի Դաւիթ» հրասայլերու շարասիւնին համար։ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք, ստեղծած է Հայաստանի օգնութեան ազգային յանձնախումբ։ 1992 թուականին, հիմնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ուրուկուէի յանձնախումբը։

Ուրուկուէյը աոաջին երկիրն է, որ 1965 թուականին, պաշտօնապէս ճանչցած է Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան փաստը՝ Ապրիլի 24-ը յայտարարելով «Հայ Նահատակներու Յիշատակի Օր»։ 1971 թուականին, Մոնթէվիտէոյի ծովեզերեայ հրապարակներէն մէկը, ուր զետեղուած է Մեծ եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձան-կոթող, կոչուած է Արմենիա, իսկ 1972 թուականին, անոր յարակից պողոտան՝ «Ռամպլա Արմենիա»։ «Արմենիա» անունը կրող հրապարակ կայ նաեւ Փիրիապոլիս ծովեզերեայ քաղաքին մէջ։

1986 եւ 2015 թուականներուն, Ուրուկուէի կառավարութիւնը հրապարակած է յատուկ դրոշմաթուղթեր Հայոց Ցեղասպանութեան 70-ամեակին եւ 100-ամեակին առիթով, իսկ 1987ին՝ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով։

2003 թուականին, ուրուկուահայութեան թիւը մօտ 15 հազար էր։ Կեդրոնացած են Մոնթէվիտէոյի մէջ։ Սակաւաթիւ ընտանիքներ կան նաեւ Փիրիապոլիս քաղաքին մէջ։ Հայերը հիմնականին մէջ կը զբաղին մանր առեւտուրով եւ արհեստներով։ Կան քանի մը խոշոր ձեռնարկատէրեր (կօշիկի գործարանատէրեր, մեծաքանակ առեւտրականներ եւ այլն), մասնագէտներ (իրաւաբաններ, բժիշկներ, հաշուապահներ, ճարտարագէտներ եւ այլն), պետական ծառայողներ (1960-ական թթ. երեք հայերը եղած են Մոնթէվիտէոյի քաղաքային խորհուրդի, երկուքը՝ երկրի դատական իշխանութեան անդամ), ինչպէս նաեւ՝ մշակոյթի գործիչներ։

Համայնքը կը ղեկավարէ եւ պաշտօնապէս կը ներկայացնէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կեդրոնական վարչական խորհուրդը։ Կը գործեն մէկ առաքելական, մէկ կաթոլիկ եւ երկու աւետարանական եկեղեցիներ, երկու ամէնօրեայ վարժարան, հայ ագգային կուսակցութիւններու (ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՌԱԿ) տեղական կազմակերպութիւնները իրենց միութիւններով ու ակումբներով, հայրենակցական, բարեգործական, մշակութային եւ երիտասարդական միութիւններ։ Կան հայկական պարախումբեր, երգչախումբեր, նուագախումբեր եւ թատերախումբ։ Գոյութիւն ունին հայկական երկու ռատիոժամեր՝ «Կոմիտաս» եւ «Արաքս»։

 
Յուշարձան նուիրուած հայոց ցեղասպանութեան, Մոնտեվիդեո, քանդակագործ` Ներսէս Ունանէան
 
Մոնթէվիտէոյի «Արմենիա» հրապարակի «Արծիւ» քանդակը, քանդակագործ` Ներսէս Յունանեան

Գաղութին մէջ գործող մտաւորականներէն յիշատակելի են՝ Յակոբ արք. Գըլընճեան (աստուածաբանութիւն), Յարութիւն ծ. վրդ. Թէքէեան (բառարանագրութիւն), Դանիէլ Գարամանուկեան եւ Ալպերթօ Տիւրէճեան (պատմութիւն), Յովհաննեէս Բոդուկեան (գրականութիւն), Պետրոս Քէօրօղլեան (իրաւագիտութիւն)։ Մարզական կեանքին մէջ, ծանօթ անուններ են Ուրուկուէի ճատրակի բազմակի ախոյեան Մանուէլ Տինաւորեանը եւ ծանրամարտիկ Խերման Թոզճեանը։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Կաղապար:Հայկական սփիւռք

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։