Չէքիճում
Չէքիճումը, Ուրֆայի ամէնէն ժողովրդական խաղերէն է, որ խորքին մէջ բաւական կոշտ խաղ մըն է եւ կը խաղցուի այր մարդոց կողմէ։
Խաղցողներէն մէկը կորաքամակ կը չոքի, ձեռքերը սրունքներուն վրայ դրած։ Այս անձը «պառկող»ն է։ Խաղընկերները մէկ առ մէկ վրայէն պիտի ցատկեն եւ իւրաքանչիւրը իրաւունք ունի ցատկած պահուն իր ափով ամուր զարնել - «շափլամա» մը տալու - «պառկող»ին կռնակին։ Ասկէ ետք, նոյն խաղընկերները դարձեալ մէկ առ մէկ «պառկողին» վրայ կը նետուին։ Առաջին նետուողը պէտք է փորձէ ոտքերը գետին չդնել, չիյնալ, եւ մինչեւ նախապէս ճշդուած ժամանակ մը այդ դիրքով մնալ «պառկող»ին վրայ։ Եթէ չյաջողի, ապա ինք կը դառնայ «պառկող»։ Եթէ յաջողի, ապա կարգը կու գայ յաջորդ խաղընկերոջ նետուելու «պառկող»ին վրայ։ Իսկ եթէ պատահի որ «պառկող»ը ընդհանրապէս չդիմանայ եւ իր վրայի բեռան տակ տապալի, այն ատեն պարտուած կը հռչակուի[1]։